Մամետեարով. «Սուրիահայ Գաղթականները Անօրինական Ձեւով Բնակեցուցած Են Արցախի Մէջ» Դաւիթ Բաբայեան Կ՛արձագանգէ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի տարածքը կը բնակեցնէ Սուրիայէն գաղթած հայերով: Ըստ Մամետեարովի, «բռնագրաւուած» տարածքներու մէջ սուրիահայեր բնակեցնելու քաղաքականութիւնը եւ ժողովրդագրութիւնը նպատակաուղղուած կերպով փոխելու փորձերը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներ են, ան այս յայտարարութիւնը կատարած է երկուշաբթի Պաքուի մէջ Վատիկանի պետութեան հետ կապերու քարտուղար, Փոլ Ռիչարտ արքեպիսկոպոսին հետ հանդիպումի մը ընթացքին: Մամետեարովի յայտարարութեան արձագանգած...



















