Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարէն Կարապետեանը` Աղուան Վարդանեանին. «Ունինք Բաւական Յուսադրող Թիւեր Եւ Չենք Թաքցներ, Որ Մեր Համախմբական Դաշինքը Անոնցմով Բաւարարուելու Իրաւունք Ունի»

April 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանին եւ համախմբական  կառավարութեան բոլոր անդամներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց մէկուկէս տարուան արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:

«Կը կարծեմ` ձեր գործունէութեան առաջին արդիւնքները ակնյայտ ու յուսադրող են», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նոր կառավարութեան կազմաւորումէն առաջ կ՛ուզէի ամփոփէիք, թէ որո՞նք են այս կառավարութեան հիմնական յաջողութիւնները, ձեռք բերուած տնտեսական ցուցանիշները, ո՞ր ուղղութիւններով ընելիքներ շատ ունինք, որպէսզի սկսած վճռական բարեփոխումները դառնան որակական ու հասանելի Հայաստանի քաղաքացիներու աւելի լայն հատուածին»:

Կարապետեան ըսաւ, թէ շնորհակալ է տրուած հարցումին եւ գնահատականին  համար: «Ցաւօք, այն թիւերը, որ ունինք, Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի չի զգար, բայց կամայական տնտեսական համակարգի համար այդ թիւերը բաւական յուսադրող են, եւ ինչ որ առումով մենք չենք թաքցներ, որ մեր համաձայնական դաշինքը բաւարարուելու իրաւունք ունի: Համախառն ներքին արդիւնքի 7,5 առ հարիւր աճ, արդիւնաբերութեան 12,6 առ հարիւր աճ, 25 առ հարիւր  արտահանութիւն, 29 առ հարիւր ներածում, 28 առ հարիւր արտաքին առեւտրական շրջանառութիւն եւ այլն», ըսաւ ան:

Վարչապետը նշեց, որ առաջին երեք ամիսը տակաւին ամփոփուած չեն, բայց երկու ամսուան տուեալներով` ունին տնտեսական աշխուժութեան աճ` 8,6  առ հարիւր, որ կ՛ենթադրէ, թէ Համախառն ներքին արդիւնքը անոր մօտ պիտի ըլլայ:

Կարապետեանի համաձայն, իւրաքանչիւր նախարարութիւն, սեղմ իմաստով, ունի իր տեսլականը, թէ ի՛նչ ընթացք պէտք է ունենայ:

«Մենք բաւական երկար աշխատած ենք «2030» ծրագիրին վրայ, որ ներկայացուցած եւ զեկուցած ենք հանրապետութեան նախագահին եւ մօտ ժամանակներս պիտի ներկայացնենք հանրային քննարկումներու: Քրտնաջան ու հետեւողական աշխատանք պահանջող ծրագիր է: Անիկա ծանր ծրագիր է, բայց` իրագործելի, մենք մեր առաւելագոյն ներուժը պէտք է ներգրաւենք», ըսաւ վարչապետը:

Կարապետեան նաեւ նշեց, որ կ՛ակնկալեն սահմանադրութեան փոփոխութեամբ եւ կառավարման նոր համակարգով ունենալ քաղաքական որոշակի երկխօսութիւն, որ իրաւունք կու տայ  երկարատեւ ծրագիրներ իրագործելու եւ ամբոխահաճութեան քիչ տեղ տալու:

 

Նախորդը

Աշխատանքային Խորհրդակցութիւն` Արցախի Մէջ Լիբանանահայ Գործարար Շրջանակներու Մասնակցութեամբ Տնտեսական Ֆորում Կազմակերպելու Շուրջ

Յաջորդը

Շարմազանով. «Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Վարչապետի Թեկնածու»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.