Խմբագրական. Արձանագրութիւններու Յետս Կոչման Ընդառաջ Սահմանադրական Դատարանի Ամրագրումները Առանցք` Մշակելի Փաստաթուղթին (Դ. Վերջ)
Ցիւրիխեան ստորագրութիւնները, ըստ ընթացակարգի պէտք է հաստատուէին իրենց սահմանադրականութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ: 2010-ի սկիզբը Սահմանադրական դատարանը հաստատեց, որ արձանագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան, սակայն աւելցուց, որ արձանագրութիւններու կէտերը չեն կրնար վերաբերիլ Հայոց ցեղասպանութեան հաւաստիութեան եւ արցախեան հակամարտութեան ու անոր լուծման: Այս եզրակացութիւնը բնականաբար Անգարան պիտի շահարկէր եւ յայտարարէր, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը կը հակասէր արձանագրութիւններու ոգիին...




















