Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատգամաւորական Հանդիպումներ Մարտունի Քաղաքին Մէջ

April 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Վահրամ Բալայեան հանդիպումներ ունեցած են  Մարտունի քաղաքին մէջ եւ պատգամաւորական հաշուետուութեամբ հանդէս եկած են Մարտունիի շրջանային հիւանդանոցին ու շրջանային կեդրոնի դպրոցներու ուսուցչական անձնակազմերուն համար:

Հանդիպումներուն սկիզբը պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան նախ շնորհաւորած է ներկաները` Արցախեան շարժումի 30-ամեակին եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով` շեշտելով, որ անցեալը արժեւորելով, կը ճշգրտուին նաեւ ապագայի ուղղութիւնները: Այնուհետեւ Դաւիթ Իշխանեան ներկայացուցած է անցեալ տարի նոյն անձնակազմին հետ հանդիպումներէն ետք Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ յատկապէս «Դաշնակցութիւն»  խմբակցութեան ծաւալած գործունէութիւնը` մանրամասնելով նախորդ տարիներուն հետ բաղդատած պետական պիւտճէին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, բնապահպանութեան, ընկերային երաշխիքներու, ուժանիւթի եւ մարզերու մէջ ընդունուած օրէնքները, նաեւ Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք կատարուած կառուցուածքային փոփոխութիւնները:

Դաւիթ Իշխանեան խօսած է Արցախի եւ այլ երկիրներու միջեւ միջխորհրդարանական, բարեկամական կապերու եւ շրջանակներու  ընդլայնման մասին: «ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Արցախի ներկայացուցչութեան ջանքերով յաջողած ենք  երկու կարեւոր բարեկամական խումբ եւ շրջանակ ձեւաւորել Ուալոնիոյ եւ Ֆլանտրիոյ նահանգային խորհրդարաններու մակարդակով», նշած է Դաւիթ Իշխանեան: Ան «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան գործունէութենէն նշած է բնակչութեան հետ հանդիպումները եւ յառաջացած խնդիրները գործադիր մարմիններուն հետ քննարկելը:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան իր ելոյթի ընթացքին անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ քաղաքացիներու  անվտանգութեան վերաբերող հարցերուն: «Մեր անվտանգութեան պահպանման լաւագոյն միջոցներէն մէկը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը եւ անոր համարկումն է աշխարհին, որուն առումով 6-րդ գումարման Ազգային ժողովը լուրջ աշխատանքներ կը կատարէ», ըսած է Վահրամ Բալայեան` աւելցնելով, որ Ազգային ժողովը ունի բարեկամական խումբեր, որոնք սերտ յարաբերութիւններու  մէջ են Ֆրանսայի, Լիթուանիոյ, Ուալոնիոյի, Ֆլանտրիոյ խորհրդարաններու հետ: Վահրամ Բալայեանը նշած է նաեւ, որ վերջին երկու տարիներուն Արցախ այցելած են 32 պատգամաւորական պատուիրակութիւններ, որոնք այնուհետեւ դարձած  են Արցախի բարեկամներ:

Ապա ներկաները պատգամաւորներուն ներկայացուցած են զիրենք յուզող հարցերը: Մարտունիի շրջանային հիւանդանոցի բժիշկներուն կը մտահոգէին նոր սարքաւորումներու, հրաւիրեալ մասնագէտներու համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման հարցերը, իսկ ուսուցիչները բարձրաձայնած են քաղաքային պաշտպանութեան, դպրոցական ծրագիրներու վերաբերող հարցեր:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները խոստացած են համապատասխան պատասխանատուներու հետ քննարկել եւ լուծումներ տալ բարձրացուած հարցերուն:

Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը Արցախի Հայ օգնութեան միութեան «Աշանի» մասնաճիւղի անդամներու ներկայութեամբ, Մարտունիի շրջանային բժշկական միաւորումին յանձնուած են հիւանդանոցի աշխատակիցներու համար նախատեսուած առարկաներ, որոնք տրամադրուած են ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Նախորդը

Վիգէն Սարգսեան. «Կառավարութիւնը Կը Կատարէ «Ազգ-Բանակ» Հայեցակարգը Կեանքի Կոչելու Չորրորդ Կարեւոր Քայլը»

Յաջորդը

Քոնկրեսականները Թրամփը Յորդորած Են Ապրիլի 24-ը Սահմանել Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.