Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրի` Լիբանանահայ Իրականութեան Մէջ Աննախընթաց Կառոյցի Հանդիսաւոր Բացում

Ապրիլ 16, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 14 ապրիլը յատկանշական օր մըն էր համայն լիբանանահայութեան, յատկապէս` Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը բացումը կատարեցին «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, որ իր ընդարձակ տարածքով, մանկամսուրի անհրաժեշտ պայմաններով, մասնագիտացած անձնակազմով աննախընթաց է լիբանանահայ իրականութեան մէջ, եւ որուն առաջին վերամուտը պիտի կատարուի 1 սեպտեմբեր 2018-ին:

«Դեռ շատ փոքրիկ ծիլ մըն եմ ես ձեզի պէս, հոս պիտի աճիմ, ծաղկիմ ու մեծնամ: Պիտի ունենամ հաստատուն բուն եւ դալարագեղ ճիւղեր»: Նորաբաց մանկամսուրին մէջ գտնուող ծառերէն մէկուն վրայ զետեղուած այս տողերը լաւագոյնս կ՛արտայայտեն այս կառոյցին նպատակն ու ընթացքը` գրկաբաց ընդունիլ 90 օրականէն մինչեւ 3 տարեկան, տակաւին նոր ծիլ արձակող մանուկներ, անոնց բնական, ուրախ եւ առողջ աճման ու զարգացման պայմաններ ապահովել, որպէսզի անոնք կեանքի յառաջիկայ փուլերը անցնելու համար ըլլան հաստատուն:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք նոր մանկամսուրի մուտքին պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները ողջունեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, որ անդրադարձաւ այն յատկանշական երեւոյթին, թէ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին բացումէն 30 տարի ետք բացումը կը կատարուի այս մանկամսուրին, դարձեալ Արսլանեան ընտանիքի` այս անգամ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու բարերարութեամբ իրագործուած: Ան տեղեկացուց, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած այդ իւրայատուկ կառոյցին շինարարական յատկութիւնները կը համապատասխանեն թէ՛ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած, եւ թէ՛ եւրոպական մանկամսուրներու համար պատրաստուած բարձր չափանիշներու. «կառոյցը ունի ծովահայեաց դիրք, կանաչապատ տանիք, երկաթեայ առանձին մայր մուտք, կառատուն, լուսաւոր եւ ընդարձակ դասարաններ, փակ եւ բացօթեայ խաղավայրեր, ճաշասենեակ եւ խոհանոց, սրահ, գրասենեակներ եւ մթերանոցներ. օժտուած է ջեռուցման եւ զովացման սարքերով, հրդեհի դէմ պաշտպանութեան կազմածներով, ինչպէս նաեւ` հսկողութեան եւ ապահովութեան տեսախցիկներով», աւելցուց տնօրէնը:

Փ. Եղիայեան հաստատեց, որ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի բացումը  լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը հանդիսանայ` նշելու 90-ամեակը Համազգայինին, որ այս նոր բոյնին մէջ պիտի ընդունի կենսառատ երեխաներ, որոնք հոն պիտի գտնեն սէր, գուրգուրանք եւ հոգատարութիւն, ուրախ մթնոլորտ մը, ուր պիտի կարողանան իրենց առօրեայ աշխատանքներուն, զբաղումներուն եւ դաստիարակչական խաղերուն ընդմէջէն աճիլ, ծաղկիլ եւ զարգացնել ֆիզիքական, մտային, զգացական եւ ընկերային իրենց հմտութիւնները: Ան նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Համազգայինի Ճեմարանի ունեցած սերունդներու մարդակերտման եւ հայակերտման մեծ դերակատարութեան` աւելցնելով, որ Արսլանեան ամոլին այդ ազնուական նուիրատուութեան շնորհիւ «լիբանանահայութիւնը այսօր ունեցաւ նոր ծիլ մը, որ պիտի բողբոջի ու դառնայ մեկնակէտը գալիք սերունդներուն տրուելիք առողջ եւ հայեցի դաստիարակութեան»: Այս առիթով Փ. Եղիայեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց  անոնց` իրենց կատարած նուիրատուութեան համար, որով կառուցուած մանկամսուրը պիտի ունենայ աշխուժ փեթակ եւ իր շուրջ պիտի հաւաքէ տասնեակներով ժիր փոքրիկներ. ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակեցին այս մանկամսուրի ստեղծման:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ հաստատեց, թէ սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցաշինութիւնը հերոսական գործողութիւն է, որ ունի երկու դերակատար` ազգային ուսումնական մարզին նուիրուած ուսուցիչները եւ բարերարներն ու նուիրատուները: «Սակայն սխալ կ՛ըլլայ այս երկու խումբերուն միջեւ մեծ տարբերութիւն փնտռելը, հակառակ` անոնց ներդրումի տեսակին ակնբախ տարբերութեան. մէկը` ոգեկան, միւսը` նիւթական, ֆինանսական: Մեծ տարբերութիւն չկայ, որովհետեւ երկու խումբերն ալ մեր` սփիւռքի հայկական իրականութեան գաղափարապաշտ տեսակին կը պատկանին. տարբեր մարզերու մէջ իրենց անհատական կարողութիւնները հասարակական դրամագլուխի վերածող, բայց եւ այնպէս  հաւաքական նո՛յն նպատակին ծառայեցնող: Այդ հասարակաց նպատակը կրթութիւնն է եւ դաստիարակութիւնը: Հայկակա՛ն կրթութիւնը, հայկակա՛ն դաստիարակութիւնը: Պարզ խօսքով` սփիւռքեան դժուար պայմաններուն մէջ հայկական ինքնութեան պահպանումը: Մղիչ ուժը երկուքի պարագային ալ նոյնն է.  ինքնապահպանութեան բնազդն է. իր տեսակը պաշտպանելու ու պահպանելու առհաւական գիտակցութիւնն է: Ապրող անհատներու եւ հաւաքականութիւններու համար չկա՛յ ասկէ աւելի ուժեղ եւ բնական օրէնք», հաստատեց Մ. Մկրտիչեան:

Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ նման մանկամսուրի մը կառուցման կարիքի ստեղծումին, զոր իրականութիւն դարձնելու համար Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան ամոլին եղած դիմումին ընդառաջումը եղած է անմիջական, իսկ երկար ու ժրաջան աշխատանքներէ ետք մանկամսուրը արդէն դարձած է իրականութիւն եւ դրուած լիբանանահայ նոր սերունդներու տրամադրութեան տակ:                 «Խոստովանինք, որ մէկ ընտանիքի անդամներէն մէկ հաստատութեան հանդէպ այսքան կեդրոնացեալ գուրգուրանք ու հովանաւորութիւն հայկական իրականութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ է. զանազան օժանդակութիւններ եւ շօշափելի գումարներու փոխանցումներ, որոնք կը կատարուին անաղմուկ, լռելեայն, «աջ ձեռքիդ կատարած լաւ գործը` ձախը թող չիմանայ» աւետարանական տրամաբանութեամբ: Մենք, սակայն, չենք կրնար լռել: Ո՛չ անպայման պատշաճութեան պատճառներով, այլ որովհետեւ կ՛ուզենք, իբրեւ օրինակելի՛ յայտարարել Ճեմարանի եւ Համազգայինի հանդէպ այս ընտանիքին բացառիկ վերաբերումը. հակառակ բոլոր երեւոյթներուն` մեր օրերուն սփիւռքահայ դպրոցը աւելի քան երբեք պէ՛տք ունի իր հասարակութեան քաջալերանքին եւ զօրակցութեան», յայտնեց Մկրտիչ Մկրտիչեան` Համազգայինի աշխարհացրիւ ամբողջ ընտանիքին եւ երիտասարդ ծնողներուն կողմէ  երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անելկա եւ Ռաֆֆի Արսլանեան ամոլին, նաեւ` Արսլանեաններուն ընդհանրապէս: Ան եզրափակեց. «Ձեր նուիրատուութեամբ կարելի դարձած Համազգայինի այս կառոյցը պիտի նպաստէ ամբողջ Ճեմարանի պահպանման եւ անոր յաւելեալ վերելքին»:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Ռաֆֆի Արսլանեան, որ դիտել տուաւ, թէ իրեն ու կնոջ` Անելկային համար մեծ պատիւ է նման հոյակապ մանկամսուրի հովանաւորները դառնալ, մանաւանդ որ իրենք կը շարունակեն նուիրական գործ մը, զոր սկսած են իր հայրն ու հօրեղբայրը` Մելանքթոնն ու Հայկը: Ան անդրադարձաւ նման կառոյցի մը կարեւորութեան, որպէսզի հայ ծնողներ չմտածեն իրենց զաւակները օտար երդիքներու վստահելու, այլ իրենց տրամադրութեան տակ ունենան հայկական հարազատ բոյնը, որուն պիտի կարենան իրենց զաւակները վստահիլ անոնց փոքր տարիքէն, որուն երդիքին տակ համախմբուած երեխաները պիտի կարենան իրենց ուսումնական բոլոր փուլերը անցընել Ճեմարանի մէջ եւ ըլլալ անոր հպարտ շրջանաւարտը:

«Պէտք է յիշեցնել, որ Ճեմարանը պարզ դպրոց մը ըլլալէ զատ նաեւ այն տեղն է, ուր կ՛արձանագրուի մեր երիտասարդութեան ժամանակակից զարգացումը` մշակոյթին եւ պատմութեան ծիրին մէջ: Ճեմարանը հայկական հաստատութիւն մըն է, որ նաեւ բաց է աշխարհին, տարբեր լեզուներու եւ հիւրընկալ երկրին` Լիբանանին: Ուրեմն Ճեմարանին մարտահրաւէրն է մնալ հաւատարիմ այս վեհ առաքելութեան, միեւնոյն ժամանակ լաւ հասկնալով մեր գաղութի բոլոր ընտանիքներուն իրավիճակը, ինչ մակարդակի ալ ըլլայ անիկա, առանց մոռնալու այսօրուան դժուարութիւնները», ըսաւ Ռ. Արսլանեան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Ռաֆֆի Արսլանեան իր շնորհակալական զգացումները արտայայտեց հանդէպ անոնց, որոնք ծրագիրը իրականութիւն դարձուցին:

Ապա ներկաները ծանօթացան գեղեցիկ, յարմարաւէտ, ընդարձակ եւ գրաւիչ մանկամսուրին, որուն բակերէն մէկուն մէջ կատարուեցաւ ծառատնկում:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Յաջորդը

«Պուրճ Համուտ-2018» Փառատօնին Մեծաթիւ Հայեր Ու Օտարներ Համախմբուեցան Լիբանանահայութեան Բաբախուն Սրտին` Պուրճ Համուտի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?