Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՞վ Կը Հաւատայ, Որ Մէկ Գիշերուան Մէջ Մէկը Կրնայ Քսան, Երեսուն Տարուան Կուսակցական Իր Գաղափարներն Ու Գործունէութիւնը Մոռնալ Եւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Մաս Կազմել» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Ապրիլ 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր դարձաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թոք աֆ տը թաուն – Հատիս էլ Պալատ» յայտագիրին հիւրը:

Ընկերային բնոյթ ունեցող այս յայտագիրին ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք երրորդ անգամն է, որ կը հիւրընկալուի այդ յայտագիրին կողմէ:

Ապա հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ընտրական կարգախօսն է «Միասնաբար, ամբողջ Լիբանանի համար»:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն միայն մէկ կուսակցական թեկնածու առաջադրելու որոշումին անդրադառնալով, երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 50 տարիէ ի վեր կուսակցական միայն մէկ թեկնածու առաջադրելու աւանդութիւնը կը շարունակէ` աւելցնելով, որ 2000-ի ընտրութիւններուն միակ անգամ էր, որ երկու կուսակցական թեկնածուներ առաջադրուած են ՀՅԴ-ի կողմէ:

«Սկզբունքը այն է, որ կազմուի Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որուն անդամները կուսակցականներ չըլլան, այլ ներկայացնեն լիբանանահայութեան տարբեր շերտերը, ինչպէս նաեւ համաձայն ըլլան հայկական այլ կուսակցութիւններու հետ: 1992-ին եւ 1996-ին Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածու առաջադրուած էր եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին մաս կը կազմէր: Սակայն նկատի ունենալով, որ ընտրական այս օրէնքը հնարաւորութիւններ չ՛ընձեռեր, որպէսզի բոլորս միասնաբար մեր թեկնածութիւնը առաջադրենք, մենք կրցանք համաձայնութիւն գոյացնել Հնչակեան կուսակցութեան հետ` Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ նոյն ընտրացանկին վրայ ըլլալու եւ երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանը ո՛չ միայն Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուն նկատելու, այլեւ` Մուսթաքպալ հոսանքին ներկայացուցիչը», յայտնեց ան:

Մեթնի մէջ երեսփոխան Միշել Մըրի, Ազգային ազատ հոսանք եւ Ղովմի կուսակցութիւններուն միջեւ ընդարձակ դաշինք մը գոյացնելու ՀՅԴ-ի ճիգերուն ձախողութեան պատասխանատուութեան եւ երեսփոխան Մըրը ջնջելու պայքարին մասին հարցումներուն պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այս կամ այն քաղաքական ուժը կամ անձնաւորութիւնը ջնջելու պատերազմներ ու պայքարներ եզրը գործածելու ժամանակաշրջանը աւարտած է:

Ան նշեց, որ Մեթնի մէջ ընդարձակ դաշինք կարելի չէ եղած գոյացնել ընտրական օրէնքին պատճառով: «Քուէներու մօտաւոր հաշուարկի հիման վրայ ի յայտ եկաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մըրի միջեւ ընտրական շահեր չկան, հետեւաբար ընդարձակ դաշինքի նախաձեռնութիւնը չյաջողեցաւ: Ապա ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Մըրի հետ, եւ ծանօթ է բոլորին, որ մենք հինէն ի վեր բարեկամներ ենք, 56 տարուան բարեկամութիւն գոյութիւն ունի: Հանդիպումին ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ ո՛չ Մըրի, եւ ո՛չ ալ ՀՅԴ-ի շահերուն կը ծառայէ նոյն ընտրացանկին մաս կազմելը, որովհետեւ հաւանականութիւնը մեծ էր, որ կա՛մ Մըր եւ կա՛մ ՀՅԴ-ի թեկնածուն ձախողի: Անշուշտ այս մասին Մըր խոր հասկացողութիւն ցուցաբերեց եւ շեշտեց. «Ես չեմ, որ 50 տարուան բարեկամութենէ ետք ՀՅԴ-ի թեկնածուն կը ձախողեցնեմ», եւ Մեթնի հայ առաքելական թեկնածու մը չառաջադրեց: Ի դէպ 2009-ին` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ կազմած իր ընտրացանկին մէջ եւս, Մըր Մեթնի հայ առաքելական թեկնածու մը չառաջադրեց», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ընտրական նոր օրէնքին գործադրութեան ակնարկելով, երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ներկայ բաժանումներով ՀՅԴ-ի համար շատ աւելի յարմար էր մեծամասնական ընտրական օրէնքին` 1960-ի  ընտրական իսկական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կատարել: «Բայց եւ այնպէս, այս ընտրութիւնները աւելի յուսադրիչ են, քան 2000-ի, 2005-ի եւ 2009-ի ընտրութիւնները, որովհետեւ աւելի մեծ թիւով երեսփոխաններ ունենալու յոյսը մեծ է», ըսաւ ան:

Յայտագիրին ընթացքին նշուեցան Լիբանանի վարչակազմին զօրակցելու, երկխօսութեան ջատագովը ըլլալու, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը, որուն կողքին սակայն անդրադարձ կատարուեցաւ Քաղաքացիական ընկերութեան կողմէ

ՀՅԴ-ի ուղղուող այն ամբաստանութեան, որ Դաշնակցութիւնը Պուրճ Համուտը աղբերու մէջ խեղդած է:

Վերոնշեալ այս անդրադարձին երկրորդ բաժինին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ինք օրական դրութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ է` առաւօտեան ժամերէն ուշ գիշեր, հետեւաբար իրազեկ է տիրող կացութեան. ըստ անոր, մարդոց յիշողութիւնը թարմացնելու համար պէտք է ըսել, որ տարիներ շարունակ դէպի Պուրճ Համուտ բերուած էին այլոց աղբերը եւ գոյացած 45 մեթր բարձրութեամբ աղբի լեռ մը, իսկ 2016-ին Լիբանանը ողողած աղբերը հասած էին մարդոց պատշգամները: «Մենք փորձեցինք կառավարութեան հետ գործակցիլ ու լուծում մը գտնել աղբի տագնապին եւ վերացնել այդ աղբակոյտը: Ներկայիս Պուրճ Համուտի մէջ գոյութիւն ունի թափօններու թաղման վայր եւ ոչ թէ աղբանոց, իսկ եթէ այդ մասին կասկածներ կան, ապա կարելի է հարց տալ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին: Անշուշտ քննադատութիւնները այս օրերուն մեծաթիւ են եւ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ ընտրութիւններու շրջանին կը գտնուինք: Վեց ամիս կամ մէկ տարի առաջ հաւաքեցինք աղբը եւ զայն տեսակաւորումի ղրկեցինք, ապա կառավարութեան նիստին որոշում տրուեցաւ աղբակոյտը վերացնելու, եւ այսօր կը գործադրենք ծովեզերքի մաքրութեան ծրագիրը. այս մասին ոչ ոք կը խօսի, որովհետեւ հիմնական նպատակը Պուրճ Համուտը չէ: Երբ Պուրճ Համուտի մասին կը խօսին, կը մոռնան Ժտէյտէն, ուր նաեւ թափօններու թաղման վայր գոյութիւն ունի, բայց Ժտէյտէի մէջ Դաշնակցութիւն չկայ, Պուրճ Համուտի մէջ կայ, ուրեմն հիմնական նպատակը ՀՅԴ-ն է եւ ոչ` Պուրճ Համուտը: Այս մասին խօսող բոլոր անհատները կրնային խօսիլ, եւ վստահ, որ անոնք մեզմէ աւելի «զօրաւոր» էին, բայց ի՞նչ ըրին: Ճամբաները փակեցին եւ պատճառ դարձան, որ մարդիկ աղբի մէջ լողան», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց. «Եթէ ես որոշեցի այսօր «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հրաժարականս յայտարարել` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի պաշտօնէն եւ միացումս` Քաղաքացիական ընկերութեան, ո՞վ կը հաւատայ: Երբ դաստիարակութիւնդ, կեանքդ եւ գործունէութիւնդ` քսան, երեսուն տարուան ընթացքին կուսակցութեան մը նուիրուած է, եւ յանկարծ ընտրական պատճառներով ստիպուիս կուսակցութիւնդ ձգել, քաղաքացիական ընկերութիւն կը դառնա՞ս», հարց տուաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ քաղաքական առումով հայութեան կեանքը հիմնուած է հայկական տարբեր կուսակցութիւններուն վրայ, «եւ նկատի ունենալով այս իրականութիւնը, կը նախընտրենք, որ երեսփոխան ընտրուին հայկական կուսակցութիւններուն թեկնածուները` ըլլան անոնք կուսակցական կամ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուածներ, որպէսզի անոնք իսկական ներկայացուցիչները ըլլան հայկական իրականութեան», աւելցուց ան:

Ընտրական կաշառքին ակնարկելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ կաշառողէն շատ աւելի յանցաւոր է ա՛ն, որ իր քուէն կը ծախէ, որովհետեւ իր խիղճն ու արժանապատուութիւնը վաճառած կ՛ըլլայ, ապագայ սերունդներուն հաշուոյն մեծապէս սխալ կը գործէ եւ անոր արտօնուած է յաջորդող չորս տարիներուն լուռ մնալ:

Յայտագիրին ընթացքին Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկման նախօրեակին պէտք է յարգել այդ տարիներուն զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը անխտիր:

Ան ըսաւ նաեւ, որ շրջանին ժողովուրդները յանցաւոր են, որովհետեւ անոնք կ՛արտօնեն օտարներուն եւ Իսրայէլի, որ իրենց ներքին հարցերուն միջամուխ դառնան:

 

 

Նախորդը

Քոնկրեսականները Թրամփը Յորդորած Են Ապրիլի 24-ը Սահմանել Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Յաջորդը

Ակնարկ. Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?