ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Էտի Մաալուֆի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի առաջադրած թեկնածուներ Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գործակցութիւնը եւ կապերը մնայուն կերպով կը շարունակուին, «սակայն այս անգամ նախընտրեցինք, որ հանդիպումը կատարուի մեր կեդրոնին մէջ, որպէսզի բոլորին փաստենք, որ ամէնէն դժուար պայմաններուն ալ` սկսեալ 2005-էն, քաղաքական երկու ուժերը դաշնակից են, 2009-ին ալ այդպէս էին եւ այսօր ալ դաշնակից են: Մենք ներկայ իշխանութեան զօրակից ենք եւ անոր նեցուկ կը կանգնինք, բնականաբար մենք միասնաբար կը գործենք եւ երթը պիտի շարունակենք յառաջիկայ տասը, քսան տարիներուն: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր քուէարկողներուն` իրենց քուէն շնորհելու տուեալ ընտրաշրջանին մէջ գտնուող ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկերուն: Իսկ այն ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր ՀՅԴ-ի թեկնածուներ չկան, կոչ կ՛ուղղեմ անոնց` քուէարկելու ի նպաստ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրացանկերուն, որովհետեւ մենք միասնաբար կը գործակցինք ո՛չ միայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն, այլ նաեւ հայրենիքի կառուցման, պետականաշինութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարելու ի խնդիր: Փառք Աստուծոյ մեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատմութիւնը փտածութենէ հեռու է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Միւս կողմէ, նախարար Պասիլ յայտնեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին այցելած են ոչ թէ ընտրական դաշինք գոյացնելու համար, որովհետեւ ընտրական դաշինքը 2005-էն ի վեր առկայ է, այլ` հաստատելու, որ Ազգային ազատ հոսանքն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մէկ են այն համախմբումին մէջ, որ ամէնէն դժուար պայմաններուն դիմացաւ եւ գոյատեւեց: «Եւ ինչպէս ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, մենք միակ կուսակցութիւնն ենք, որ Դաշնակցութեան հետ ընտրական դաշինք ունինք ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Այս մէկը բնական է, որովհետեւ մենք մաս կը կազմենք խորհրդարանական նոյն համախմբումին եւ անկարելի է, որ իրարու չզօրակցինք», ըսաւ ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ առաջին անգամ երբ հանդիպած են իրարու, առանց մտածելու իսկ պայմանաւորուած են ամբողջ Լիբանանի տարածքին միասնաբար գործակցելու` ինչ ալ ըլլան ընտրական շահերը: «Այս դաշինքը հզօրացաւ, երբ կարելի եղաւ նկատի ունենալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ միացեալ թեկնածու Ալեքսանտր Մաթոսեանը: Եւ տարբերութիւն չկայ, թէ ո՛վ պիտի յաղթէ, որովհետեւ բոլորն ալ մաս պիտի կազմեն նոյն համախմբումին, որ պիտի կազմուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք», ըսաւ Պասիլ:
Իր կարգին, երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ մեր ընտրացանկերուն վրայ գտնուող բոլոր թեկնածուները միացեալ թեկնածուներ կը նկատուին:
Նախարար Պասիլ իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ իրենց համար կարեւոր է, որ լիբանանահայութիւնը իր արդար ներկայացուցչութիւնը կարենայ ապահովել` ո՛չ միայն խորհրդարանին մէջ, այլ նաեւ կառավարութեան եւ պետական հաստատութիւններուն` նկատի ունենալով, որ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի բաղկացնող հիմնական շերտերէն մէկը կը նկատուի: «Այս է այն երկար երթը, որ ՀՅԴ-ի հետ միասնաբար սկսանք անցեալին եւ պիտի շարունակենք ապագային», հաստատեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:




