Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատը Կոչ Կ՛ուղղէ` Զօրակցելու Թրամփի Ուղղուած` Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նամակին

April 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ համագործակցաբար, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը ապրիլ 11-ին կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` ստորագրելու իր հեղինակած այն նամակը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն կը պահանջէ վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ Ուաշինկթընին պարտադրուած լռութեան, եւ անկեղծօրէն, յստակօրէն ու ճշգրտութեամբ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:

«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամէն օր վնաս կը հասցնէ ամերիկեան շահերուն, վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներու հասցէին եւ նոյնիսկ կը սպառնայ յարձակիլ ամերիկեան ուժերուն վրայ, սակայն անոր իրաւունք կը տրուի վեթոյի ենթարկելու` Հայոց ցեղասպանութեան գծով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան որդեգրելիք քաղաքականութիւնը: Ժամանակը հասած է վերջ տալու Անգարայի այս պարտադրանքին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Թրամփին յղուած սոյն նամակը ցարդ ստորագրած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ փոխատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ:

Այս նպատակով քոնկրեսականներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ սկսած է նամակագրութեան արշաւի մը:

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի` «Յիշողութեան Լապտերներ»-ու Բացման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում Զալքայի Մէջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.