Բողոքի Ու Իրազեկման Շարժումներ Երեւանի Մէջ. Բագրատ Արք. Գալստանեան Հանդիպում Ունեցաւ Նախկին Վարչապետներու Հետ
Երէկ Երեւանի մէջ կրկին բողոքի ու իրազեկման շարժումներ կատարուած են: «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցները կարճ ժամանակով փակած են Սայաթ Նովա-Նալբանդեան եւ Սայաթ Նովա-Աբովեան խաչմերուկները: «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» վանկարկումներով քաղաքացիները քալած են մայրաքաղաքի փողոցներով` կոչ ուղղելով մարդոց միանալու իրենց, յորդորելով աշակերտներուն ու ուսանողներուն դասադուլ կատարել: Երիտասարդներուն միացած եւ ճանապարհը փակած վարորդներէն մէկուն ոստիկանները իջեցուցած են ինքնաշարժէն եւ բերման...




















