«Հայ Քաղաքացիները Մեզի Համար Արժէք Են Եւ Ոչ Թէ Պարզապէս Անուն Մականուն, Սըժըլի Թիւ Եւ Քուէատուփ: Այն Օրը, Երբ Մենք Ձեզի Մօտենանք Իբրեւ Քուէատուփին Մէջ Քուէ Նետող Մարդերու` Մեր Երեսին Թքեցէք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:25-ին, Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ, ներկայութեամբ` ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ հոծ բազմութեան:
Հանդիպում-լսարանը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Ալեքս Պուէյրի, որ շեշտեց, թէ 128-ամեայ կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, եղած է հայ մշակոյթի, հայ դպրոցի, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ընտանիքի վահան ու առօրեայ դժուարութիւնները դիմագրաւող կուսակցութիւն:
ՀՅԴ-ն եղած է հայութեան դիմագիծը պաշտպանող կուսակցութիւնը, որ անհրաժեշտութեան պարագային զոհաբերած է նաեւ իր զաւակները: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը եղած է հայ ազգին պատիւը բարձր պահող կուսակցութիւն եւ ճիգ չէ խնայած հասնելու բոլորին անխտիր:
Պուէյրի շեշտեց, որ իրենք նեցուկ պիտի կանգնին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկելով եւ բարձրաձայն ըսելով, որ մեր քուէն միայն Դաշնակցութեան է:
Ապա ներկաները հետեւեցան վիտէոյի մը, որ կ՛ընդգրկէր քուէարկելու դրութեան բացատրութիւնը, թեկնածուներուն հակիրճ կենսագրութիւնն ու զոյգ կոմիտէներու շրջանի բնակիչներուն կարծիքները, որոնք հաստատեցին, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով պաշտպանած է զիրենք:
Այդ տեսակէտներուն ընդմէջէն ընդգծուեցաւ, որ Դաշնակցութիւնը 1890-էն` իր հիմնադրուած թուականէն ի վեր, հայ ժողովուրդին տէրն ու պաշտպանը եղած է եւ պայքարած անոր իրաւունքներուն համար:
Ժողովուրդին կարծիքներուն մէջ ի նպաստ ՀՅԴ-ին եւ ուրիշ ոչ ոքի քուէարկելու տրամադրութիւնը յստակօրէն շօշափելի դարձաւ:
Վիտէոյի ցուցադրութենէն ետք, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Ալեքսանտր Մաթոսեան շեշտեց, որ ինք հպարտ է հայ ըլլալով եւ ժողովրդային այս հանդիպումին մասնակցելով:
Ան վստահեցուց, որ իրենք հաստատակամ քայլերով կ՛ուղղուին դէպի յաղթանակ` մաղթելով, որ լիբանանահայութիւնը 6 մայիսին խիտ շարքերով ուղղուի դէպի քուէատուփ:
Ապա խօսք առաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեան: Ան ըսաւ. «Մեր ուժը մեր միութեան մէջ է, իսկ մեր միութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շուրջ է»:
Ս. Չուխատարեան կոչ ուղղեց բոլորին` քուէարկելու ի նպաստ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել Հայկական երեսփոխանական պլոքը եւ շարունակել յաւելեալ աշխուժութեամբ ծառայել հայութեան ու պաշտպանել անոր իրաւունքները:
Իր կարգին Յակոբ Թերզեան անդրադարձաւ 13 ապրիլին` 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումը խորհրդանշող թուականին` աւելցնելով, որ պէտք է յիշողութիւնը թարմ պահել եւ չմոռնալ, որ ՀՅԴ-ն ոգի ի բռին պաշտպանեց հայ ժողովուրդը, ինչպէս միշտ կը կատարէ:
Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով ներկայութիւն եղած է հայութեան կեանքին մէջ եւ ծառայած անոր` աւելցնելով, որ Դաշնակցութեան հետեւորդները` ըլլան անոնք կուսակցական թէ համակիր, 6 մայիսին անգամ մը եւս պիտի փաստեն իրենց նուիրումը:
Նկատի ունենալով ակումբին սրահը լեցուցած եւ սրահին նեղ ըլլալուն պատճառով լսարանին դուրսէն հետեւող բազմութիւնը, երեսփոխան Յ. Բագրատունի իր խօսքը սկսաւ խոստանալով, որ մէկ տարիէն ակումբը ձեւով մը ընդարձակուի:
«Ակումբը պէտք է ընդարձակել, որովհետեւ այս ակումբը ժողովրդային տուն է եւ ոչ ընտրական գրասենեակ, որ չորս տարին անգամ մը սեղաններ կը զետեղէ եւ դրամ կը բաշխէ: Այս ակումբը կեանք է, սիրտ ու հոգի: Այս ակումբին կայացման ու շինութեան հոլովոյթին մէջ իւրաքանչիւր հայու ճակտէն կաթիլ մը կայ: Այս ակումբը ապրեցաւ շնորհիւ այն սքանչելի նահատակներուն, որոնք այս ակումբին առջեւ սպաննուեցան, նահատակուեցան` պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ժողովուրդին ծոցէն ծնած այս կուսակցութիւնը ուխտած է նուիրուիլ իր ժողովուրդին, աշխատիլ ի շահ ժողովուրդին եւ ուխտած է պահել հայկականութիւնը եւ ինքնութիւնը:
Ան նշեց, որ ներկայիս փառատօնային մթնոլորտ կը տիրէ` աւելցնելով, որ կան առատ դրամ օժանդակութիւններ եւ խոստումներ հոսեցնող ծորակներ:
«Մեզի համար ծառայութիւնը առաքելութիւն է, եւ հայ անհատին կատարուած օժանդակութիւնը զայն հայ պահելու օժանդակութիւն է, ընտանիքը հայ պահելու օժանդակութիւն է: Պարզապէս դեղը տուի, քուէ առի, տուփ մը ուտելիք տուի, քուէ առի դրութեամբ չ՛առաջնորդուիր», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ 2000-էն ի վեր 18 տարուան համար Հայկական երեսփոխանական պլոքը միայն երկու երեսփոխանով գործեց, սակայն լիբանանահայութեան քաղաքական ուժը չկորսուեցաւ: «Ընդհակառակն` ամէն մարդ գիտցաւ, որ մեր ժողովուրդի ներկայացուցչութիւնը ո՛ւր է: Մենք կազմուած բոլոր կառավարութիւններուն մէջ ներկայացուեցանք մեր նախարարով, բացի կառավարութեան մէկ կազմէ, որուն մերժեցինք մաս կազմել: Յաջողեցանք պետական նշանակումներ կատարել, Ընկերային տնտեսական խորհուրդին մէջ մեր թեկնածուները յաջողցնել, եւ յաջողեցանք յարգանք պարտադրել` մեր քաղաքական ճիշդ ուղիին պատճառով», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը քաղաքական իր սկզբունքները եւ կեցուածքները մէկ օրէն միւսը փոխող կուսակցութիւն չէ, եւ իբրեւ այդպիսին պահած է իր քաղաքական դաշինքներն ու դաշնակցիները: «Մենք շնորհակալութիւն չենք ակնկալեր, որովհետեւ անիկա կատարուած ծառայութեան գինը պահանջել է, եւ ոչ ալ երախտագիտութիւն կ՛ակնկալենք, որովհետեւ անիկա մեր պարտականութիւնն է: Բայց կը մերժենք ապերախտութիւնը, եւ ձեր ներկայութիւնը այսօր` այս մերժումին զօրակցելու արտայայտութիւն է: Մերժում` բոլոր պատահական փերեզակներուն, որոնք փողոց իջած կը յանդգնին մտածել, որ հայուն քուէն կրնան գնել», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը` իբրեւ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը, հաւասարազօր իրաւունքներու տէր է: «Մենք Լիբանանի մէջ հպարտ համայնք ենք եւ հպարտ հայեր, եւ կը մերժենք ամէն տեսակի լուսանցքայնացում: Կը մերժենք տեսնել ոեւէ հայ, որ կը ծախէ իր արժանապատուութիւնը, որովհետեւ արժանապատուութեան մէջ ամէնէն կարեւորը ազատ կամքն ու ազատ կարծիքն է: Եթէ մենք մեր ազատ կամքն ու ազատ կարծիքը ծախէինք` պահած կ՛ըլլայինք մեր հողերը եւ Ցեղասպանութեան չէինք ենթարկուեր», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ հայը հպարտութեամբ ապրեցաւ եւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին առեւանգումին, գողութեան, սպանութեան չմեղսակցեցաւ:
«Մինչ մեր տղաքը մեր թաղերը կը պաշտպանէին, Պուրճ Համուտի մէջ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը կը կառուցուէր, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վրայ մանկապարտէզ կը կառուցուէր, Մըզհերի մէջ դպրոց կը շինուէր, Սիսի մէջ ակումբին վրայ յարկ մը եւս կ՛աւելնար եւ քիչ մը անդին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կը հիմնուէր: Մենք գոհ ենք, որ այդ բոլորը կրցանք իրագործել եւ կը հաստատենք, որ այսօր պատահականօրէն, վերջին վայրկեանին հայութեան մէջ յայտնուողները անկարելի է համազօր նկատել հայութեան մէջ գործած ու հայ մնացած անհատներուն: Իբրեւ հայեր, մենք պէտք է մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն ժառանգութեան վրայ բան մը աւելցնենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանահայ երեսփոխանը սովորական լիբանանցի երեսփոխանին պարտականութիւններուն կողքին ունի այլ պարտաւորութիւն` տեւաբար իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ ո՛չ միայն աղբի հարց լուծելու եւ փողոցները կուպրապատելու համար, այլեւ` լիբանանահայ քաղաքացին հայ պահելու համար, հպարտ պահելու համար, եւ հայկական մեր բոլոր կառոյցները աշխուժ ու գործօն պահելու համար:
Յ. Բագրատունի ակնարկեց կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան երեւոյթին` նշելով, որ 1998-ին, երբ տակաւին մարդ չէր խօսեր այդ մասին, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդին մէջ երեք կիներ նշանակուած էին: «Երբ իրենք տակաւին չէին անդրադարձած, որ կնոջական իրաւունքներ կան, ՀՅԴ-ն Ա. կարգի պետական պաշտօնեայի պաշտօնին համար կին մը նշանակած էր: Տակաւին քանի մը ամիս առաջ այլ կին մը ընդհանուր քննիչ նշանակուեցաւ, իսկ Ընկերային-տնտեսական խորհուրդին մէջ ՀՅԴ-ի կողմէ նշանակուած երկու անդամներն ալ կիներ են», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը մերժէ այն թեկնածուները, որոնք հայկականութենէ հեռու են, ինչպէս նաեւ կը մերժէ այն անհատներուն թեկնածութիւնը, որ ոչ հայկական միջավայրէ առաջադրուած է:
«Ժողովուրդին հետ աշխատանքը ամէնօրեայ ջանք է: Ամէն անգամ որ հայահոծ թաղամասէ մը կ՛անցնինք, կը զգանք, որ ինչպիսի արժէքներու հետ է մեր յարաբերութիւնը: Հայ քաղաքացիները մեզի համար արժէք են եւ ոչ թէ պարզապէս անուն մականուն, սըժըլի թիւ եւ քուէատուփ: Այն օրը, որ մենք ձեզի մօտենանք իբրեւ քուէատուփին մէջ քուէ նետող մարդերու` մեր երեսին թքեցէք: Այն օրը, որ մէկը ձեզի յանդգնի ըսել, որ մենք ձեզի դեղ տուինք, փոխարէնը մեզի քուէ տուէք` թքեցէք մեր երեսին: Այն օրը, որ մենք ձեզի ըսենք, որ մենք այս բոլորը ըրինք ձեր քուէին համար` թքեցէք մեր երեսին: Բայց սիրելինե՛ր, նաեւ գիտցէ՛ք մէկ բան, որ նոյնիսկ մեզի դէմ քուէարկողներուն դիմաց` մեր դռները բաց են. անոնք դարձեալ մեզի պէտք պիտի ունենան, եւ մենք դարձեալ պիտի օժանդակենք իրենց», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ 22 օր կը բաժնեն մեզի 6 մայիսէն, եւ կոչ ուղղեց` ըլլալու զգաստ, ազատ կամքով ու խիղճով քուէարկելու, որպէսզի 7 մայիսին կարելի ըլլայ ըսել. «Ահա՛ հայութիւնը, ահա՛ մենք»:
Հանդիպումին աւարտին ուղղուեցան հարցումներ, որոնց պատասխաններուն ընդմէջէն Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումով հայութեան մատուցուած ծառայութիւնները պիտի բազմապատկուին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եղած է ու կը մնայ զօրակից Լիբանանի օրինականութեան: