Իրանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Մուհսեմ Սալամի յայտնեց, որ նախագահութեան թեկնածուներ Մասուտ Փեզեշքեանն ու Սայիտ Ժալիլին անցած են ընտրութեան երկրորդ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր` նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք քուէներուն 50+1-ը ապահոված է:
Անցեալ շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ընտրութեան մասնակցած է շուրջ 24 միլիոն քուէարկող, այսինքն` մասնակցութեան համեմատութիւնը 40 առ հարիւր էր: Փեզեշքեան ստացած է 10.415.991 քուէ, Ժալիլի` 9.473.298, Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ` 3.383.340, իսկ Մուսթաֆա Պուր Մուհամետի Ալի` 206.397:
Նշենք, որ ընտրութիւններու աւարտի ժամկէտը երեք անգամ երկարաձգուեցաւ եւ ի վերջոյ աւարտեցաւ Թեհրանի ժամանակացոյցով կէս գիշերին:
Նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին երրորդ դիրքը գրաւած Մուհամետ Պաքեր Քալիպաֆ շաբաթ օր յայտարարեց, որ ընտրութեան երկրորդ փուլին կը զօրակցի Սայիտ Ժալիլիի թեկնածութեան: