Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (21). Արտակ Սարգսեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Գործող Լրատուական Դաշտը

April 16, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի նախագահ Արտակ Սարգսեան:

Ա. Սարգսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող լրատուական դաշտը` սկսելով պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան նշեց, որ պատկերասփիւռի կայանները Հայաստանի լրատուական դաշտին մէջ գերակայ աղբիւր են, որովհետեւ կը ներկայանան իբրեւ ժողովուրդին 70 առ հարիւրէն աւելիին լրատու աղբիւրը:

Ա. Սարգսեան նշեց, որ ներկայիս պատկերասփիւռի կայանները ունին նաեւ իրենց յատուկ կայքերը եւ «Եու թիուպ»-ի ցանցին վրայ կը տեղադրեն իրենց յայտագիրները, որոնց մարդիկ կը հետեւին:

Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ  մարզային պատկերասփիւռի կայաններու դրութիւնը, որուն լսարանը համեմատաբար աւելի փոքր է:

Ան ակնարկեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ կան  համացանցային պատկերասփիւռի կայաններ, որոնք ընդհանրապէս Արեւմուտքի կողմէ կը ֆինանսաւորուին եւ երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ստեղծման պարագային անոնք մեծ լսարան կ՛ունենան:

Արտակ Սարգսեան նշեց նաեւ, որ կան պատկերասփիւռի վեց հայկական կայաններ, որոնք կը սփռուին Միացեալ Նահանգներու մէջ` նկատի ունենալով անոր հայաշատ գաղութ ըլլալը:

Ան ակնարկեց նաեւ տպագիր մամուլին` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ անիկա բաւական ետ մնացած է` նկատի ունենալով կայքերու աշխուժութիւնը եւ երկրին մէջ համացանցի գրեթէ 90 առ հարիւր ծածկոյթը:

Ան դիտել տուաւ, որ այժմ ընկերային ցանցերուն տիրութիւնը, պատկերասփիւռի կայաններու կայքերուն փոխադրութիւնը դէպի ընկերային ցանցեր եւ անոնց արագ տարածումը ժողովուրդին մէջ նաեւ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ տպագիր մամուլին վրայ:

Ա. Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ ձայնասփիւռի կայաններուն դերակատարութեան` բաղդատութիւններ կատարելով տասնեակ տարիներ առաջ անոր գործունէութեան եւ ներկայիս անոր կատարած աշխատանքին միջեւ:

Ա. Սարգսեան խորհուրդ տուաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն մասնագիտանալու լրագրութեան մարզին մէջ եւ դառնալու արհեստավարժ լրագրողներ, որպէսզի հայկական լրագրութիւնը վերահաստատէ եւ ամրապնդէ իր դերակատարութիւնը:

Նախորդը

Դիմաւորել 100-ամեակը 14. Հայ Եկեղեցականը Հայրենակերտման Ճակատին Վրայ

Յաջորդը

Երկրորդ Տարին Ըլլալով . «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.