Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժընեւի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի` «Յիշողութեան Լապտերներ»-ու Բացման Հանդիսութիւն

Ապրիլ 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատը` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, յիսնամեակէ մը ի վեր միջազգային քաղաքական բեմահարթակի վրայ է: Պետութիւններու կողմէ ճանաչման մակարդակէն, յուշակոթողներու եւ խաչքարերու զետեղումէն, պողոտաներու եւ փողոցներու անուանումէն, հասնելով մինչեւ գիրքերու ու օտարալեզու հրատարակութիւններու, դրոշմաթուղթերու եւ մետալներու հրապարակման:

Զուիցերիահայ գաղութի հիմնական կորիզը կազմուած է Եղեռնէն ճողոպրած շուրջ երկու հարիւր որբերէ, որոնք  աւետարանական մարդասէր պատուելիի մը` Անթոնի Քրաֆթ-Պոննարի խնամքին արժանացած էին, ասիկա արդէն պերճախօս վկայութիւնն է Ցեղասպանութեան:

Եւրոպայի կեդրոնը` Ժընեւ, հայ իրականութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մամուլի` «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան վայր, հոս ապրած են հայ մտաւորականներ, ուսանողներ, առեւտրականներ:

Ժընեւը միջազգային քաղաք է, ուր ծնունդ առած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որուն  մասնաճիւղը ցարդ կը գործէ հսկայ տարածքի մը վրայ, այստեղ հիմնուած է նաեւ Միջազգային կարմիր խաչ կազմակերպութիւնը, Ժընեւը նստավայրն է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին:

Այս հանրայայտ հաստատութիւններու կեդրոններուն մօտ գտնուող Թրամպլէ զբօսայգին երէկ, 13 ապրիլի երեկոյեան, դարձաւ հայ ժողովուրդի մեծ գողգոթան յիշատակող վկայարաններէն մին` «Յիշողութեան լապտերներ» յուշակոթողի բացումով:

Նախագիծը, որուն հեղինակն է ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեան, կը բաղկանայ տասը մեթր բարձրութեամբ իրարմէ հեռու զետեղուած ինը լապտերներէ, որոնք ունին արցունքաձեւ ելեկտրական լամբեր, կայմերուն վրայ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով քանդակուած է Ժանին Ալթունեանի հեղինակած հատորէն քաղուածքներ` անոր գաղթական հօր յուշերէն:

2011 թուականին որոշուած եւ պատրաստուած այս յուշակոթողը դատական ճանապարհ կտրած է մինչեւ իր կայանը` Թրամպլէ զբօսայգի հասնիլը: Ցեղասպան թուրքին կողմէ իր ոճիրի յիշատակութեան, հետքերու ու փաստերու բեկանման ճիգերուն յաղթահարելը տարիներ խլեցին, յուշակոթողը նախատեսուած էր կանգնեցնել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պարտէզին մէջ, սակայն թրքական ճնշումներուն տակ կեդրոնի պատասխանատուները պատճառաբանեցին, թէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ժողովուրդները իրարու մօտեցնելու նպատակին կոչուած է: Ապա առաջարկուեցաւ մօտակայ Թրամպլէի զբօսայգին, այս անգամ շրջանի բնակիչները բողոքած էին` պատրուակելով, թէ իրենց զբօսանքի վայրը պիտի քաղաքականանայ: Ի վերջոյ 2018-ի յունուարին Ժընեւի դատական ատեանը մերժեց բողոքը:

Հանդիսութեան բացման ներկայ էին շուրջ հազար զուիցերիահայեր, ոմանք եկած էին Պերնէն եւ Լոզանէն: Ներկաները ողջունեցին Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրը, Ժընեւ նահանգի գործադիր իշխանութեան անդամները, երեփոխաններն ու արուեստագէտ Մելիք Օհանեանը:

«Տլէ եաման»-ը տուտուկով  մեկնաբանեց Արայիկ Մխիթարեան, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժընեւի քաղաքապետութեան կողմէ այս ծրագիրին պատասխանատու հիմնարկին` «Քոնթեմփորէն»-ի ներկայացուցիչ Միշել Ֆրիպուրկաուս, որ նաեւ հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց: Ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրուեցաւ յուշակոթողի հեղինակ Մելիք Օհանեանը, որ ըսաւ, թէ իր հայորդիի զգացումներէն մեկնած յղացած է այս յուշակոթողը, որ ո՛չ միայն հայոց, այլ Ցեղասպանութիւնը ճաշակած ազգերու յիշատակն է, որ կը ներկայացնէ:

Փոխնիփոխ խօսք առին ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինէն Սթեֆըն Քրիսթընսըն եւ Վահէ Կապրաշ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին այս յաջողութեան ետին կանգնած բոլոր աշխատողներուն: «Արմենիա» հիմնարկի նախագահ Վահէ Կապրաշ` սփիւռքահայու ընտելացումին ակնարկելով, անոր կեանքը նուաճելու տեսլականը հաստատեց:

Յաջորդաբար  խօսեցան Ժընեւի քաղաքապետութեան մշակոյթի եւ մարմնամարզի պատասխանատու Սամի Քանաան եւ Ժընեւի քաղաքապետ Ռեմի Բականի, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս յուշակոթողի կանգնեցման ուշացման դիմաց ցուցաբերուած համբերութեան համար` աւելցնելով, որ Ժընեւը խաղաղութեան ու երկխօսութեան քաղաք է եւ կը յարգէ նահատակուած ժողովուրդները:

Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետութեան` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակարանի այս իրագործումին առիթով:

Շնորհակալութիւն եւ պատիւ բոլոր անոնց, որոնք այս ձեռնարկը իրականացուցին, անոնք արժանի են մեր Սուրբ նահատակներուն օրհնութեան:

Ժընեւ

Թուրքիա Կը Բողոքէ «Յիշողութեան Լապտերներ»-ու Բացման Դէմ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսուրի թերթի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Ժընեւի մէջ «Յիշողութեան լապտերներ» կոթողի բացման` դիտել տալով, որ անոնք կը խորհրդանշեն «հայերուն յերիւրանքները»: Ըստ անոր, ասիկա Ժընեւի քաղաքապետութեան կողմէ կատարուած շինարարական պարզ աշխատանք մը չէ, այլ միակողմանի մօտեցում` կարգ մը քաղաքական գործիչներու, որոնք չեն գիտեր պատմութիւնը եւ այս հարցին նկատմամբ կանխատրամադրուած մօտեցում ունին` առարկայականութենէ հեռու:

Համի Աքսուրի յայտնած է, որ այս կոթողը կը ներկայացուի իբրեւ արուեստի գործ, սակայն խորքին մէջ ան ճամբայ կը բանայ իշխանութիւններուն կողմէ 1915-ին վերաբերող «հայերուն յերիւրանքներու» ճանաչման` դիտել տալով, որ «հայերը այս բոլորը կը ներկայացնեն իբրեւ բացարձակ իրականութիւն, սակայն խորքին մէջ ասիկա պատմութիւնը միակողմանի կերպով կարդալ կը նշանակէ»:

 

Նախորդը

Հանրահաւաք` «Ազատութիւն» Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Հայ Դատը Կոչ Կ՛ուղղէ` Զօրակցելու Թրամփի Ուղղուած` Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նամակին

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?