Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան. «Լիբանանցի Հայ Երեսփոխանը Տարբեր Է Լիբանանցի Երեսփոխանէն, Որովհետեւ Ան Կը Հաւատայ, Որ Լիբանանի Հայութեան Քաղաքական Որոշումը Ինքնուրոյն Պէտք Է Ըլլայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ապրիլ 12, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուած ՀՅԴ-ի չորս թեկնածուներու ծանօթացման ժողովրդային հանդիպում-լսարանները կը շարունակուին:

Այդ ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան:

Հանդիպում-լսարանը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն անունով խօսք առաւ Յակոբ Հանտեան, որ շեշտեց, թէ հայ ազգին շահերը պաշտպանելու եւ պահպանելու համար անհրաժեշտ է մտածել, գործել եւ աշխատիլ անանձնական տրամադրութիւններով, հաւաքական միատեղ ճիգերով, եւ առանց տեղի տալու, պէտք է պահանջել հայութեան իրաւունքները եւ ապահովել զանոնք:

Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար» կարգախօսով 6 մայիսին իրենց քուէները տալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն:

Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին պատրաստած տեսերիզը, որ կ՛ընդգրկէր քուէարկելու դրութեան բացատրութիւնը, թեկնածուներուն հակիրճ կենսագրութիւնն ու զոյգ կոմիտէներու շրջանի բնակիչներուն կարծիքները, որոնք հաստատեցին, որ ՀՅԴ-ն միակ կուսակցութիւնն է, որ ամէնուր եւ մնայուն կերպով հայուն կողքին կեցած է եւ անոր զօրակցած, յատկապէս ժողովուրդին անցուցած նեղ օրերուն եւ դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, յաջորդաբար խօսքեր առին ՀՅԴ-ի թեկնածուները: Յ. Թերզեան յայտնեց, որ ինք պիտի մնայ հայ ազգի ծառան, որովհետեւ այդպէս դաստիարակուած է: Ան նշեց, որ իրեն ի նպաստ տրուած քուէն ՀՅԴ-ին տրուած քուէ է, որուն արժէքը պէտք է գիտնան բոլորը:

Ան նշեց, որ հայութիւնը լքուած համայնք չէ, այլ` անոր տէրն ու տիրականը ՀՅԴ-ն է:

Յ. Թերզեան շեշտեց, որ իրենք լիբանանահայութեան կորսուած իրաւունքները վերադարձնելու պայքարը պիտի վերածեն առօրեայ պայքարի:

Ապա խօսք առաւ Սերժ Չուխատարեան, որ յայտնեց, թէ մեր ուժը մեր միութիւնն է այն կուսակցութեան շուրջ, որ միշտ ծառայած է լիբանանահայութեան, որ միշտ պաշտպանած է լիբանանահայութեան իրաւունքները:

Ան նշեց, որ երբ խորհրդարան հասնի, ինք իրաւաբանական իր փորձառութիւնը օգտագործելով պիտի աշխատի ապահովել լիբանանահայութեան իրաւունքները` հայ երիտասարդին աշխատանքի եւ բնակարանի ապահովումով, արտագաղթին առաջքը առնելով եւ պետութեան կողմէ հայկական դպրոցներուն օժանդակութիւն ապահովելու իմաստով:

Ս. Չուխատարեան մաղթեց 6 մայիսին հաստատ քայլերով ուղղուիլ քուէատուփ` քուէարկելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` վերահաստատելու մեր ուժը եւ իրականացնելու յաղթանակը:

«Անունս Ալեքսանտր Մաթոսեան է: Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ ուրախ եմ, որ ձեր մէջ կը գտնուիմ», ըսաւ ՀՅԴ-ի Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու Ա. Մաթոսեան:

Ան մաղթեց, որ ՀՅԴ-ի չորս թեկնածուները միասնաբար կարենան աշխատիլ հայութեան օգտին: Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար լաւ ապագայ մը ապահովելու համար, պէտք է ցոյց տան բոլորին հայ ժողովուրդին ուժը, զօրութիւնը եւ կամքը: «Պէտք է 6 մայիսին ճիշդ ընտրութիւն կատարենք, եւ մեր ձայնը բոլորին համար ցնցիչ ու լսելի դառնայ, որպէսզի հաստատենք, թէ մենք հոս ենք` հոս ալ պիտի մնանք», շեշտեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի իր խօսքը սկսաւ շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ նիւթապաշտական արտառոց մթնոլորտին մէջ ՀՅԴ կը շարունակէ իր ժողովուրդին հետ դասական հանդիպումներ կատարել եւ ոչ թէ ցուցամոլական երեւոյթներով տարուիլ: «Մենք աւանդական այս ձեւը կը պահենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ քաջութեամբ մեր ժողովուրդին կը նայինք` գիտենք, թէ պահանջուածը ի՛նչ է, ի՛նչ կրցած ենք կատարել եւ ի՛նչ պէտք է ըլլայ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրութեան նախօրեակին առատութիւն մը կը տիրէ` աւելցնելով, որ խոստումներ, քննադատութիւններ եւ դրամ` կը տեղան անձրեւի պէս: «Թերեւս մարդիկ չէին գիտեր, որ այսքան սուղ է իրենց քուէն, բայց նաեւ չեն գիտեր, որ այդ գումարով գնուած քուէները` իրենց խիղճը գնելու քուէներ են», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ի՛նչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքը, իրենք համոզուած են, որ հայ ժողովուրդը իր կամքով եւ խիղճով պիտի քուէարկէ:

«Հայկական իրականութեան մէջ այսօրուան ընտրապայքարը սակայն, հայը հայ պահելու եւ հպարտ քաղաքացի պահելու ընտրապայքար է: Այսօրուան ընտրապայքարը լիբանանցի հայ երեսփոխանի եւ Լիբանանի սովորական երեսփոխանի միջեւ է», ըսաւ ան` հաստատելով, որ լիբանանցի հայ երեսփոխանին առաքելութիւնը` լիբանանցի սովորական երեսփոխանէն տարբեր է, հակառակ անոր որ լիբանանցի հայ երեսփոխանը իր կարգին  ելեկտրականութեան, ջուրի, ճամբու փոսերուն, պողոտաներու կուպրապատումին, աղբին, կիներու դէմ բրտութիւնը կասեցնելու եւ նման բոլոր հարցերուն լուծումը կը պահանջէ:

Ան նշեց, որ իրենք խոստումներ չեն փափաքիր տալ, եւ ապա օր մը ետք դրժել այդ խոստումները: «Մեր լաւագոյն խոստումը ՀՅԴ-ի անցեալն է, որ կերտուած է ձեզմով եւ ՀՅԴ-ն ձեզի կը պարտի», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար կարեւոր է, որ հայ թեկնածուները առաջադրուած ըլլան հայկական կուսակցութիւններուն եւ հեղինակութիւններուն կողմէ, եւ ոչ թէ անհատ թեկնածուներ գոյութիւն ունենան:

«Այսօր կան մարդիկ, որոնք կը փորձեն այդ բռունցքը բաժնել, որովհետեւ մարդոց հաճելի չի թուիր մեր այն կեցուածքը, թէ հայկական կուսակցութիւնները պէտք է նշանակեն իրենց թեկնածուները, նոյնիսկ եթէ անոնք գաղափարական առումով մեզի ընդդիմադիր կուսակցութիւններ են: Նուազագոյնը այդ թեկնածուները հայ հասարակական կեանքին մէջ եղած են: Երբ եկեղեցի մտնեն, գիտեն հայերէնով աղօթել: Գիտեն, թէ տարին մէկ օր չէ Ապրիլ 24-ը, 6 յունուարին հայկական Ծնունդը յիշելով չէ, որ մէկը հայ կ՛ըլլայ եւ ոչ ալ օր մը հեռատեսիլէն` Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկու խօսք ըսելով է, որ հայ կ՛ըլլան եւ կը կարծեն, որ ժողովուրդը իրենց պիտի ծափահարէ ու քուէարկէ: Անոնք կրնան թեկնածու ըլլալ, բայց մեր ժողովուրդը չեն կրնար ներկայացնել», հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ շատ մը ուժեր կը ջանան հայութիւնը եւ Դաշնակցութիւնը հարուածել, որովհետեւ ՀՅԴ-ն այն ուժն է, որ տակաւին Լիբանանի մէջ կրնայ ո՛չ ըսել: «ՀՅԴ-ն քաղաքական այն ուժն է, որ 2000-ին երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարտուեցաւ եւ 18 տարի շարունակ միայն երկու երեսփոխանով մնաց երկրին կառավարութեան մէջ եւ մեծ թիւով Ա. կարգի պաշտօնեաներ նշանակեց, բանակին մէջ իր սպաները առաջադրեց, պետական պաշտօնեաներ ունեցաւ, Ընկերային-տնտեսական խորհուրդին մէջ իր թեկնածուները յաջողցուց: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները փակել տուաւ», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ հայկական իրականութեան մէջ կան այնպիսի նախանձելի հարստութիւններ, որ կրնանք ցաւիլ միայն, երբ զանոնք կորսնցնենք: «Մենք այդ հարստութիւնները ամէն վայրկեան չենք կրնար տեսնել, սակայն երբ կորսնցնենք, կը գիտնանք, թէ ի՛նչ ըսել է: Թրիփոլիէն մինչեւ Այնճար, Պէյրութ, Ժիպէյլ, Զահլէ, Ժունիէ, Անթիլիաս, Նաքքաշ, Պէյթ Քըքօ եւ Քըրնեթ Շեհուան, Մըզհեր, Ամանոս, Նահր Մոթ, Զալքա, Ժալ Էլ Տիպ, Էշրեֆիէ, Մար Մխայէլ, Հայաշէն եւ Պուրճ Համուտի զանազան թաղամասերուն մէջ մեր ակումբները ժողովրդային տուն կը կոչենք: Մեր ակումբները ընտրական գրասենեակներ չեն, այլ մնայուն ներկայութիւն` ժողովուրդին կեանքին մէջ: Մտածեցէք, թէ այդ տուներու փակուելուն պարագային ի՛նչ ցաւ պիտի զգաք», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:

Ան շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Լիբանանի օրինականութեան զօրակցած է միշտ եւ իր ջանքերով հայը հայ պահած է Լիբանանի մէջ, եւ անոր համար կը հարուածեն զինք: «Անոնց շահերուն չի ծառայեր, որ հայը հաւաքական ուժ ըլլայ եւ ամուր մնայ: Այո՛, լիբանանահայութիւնը նախանձելի համայնք է, եւ եթէ այդ իրականութեան համար մեղաւոր է Դաշնակցութիւնը, ուրեմն մեղաւոր ենք, որովհետեւ ձեր զաւակներն ենք, որովհետեւ ժողովուրդը պահանջած է, որ ՀՅԴ-ն այդպէս գործէ», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդէն բաժնելու փորձերուն` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Համայնավար կուսակցութիւնը փորձեց այդ մէկը` չյաջողեցաւ, թուրքերը փորձեցին` չյաջողեցան, քաղաքական հսկայ ուժեր փորձեցին` չյաջողեցան, տեղական, արաբական, միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններ փորձեցին Դաշնակցութիւնը երկուքի բաժնել` չյաջողեցան: «Յանկարծ նորելուկ քաղաքական դէմքեր, որովհետեւ լեզուանի են, Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդէ՞ն պիտի փորձեն բաժնել», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ երթը միասնաբար պիտի շարունակեն եւ պիտի յաղթեն, որպէսզի պահպանեն հայկական ինքնուրոյն քաղաքական ուժը եւ իբրեւ այդպիսին կարենան օգտակար ըլլալ Լիբանանին:

Ժողովրդային լսարանի աւարտին ներկաները լուսանկարներ ստացան ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն հետ:

 

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Խորհրդականներ Նշանակած Է

Յաջորդը

2018-ի Մոնտիալ. Ամէնէն Շատ Տոմսերը Ցարդ Գնած Են Ամերիկացիները

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?