Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

Ապրիլ 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը ու, համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին,  առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն նախորդ նիստի ատենագրութիւնը: Այնուհետեւ, յաջորդաբար ներկայացուեցան ու քննարկուեցան Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան 2016-2018 երկամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի գործունէութեան տեղեկագիրները:

Հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկոյցէն ետք  յաջորդաբար քննարկուեցան ու հաստատուեցան 2017 տարեշրջանի հաշուեկշիռն ու 2018 տարեշրջանի նախահաշիւ-պիւտճէն: Ապա, յառաջիկայ շրջանին համար ժողովականներ կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:

Աւարտին Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի  կազմերուն համար Ազգ. երեսփոխանական ժողովը կատարեց հետեւեալ ընտրութիւնները.-

ա- Կրօնական ժողով.-

Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, Նարեկ քհնյ. Հէճինեան, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան եւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:

բ- Ազգային վարչութիւն.-

Յակոբ Լուսարարեան, Ալեքսան Մուրատեան, տոքթ. Էլի Թաշճեան, Յովիկ Կէօզըպէօյիւքեան, Վերա Պչաքճեան, Սալբի Սիմիթեան, Րաֆֆի Սիսլեան, Զարեհ Խտըրլարեան, Հուրի Տէր Սարգիսեան, Զաւէն Պոյաճեան եւ Աբգար Առաքելեան:

գ- Հաշուեքննիչ յանձնախումբ.-

Արա Հացագործեան, Վաչէ Նաճարեան եւ Մարկոս Սնապեան:

Ժողովի աւարտին եզրափակիչ խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նշեց, որ անցնող քառամեայ շրջանը եւ յատկապէս անցնող երկու տարիները մեծաւ մասամբ տրամադրուեցան դպրոցաշինութեան նուիրական գործին, զոր շրջանաւարտ Ազգային վարչութիւնը իր ուսերուն վերցնելով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ հասցուց աւարտին:

Ապա սրբազանը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք անցնող երկամեակին Ազգային միացեալ վարժարանի կարեւորագոյն ծրագիրին եւ թեմի այլ աշխատանքներուն ընծայեցին կարեւոր աջակցութիւն, յայտնեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանով մասնաւոր հանգրուան մը բացուեցաւ լիբանանահայ մեր կեանքին մէջ: «Հետեւաբար,- ըսաւ ան,- պէտք չէ կասկածիլ, թէ ի վերջոյ Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի ըլլայ հայկական արժէքներով ճոխացած այն տունը, որ մեր զաւակներու դաստիարակութեան գործին բերելիք իր նպաստով, մեր հաւաքականութիւնը պիտի առաջնորդէ դէպի նոր վերելք»: Ապա, յիշեցնելով, որ Ազգային միացեալ վարժարանը պատահականութեամբ պիտի չբարձրանայ պատուանդան, առաջնորդը ըսաւ, որ հայ դպրոց պահելու յանձնառութեամբ պէտք է լծուիլ հայ դպրոցին դիմագրաւած հարցերը լուծելու եւ անոր դիմաց նոր ասպարէզ բանալու կարեւորագոյն աշխատանքին: Ակնարկելով Ազգ. միացեալ վարժարանին` սրբազանը յիշեցուց, որ ներկայ հանգրուանին պէտք է անյապաղ լուծել առկայ մնացած շարք մը հարցեր` յատկապէս տնօրէնի նշանակումի խնդիրը, որպէսզի շրջանցելով մերօրեայ նոր մարտահրաւէրները, հայ դպրոցով մենք կարենանք մեր հաւաքականութեան դիմաց բանալ նոր կարելիութիւններ:

Այնուհետեւ, շնորհաւորելով նորընտիր Ազգ. վարչութիւնը, սրբազան հայրը իր խօսքը եզրակացուց ըսելով. «Եթէ դպրոց շինելը յախուռն ձեռնարկ էր, ապա դպրոց պահելը աւելի մեծ խիզախութիւն կը պահանջէ բոլորէս: Վստահաբար տակաւին ահագին ալիքներ պիտի զարնուին մեր ազգային ամրութեան միջնաբերդը համարուող հայ դպրոցին, եւ այդ բոլորին դիմաց մենք պէտք է քաջաբար տոկանք եւ յարատեւենք: Գալիք աւելի պայծառ օրերու հեռանկարով, աւելի մեծ նուիրումով տանինք հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին հանդէպ մեր ունեցած պարտքն ու պարտաւորութիւնները, որպէսզի մեր զաւակներն ալ մեր նուիրումի օրինակին մէջ տեսնեն իրենց վաղուան կեանքին պատկերը»:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

 

Նախորդը

Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Ինչո՛ւ Դաշնակցութեան Քուէարկեմ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?