Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ որոշակի հանդիպումներու ուղղութեամբ աշխատիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել:
Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի համար Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւնները առաջնահերթութիւն են:
«Հարաւային Կովկասի ծիրին մէջ ասիկա մեզի համար առաջնահերթութիւն է, առաջնահերթութիւն է արտաքին գործոց նախարարին եւ այս գերատեսչութեան միւս պաշտօնատարներուն համար: Չեմ կասկածիր, որ վեհաժողովի ծիրին մէջ յատուկ հանդիպումներ եւ ներգրաւուածութիւններ պիտի ըլլան, սակայն ժամանակացոյցի մասին տակաւին չեմ ուզեր խօսիլ», եզրափակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին փոխբանբերը:
Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրած է մասնակցելու Ուաշինկթընի մէջ յաջորդ ամիս տեղի ունենալիք վեհաժողովի ծիրին մէջ մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հաւաքին: Երեւան ընդունած է հրաւէրը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ամերիկեան հարթակի վրայ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ վերջին անգամ բանակցած են անցեալ տարուան յունիսին: Այդ հանդիպումէն ետք, Պաքու պոյքոթած էր ամերիկեան հարթակը` Ուաշինկթընը մեղադրելով «միակողմանի մօտեցման» համար:


