Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Արամ Ա Կաթողիկոս Ընդունեց Արծուիկ Մինասեանը

Հինգշաբթի, 9 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր եւ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպչական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի: Հանդիպման նպատակը եւ քննարկումներուն առանցքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներն էին եւ յատկապէս Երեւանի մէջ երէկ կայացած ժողովրդային հաւաքը: Այս...

Դաշնակցական Ուսանողներու, Երիտասարդներու  Եւ Պատանիներու Ինքնաշարժներով Երթը`  Ի Զօրակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին

Դաշնակցական Ուսանողներու, Երիտասարդներու Եւ Պատանիներու Ինքնաշարժներով Երթը` Ի Զօրակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին

Երէկ` հինգշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ Անթիլիասէն մինչեւ Պուրճ Համուտի ու Պէյրութի հայահոծ թաղամասեր ինքնաշարժներով երթ կատարեցին` ի զօրակցութիւն Երեւանի մէջ բազմահազար հայորդիներ համախմբած ընդվզումի համահայկական շարժումին: Աւարտին ինքնաշարժներով երթին մեծաթիւ մասնակիցները համախմբուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ, ուր անոնք արձակեցին «Տաւուշը մերն է» եւ «Պայքար, պայքար մինչեւ մահ» կարգախօսները: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ...

Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներու Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

Լիբանանահայութիւնը Ժողովրդային Հաւաքով Միասնական Ո՛չ Ըսաւ Հողային Զիջումներու Եւ Ողջունեց Հայաստանի Մէջ Պայքարողները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով ժողովրդային հաւաքով լիբանանահայութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց  Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին: Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Ան ըսաւ, որ երբ վտանգը կը սպառնայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյութեան, իր ըսելիքը ունի Դաշնակցութիւնը... 2009-ի...

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուց, որ իր երկիրը Իսրայէլին որոշ տեսակի զէնքեր պիտի չմատակարարէ, եթէ Ռաֆահի վրայ յարձակում գործէ, եւ նշեց, թէ Ուաշինկթընի` Թել Աւիւին մատակարարած ռումբերը Կազայի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան մէջ օգտագործուած են: Սպիտակ տան ղեկավարը «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով անցեալ շաբաթ ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի ռումբերու մատակարարումը առկախելու մղած պատճառներուն մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Կազայի մէջ այս...

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Երթը  Չարենցաւանէն Ուղղուեցաւ Աբովեան  Եւ Այսօր Կը Հասնի Երեւան

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումի Երթը Չարենցաւանէն Ուղղուեցաւ Աբովեան Եւ Այսօր Կը Հասնի Երեւան

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» նախաձեռնութեան երթին մասնակիցները երէկ Չարենցաւան քաղաքէն շարժեցան դէպի Աբովեան: Այնտեղ անոնց միացան Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի գլխաւորութեամբ Գիւմրիէն սկսած երթին մասնակիցները: Երթը Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ Կիրանցէն սկսած էր 4 մայիսին, իսկ այսօր արդէն անոր մասնակիցները պիտի հասնին Երեւան: Մինչեւ այս պահը հրապարակային յայտարարուած է միայն մէկ պահանջի` միակողմանի զիջումներու կասեցման մասին:...

Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու Պալատը Միաձայնութեամբ Թեր Քուէարկած Ապրիլի 24-ը Հայոց Ցեղասպանուկթեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծին

Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու Պալատը Միաձայնութեամբ Թեր Քուէարկած Ապրիլի 24-ը Հայոց Ցեղասպանուկթեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծին

Ուրուկուէյի Ծերակուտականներու պալատը 7 մայիսին միաձայնութեամբ թեր  քուէարկած է իւրաքանչիւր տարի ապրիլի 24-ը «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ին միաժամանակ անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»-ի էջը կը տեղեկացնէ, որ նիստի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած ծերակուտականները, որոնք ներկայացուցած են տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններ, վերահաստատած են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրենց բարեկամական վերաբերմունքը, մարդկութեան դէմ գործուած նման յանցագործութիւնները մոռացութեան չմատնելու կարեւորութիւնը, շեշտած են յարգուած եւ սիրուած հայ համայնքի հանգամանքը: Ծերակուտականները նշած են, որ Հայաստանը այսօր ալ...

Ժողովրդային Հաւաք`  «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու»  Կարգախօսով

Ժողովրդային Հաւաք` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով

Առ ի զօրակցութիւն Հայաստանի Տաւուշի մարզէն գիւղեր Ազրպէյճանին յանձնելու որոշումին դէմ ընդվզումի շարժումին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք` «Միասնական ո՛չ հողային զիջումներու» խորագիրով: Բացման խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան: Հաւաքին խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ...

Պըրրի. «Լիբանան Սնանկացած Երկիր Չէ»

Պըրրի. «Լիբանան Սնանկացած Երկիր Չէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ճարտարապետական սենտիքաներու նախագահներ Ֆատի Հաննան եւ Շաուքի Ֆաթֆաթը` ընկերակցութեամբ զոյգ սենտիքաներու անդամներուն: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի միակ ճարտարարուեստը, որով ան կը փայլի, մարդակերտումն է: Պըրրի ողջունեց զոյգ սենտիքաներուն ընտրութեան ընթացքին որդեգրուած մրցակցային եւ ժողովրդավարական մթնոլորտը` բարձր գնահատելով իրաւաբաններուն եւ ճարտարապետներուն դերակատարութիւնը` Լիբանանը վերստին բարգաւաճեցնելու առումով:...

Քաթար Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց`  Ռաֆահ Ներխուժումն Ու Ցեղասպանութիւնը  Կանխարգիլելու

Քաթար Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց` Ռաֆահ Ներխուժումն Ու Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլելու

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «Ռաֆահ քաղաք ներխուժումն ու ցեղասպանութեան ոճիրի գործադրումը կանխարգիլելու միջազգային քայլի դիմելու»: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Ռաֆահի ռմբակոծումը, այդտեղ ներխուժումն ու պաղեստինցիները տեղահանելու սպառնալիքը: Քաթար զգուշացուց, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքայինները իրենց վերջին ապաստանարանէն բռնի տեղահանութեան ենթարկելը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում է եւ կը բազմապատկէ Կազայի մէջ վատթարացող մարդասիրական տագնապը: Նախարարութիւնը...

Խմբագրական.  Պահպանելու Համար Մնացածը Եւ Վերակերտելու Կորուստը

Խմբագրական. Պահպանելու Համար Մնացածը Եւ Վերակերտելու Կորուստը

Մայիս ամիսը հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ յաղթանակներ խորհրդանշող ամիս է: Շուշիի ազատագրում, հայրենական պատերազմ, պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութիւն, մայիսեան հերոսամարտեր: Ճիշդ է, որ յատկապէս Շուշիի անկումէն ետք մթագնեցաւ եռատօնը, այդուհանդերձ պատմական փաստերը կը շարունակեն ուղենշել մեր համազգային երթը: Շուշիի թէ՛ ռազմավարական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ խորհրդանշական կարեւորութեան կը գիտակցի նաեւ Ազրպէյճանը, որ փաստօրէն չհամաձայնեցաւ հրադադարին, մինչեւ Շուշիի գրաւումը: Պատահական չէ, որ...

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կապ հաստատելով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ` իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ժամեր առաջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան գծով` Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան առնչուած: Վեհափառ հայրապետները տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար Տաւուշի մարզին մէջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ: Անոնք որոշեցին շարունակել իրենց խորհրդակցութիւնները` շեշտելով հայ եկեղեցւոյ առանցքային...

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Նախաձեռնութեան  Քայլարշաւը Կիրանցէն Ընթացք Առաւ

«Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Նախաձեռնութեան Քայլարշաւը Կիրանցէն Ընթացք Առաւ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին նախաձեռնած` «Սուտի եւ կեղծիքի դէմ պայքար` յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան» խորագիրը կրող քայլարշաւը, զոր կը գլխաւորէ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը, եւ որուն առաջնորդողի շարքերուն մէջ են Ազգային ժողովի «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանն ու քաղաքագէտ Սուրէն Պետրոսեանը, 4 մայիսին ընթացք առաւ Կիրանց գիւղէն` 9 մայիսին հասնելու համար Երեւան: «Մայիսի 9-ին մենք Աստծոյ կամօք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Երեք Կուսակցութեանց Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեք Կուսակցութեանց Ներկայացուցիչները

Երկուշաբթի, 6 մայիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեանը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց միջկուսակցական գործակցութիւնը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց զայն աւելի ծաւալելու հրամայականը: Ներկաները, իրենց կարգին, դարձեալ յանձնառու եղան...

Նահատակաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Նահատակաց Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Նահատակաց հրապարակին վրայ զետեղուած կախաղանները եւ հոն թափած անմեղ նահատակներու արիւնը կը մնան շարունակուող եւ ցայսօր գործադրուող ոճրագործութեան մեծագոյն փաստը: Արիւնը կը շարունակուի հեղուիլ, իսկ ոճրագործը կը մնայ անպատիժ»:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Դիմաց Նստացոյց՝ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» Խորագիրով

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Դիմաց Նստացոյց՝ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» Խորագիրով

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, շաբաթ, 4 մայիս 2024-ին՝ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ նստացոյց՝ «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» խորագիրով։ Ասոր զուգահեռ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանին հետ, յանձնելու նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի...

Խմբագրական.  Մայիս 6-ը Եւ Ինքնաճանաչումի Խնդիրը

Խմբագրական. Մայիս 6-ը Եւ Ինքնաճանաչումի Խնդիրը

Կանխամտածուած եւ ծրագրուած սովամահութիւնը, շրջափակումը, ցեղասպանական արարքներ են, ցեղասպանութեան  իրաւական սահմանումին մէջ ներառուած: Այն, ինչ որ Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուց Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ցեղասպանութիւն էր: Մայիս 6-ը օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքական վարքագիծին համապատասխան գործողութիւն է: Մայիս 6-ին կախաղան բարձրացողները  լիբանանցի մտաւորականութեան վառ դէմքեր էին, ազատատենչ գաղափարի պայքարողներ, որոնք կը մերժէին կրել օսմանեան լուծը: Մայիս 6-ի զոհերը տարբեր համայնքներու եւ դաւանանքներու պատկանող...

Ոստիկանութիւնը Բերման Ենթարկեց Կիրանցի Ճանապարհը Փակողները

Ոստիկանութիւնը Բերման Ենթարկեց Կիրանցի Ճանապարհը Փակողները

Երէկ կանուխ առաւօտէն Տաւուշի Կիրանց գիւղի սկզբնամասին մէջ ճանապարհ փակած երեք տասնեակ մարդիկը ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց` յայտարարելով, որ անոնք չեն կատարեր ոստիկանի օրինական պահանջը, որ մէկն էր` բանալ այդ հատուածը: Բերման ենթարկելու գործողութեան ընթացքին կարգ մը բողոքողներ մարմնական վնասուածքներ ստացան: Տաւուշի մէջ սահմանազատման դէմ արտայայտուող մարդիկ արդէն երկու շաբաթ է բողոքի շարժումներ կը կատարեն` իշխանութիւնը մեղադրելով միակողմանի զիջումներու յանցանքով: Բողոքողները կը յայտարարեն, որ իրենց անվտանգութիւնը հարցականի տակ կը դրուի:...

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Եւ Կիպրոսի Նախագահները

Պըրրի Ընդունեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Եւ Կիպրոսի Նախագահները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Ներկայ էին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոսթանիանոս Քոմպոս, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Թէոտոսիու, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տիւ Վալ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ, Պելիճքայի մէջ...

Պլինքըն Ճնշում Բանեցուց Համասի Վրայ, Մերժեց Ռաֆահ Ներխուժումը Եւ Կազայի Մերձակայք Այցելեց

Պլինքըն Ճնշում Բանեցուց Համասի Վրայ, Մերժեց Ռաֆահ Ներխուժումը Եւ Կազայի Մերձակայք Այցելեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա այցելելէ ետք երեքշաբթի օր մեկնեցաւ Իսրայէլ: Ասիկա 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր անոր շրջան կատարած 7-րդ այցելութիւնն էր: Պլինքըն չորեքշաբթի օր իսրայէլացի ղեկավարներուն յստակօրէն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ են Ռաֆահ քաղաքին վրայ որեւէ լայնածաւալ յարձակումի` նշելով, որ Համասի հետ վարուելու «աւելի լաւ լուծումներ» առաջարկած է: Պլինքըն Իսրայէլի վարչապետ...

Page 171 of 796 1 … 170 171 172 … 796

Արխիւներ