15 ապրիլ 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը:
Երկրորդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենար այս աշխատանոցը: 12 հայկական վարժարաններէ` Հայ աւետարանական քոլեճէն, Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանէն, Ազգային Միացեալ վարժարանէն, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս.Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն, Թէքէեան վարժարանէն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն եկած էին 71 աշակերտներ 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններէն: Անոնք բաժնուած էին խումբերու, եւ իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր 1918 մայիս 28-ի իրադարձութիւններուն դերակատարութիւն ունեցած հայ անձնաւորութեան մը անունը` նկատի առնելով, որ այս տարուան աշխատանոցը նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:
Բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան աշակերտներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա անդրադարձաւ ձեռնարկի բնոյթին եւ կատարուելիք աշխատանքներուն: Այսպէս, առաջին փուլով աշակերտները լսեցին զեկուցում մը «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանէն` հարցազրոյց պատրաստելու ու վարելու մասին, ապա գործնական աշխատանքով փոքրիկ լրագրողները առաջին հարցազրոյցը պատրաստեցին ու կատարեցին խմբագիրին հետ: Աներեւակայելի էին փոքրիկներուն ուղղուած հարցումները. անոնք մեծ խանդավառութեամբ կատարեցին այդ մէկը: Անկէ ետք փոքրիկները պատրաստեցին իրենց ներկայացուած նիւթերը, որոնք առնչուած էին Հայաստանի զոյգ անկախ հանրապետութիւններուն: Այս պարագային փոքրիկները կը կարդան իրենց տրուած նիւթերը եւ իրենց դիտանկիւնէն կը ներկայացնեն զանոնք. անշուշտ աշխատանքը կը կատարուի խումբերով:
Հիւրասիրութեան կարճ դադարէ մը ետք, անոնք հարցազրոյց մը վարեցին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ: Փոքրիկները նախ լսեցին նախարարին ինքնակենսագրութիւնը, ապա անկէ մեկնած պատրաստեցին հարցումներն ու ուղղեցին նախարարին: Պէտք է ըսել, որ անոնք շատ համարձակ ու շատ հետաքրքրական հարցումներ ուղղեցին նախարարին` ստեղծելով հետաքրքրական ու հաճելի մթնոլորտ մը:
Ճաշի դադարէն ետք փոքրիկները դիտեցին փաուըր փոյնթով ցուցադրութիւն մը մանուկներու իրաւունքներուն մասին, որոնք ընդունուած են ու կը գործադրուին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ: Անկէ ետք անոնց բաժնուեցաւ խեղճ պայմաններու մէջ ապրող մանուկներու պատկերներ, իսկ անոնք գրեցին իրենց կարծիքները այդ գծով:
Ապա Վանայ Ճենանեան փոքրիկներուն ներկայացուց պանտ տէ սինէի օրէնքներուն մասին տեղեկութիւններ, որմէ ետք փոքրիկները աշխատեցան պատրաստել իրենց պանտ տէ սինէն` Հայաստանի անկախութեան լուրը կամ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերը ներկայացնող դրուագներով:
Այս միջոցին էր, որ ներկայացաւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզիկ Սեւակ Քեթենճեանը: Անսահման էր փոքրիկներուն ուրախութիւնը, անոնք լսեցին Սեւակը, ապա հարցումներու տարափ մը սկսաւ: Փոքրիկները շատ խանդավառ էին: Անոնք նկարուեցան ու «հրամայեցին», որ ՀՄԸՄ-ը չպարտուի եւ ախոյեան ըլլայ:
Նախքան սրահէն հեռանալը, 4-րդ դասարանի աշակերտ Ալեքս Հալլաճեան անձնական փափաքով ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ոտանաւորը:
Աշխատանոցը արդէն հասած էր աւարտին, փոքրիկները ամբողջացնելով իրենց աշխատանքները, շատ գոհունակ եւ ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան սրահէն` իրենց հետ տանելով յիշատակի նուէր մը` տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ:
«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր յաջողցնելու խմբագրական կազմին նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծնողներուն, որոնք ուրախութեամբ իրենց ժամանակը կը տրամադրեն ու տակաւին կը մղեն իրենց զաւակները, որ ապրին հայութեամբ եւ հայաշունչ մթնոլորտի մէջ: Վարձքը կատա՛ր բոլորին: