Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «Լիբանանի դերն ու դիրքորոշումը Իսրայէլի ոտնձգութիւններուն եւ միջազգային հռչակագիրներու միջեւ» ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, անոր բնակիչներուն դիտաւորեալ սպանութիւնը «ոչ միայն մեր կողմէ դատապարտելի եւ մերժելի են, այլ նաեւ բացայայտօրէն քանդիչ եւ ահաբեկչական յարձակումներ են, որոնց շարունակութեան եւ ոճիրին պէտք է միջազգային ընտանիքը վերջ դնէ»:
«Լիբանանի մէջ մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն էր եւ կը շարունակէ մնալ, մեր մշակոյթը իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան ու միջազգային օրէնքի, մասնաւորաբար թիւ 1701 որոշումին վրայ հիմնուած մշակոյթ է, սակայն մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ չէ հանդուրժած եւ պիտի չհանդուրժէ իր գերիշխանութեան, ազգային արժանապատուութեան, հողերու անվտանգութեան եւ իր զաւակներէն քաղաքայիններուն, մասնաւորաբար երեխաներու եւ կիներու վրայ յարձակումները», յայտարարեց Միքաթի:
«Ատոր կողքին մենք արաբական, ազգային եւ մարդկային սկզբունքներէ մեկնելով առնչակից ենք պաղեստինցիներուն դէմ, մասնաւորաբար Կազայի մէջ ընթացող ցեղասպանութեան իսկական պատերազմին», ըսաւ ան` նշելով. «Այն ոճիրն ու բոլոր ուխտերուն եւ նկատառումներուն ոտնահարումը, որոնք տեղի ունեցան «Շիֆա» հիւանդանոցին մէջ, պէտք չէ երկարատեւ յարձակումին դիտող աշխարհին կողմէ անտեսուին»:
«Իբրեւ 1948 թուականէն ի վեր իր հողերուն վրայ հարիւր հազարաւոր պաղեստինցի գաղթականներ հիւրընկալող երկիր, միջազգային ընտանիքին կը վերյիշեցնենք պաղեստինցի գաղթականներուն նկատմամբ իր մարդասիրական ու բարոյական պարտաւորութիւնները: Խաղաղութեան հիմքը պաղեստինցի ժողովուրդին անկախ պետութեան ներքեւ իր հողերուն վրայ ապրիլն է, եւ այս սկզբունքները անտեսելու որեւէ փորձ Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի վրայ յաւելեալ տագնապներու պիտի յանգեցնէ», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
«Խաղաղութեան երթը կը սկսի Պաղեստինէն, եւ այս շրջանի պատմութիւնը Պաղեստինէն կը սկսի: Ոչ մէկ խաղաղութեան համաձայնութիւն կրնայ գոյատեւել, եթէ չերաշխաւորէ պաղեստինցիներուն, բոլոր պաղեստինցիներուն տունդարձի իրաւունքը, եւ աշխարհի վրայ որեւէ ուժ պիտի չկարենայ Պաղեստինի դատը ջնջել», ըսաւ Միքաթի: