Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Վարչապետի Թեկնածու»

Ապրիլ 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ նիստը վարած է ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նիստի ընթացքին Գերագոյն մարմինի անդամները ամփոփած  են  նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարման տասը տարիները:

«Այդ տասը տարիները բարդ, մարտահրաւէրներով լի, բայց միեւնոյն ժամանակ պետականաշինութեան, նախաձեռնող արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ամրապնդման տարիներ էին: Անշուշտ եղած են նաեւ բացթողումներ, թերութիւններ, բայց ակնյայտ է, որ 2008-ի եւ 2018-ի Հայաստանը տարբեր են, թէ՛ ժողովրդավարութեան զարգացման, թէ՛ անվտանգութեան ապահովման առումով, թէ՛ արտաքին նախաձեռնող քաղաքականութեան զարգացման առումով», ըսաւ Շարմազանով:

Անոր համաձայն, նիստի ընթացքին քննարկուած է նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գործունէութեան մէկուկէս տարին:

«Շնորհակալութիւն յայտնած ենք նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր պետականամէտ, ազգային գործունէութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած ենք վարչապետ Կարէն Կարապետեանին այս մէկուկէս տարուան արդիւնքներուն համար», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով վարչապետի թեկնածուին` Շարմազանով նշեց, որ ՀՀԿ Գերագոյն մարմինը սկսած է քննարկումները` ապագայ վարչապետի հարցին հետ կապուած: Ըստ Շարմազանովի, քննարկումները ընթացած  են միասնութեան ու համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ, ՀՀԿ Գերագոյն մարմինի  բոլոր անդամները առանց բացառութեան ընդունած են վարչապետի թեկնածուի հետ կապուած այն առաջարկը, որ կատարած էր ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանը:

«Մենք շաբաթ օրը ՀՀԿ խորհուրդի նիստին պիտի ներկայացնենք մեր վարչապետի թեկնածուն: Պարզ է, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ վարչապետի թեկնածուն, եւ քանի որ այլ կարծիքներ չեն հնչած, այլ անուններ չեն հնչած, ոեւէ մէկուն միտքով այլ անուն չէ ալ անցած,  բոլորս միահամուռ կը վստահինք Սերժ Սարգսեանին: Երկուշաբթի օր ՀՀԿ-ն պաշտօնապէս Ազգային ժողովին պիտի առաջադրէ վարչապետի իր թեկնածուն, 17 ապրիլին Ազգային ժողովին մէջ մենք պիտի քուէարկենք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Կարէն Կարապետեանը` Աղուան Վարդանեանին. «Ունինք Բաւական Յուսադրող Թիւեր Եւ Չենք Թաքցներ, Որ Մեր Համախմբական Դաշինքը Անոնցմով Բաւարարուելու Իրաւունք Ունի»

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?