Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Հայեր Բոլոր Երկիրներու, Միացէ՛ք (Ազգային Մայիս 1-ի Առիթով)

Խմբագրական. Հայեր Բոլոր Երկիրներու, Միացէ՛ք (Ազգային Մայիս 1-ի Առիթով)

Հայրենիքին դիմագրաւած գոյութենական սպառնալիքի ներկայ օրերուն, արուեստական կրնայ հնչել մայիսմէկեան խորհուրդին աւանդական հասկացողութեամբ անդրադառնալը: Դասակարգային պայքարներուն, աշխատաւորներու իրաւազրկումներուն, դրամատիրութեան յաղթարշաւին եւ ընդհանրապէս սենտիքայական շարժումներու տեղատուութիւններուն մասին գրելը կրնայ նոյնիսկ կեղծ օրակարգի տպաւորութիւն ձգել: Այլ խօսքով, պարզապէս մայիս 1-ը նշած ըլլալու եւ մամլոյ անդրադարձ կատարելու պարտականութիւն կրնայ ընկալուիլ: Հայկական մայիս 1-ը ոչ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներու, աշխատանքի ժամերը յարգելու, զանոնք չշահագործելու, արդար...

Վեհափառ Հայրապետները Վերաշեշտեցին Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ամուր Պահելու Հրամայականը

Վեհափառ Հայրապետները Վերաշեշտեցին Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ամուր Պահելու Հրամայականը

Երէկ` երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2024-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ: Վեհափառ հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը: Միաժամանակ, հայրապետները ընդգծեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը...

Աւելի Քան 40 Երկրի Կրօնական Առաջնորդներ  Եւ Հասարակական Գործիչներ Հանդիպումներ  Պիտի Ունենան Բռնագրաւուած Շուշիի Մէջ

Աւելի Քան 40 Երկրի Կրօնական Առաջնորդներ Եւ Հասարակական Գործիչներ Հանդիպումներ Պիտի Ունենան Բռնագրաւուած Շուշիի Մէջ

Միջմշակութային երկխօսութեան 4-րդ համաշխարհային համախմբումի ծիրին մէջ Պաքուի եւ բռնագրաւուած Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան աւելի քան քառասուն երկրի կրօնական ղեկավարներու եւ հասարակական գործիչներու հանդիպումներ: Այս մասին յայտարարած է Կովկասի իսլամներու գրասենեակի նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ արտաքին բաժինի ղեկավար, պատրիարք Քիրիլի փոխանորդ, մեթրոփոլիթ Անաթոլիի հետ հանդիպումի ընթացքին: Փաշազատէ ընդգծած է, որ Կովկասի իսլամներու...

«Մեզի Համար Դատապարտելի Է  Հայ Ժողովուրդին Իրաւունքներէն Եւ Հողերէն Կատարուած Ամէն Զիջում»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մեզի Համար Դատապարտելի Է Հայ Ժողովուրդին Իրաւունքներէն Եւ Հողերէն Կատարուած Ամէն Զիջում» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Փոտքեսթ» յայտագիրին հիւրը: Յ. Բագրատունի հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին` մեծ հօր ու նախահայրերուն կրած տառապանքներուն եւ իրենց կրած Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն` իբրեւ յաջորդող սերունդներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անձնաթուղթին մէջ ան ի՛նչ մականուն կը կրէ` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Բագրատունեան, եւ...

Նեթանիահու. «Գերիներու Փոխանակման Գործարքի  Հասնելու Կարելիութիւնը Չնչին Է, Մեր Ուժերը Ռաֆահ  Մուտք Պիտի Գործեն, Եւ Կազայէն  Ամբողջապէս Հեռանալ Պիտի Չընդունինք»

Նեթանիահու. «Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Հասնելու Կարելիութիւնը Չնչին Է, Մեր Ուժերը Ռաֆահ Մուտք Պիտի Գործեն, Եւ Կազայէն Ամբողջապէս Հեռանալ Պիտի Չընդունինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Պատերազմի նպատակներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ, եւ Ռաֆահի վերաբերեալ փոխզիջում պիտի չընդունինք»: «Սկսանք պաղեստինցիները Ռաֆահէն հեռացնել` առ ի պատրաստութիւն այդտեղ մօտալուտ գործողութեան», պնդեց Նեթանիահու` նշելով. «Գերիներու փոխանակման գործարքի ձեռքբերումի կարելութիւնը չնչին է, եւ Կազայէն ամբողջապէս հեռանալ պիտի չընդունինք»: «Զինադադար եւ գերիներու փոխանակման գործարք ըլլայ կամ ոչ, մեր ուժերը Ռաֆահ մուտք պիտի գործեն Համասը արմատախիլ ընելու համար»,...

Յաջակցութիւն Տաւուշի` Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

Յաջակցութիւն Տաւուշի` Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

Երէկ կանուխ առաւօտէն քաղաքացիները փակած էին Արմաւիր-Գիւմրի միջպետական ճանապարհը` յաջակցութիւն Տաւուշի: Բողոքի շարժումին մասնակիցներուն  կողքին էին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Մհեր Սահակեան: Ոստիկանութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ պէտք է բանալ ճանապարհը. «Երկու վայրկեան ժամանակ կու տանք, եթէ ճանապարհը չբացուի, անկէ յետոյ յստակ կը դառնայ, որ ոստիկանի օրինական պահանջը չէք կատարեր: Ոչ ոք իրաւունք ունի ուրիշի ազատ տեղաշարժը սահմանափակել»: Գեղամ Մանուկեանը նկատած է. «Հասարակական կարգը կը խախտուի...

Ռուստամեան. «Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալը Դառն Պտուղներ Պիտի Բերէ»

Ռուստամեան. «Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Մաս Ճանչնալը Դառն Պտուղներ Պիտի Բերէ»

«Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը տակաւին դառն պտուղներ պիտի բերէ». «Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած «Հայաստանի արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման այլընտրանքային ուղիները» կլոր սեղան-քննարկման ժամանակ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը աւելցուցած է անվտանգութեան ոլորտի մարտահրաւէրները, Ազրպէյճանը Հայաստանը պիտի ներկայացնէ իբրեւ յարձակողապաշտ, նոյնը...

«Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Գործադրեց Ցեղային Զտման Նոր Օրինակ` Նոր Ցեղասպանութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Գործադրեց Ցեղային Զտման Նոր Օրինակ` Նոր Ցեղասպանութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Հաքի Մաուզուն» հարթակի սեփականատէր Ռոնի Ալֆայի հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող այսօրուան ցեղասպանութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման, լիբանանեան ու հայկական ինքնութեան եւ անձնական որոշ տուեալներու: Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Օսմանեան կայսրութեան հիմնական «արժանիքը» ոճրագործութիւնն էր, անիրաւութիւնն ու...

Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Առումով.  Միքաթի Նախագահեց ՄԱԿ-ի Եւ Լիբանանեան Պետութեան Միջեւ Գործակցութիւնը Քննարկելու Յատուկ Ժողովի Մը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Առումով. Միքաթի Նախագահեց ՄԱԿ-ի Եւ Լիբանանեան Պետութեան Միջեւ Գործակցութիւնը Քննարկելու Յատուկ Ժողովի Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Օմրան Ռիզա, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու բաժինի պատասխանատու Էւա Ֆըրկիսըն եւ Միքաթիի խորհրդատու Զիատ Միքաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ...

Պլինքըն. «Քաղաքայիններուն Վնաս Չհասցնելու Ծրագիրի Բացակայութեան Չենք Կրնար Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Աջակցիլ»

Պլինքըն. «Քաղաքայիններուն Վնաս Չհասցնելու Ծրագիրի Բացակայութեան Չենք Կրնար Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Աջակցիլ»

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ քննարկած է գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ընթացող ջանքերը»: Անոնք «քննարկած են Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի հաստատումով գերիներու ազատ արձակման երաշխաւորման համար ընթացող բանակցութիւնները», այն պահուն, երբ զինադուլի հաստատման համար դիւանագիտական ջանքերը կ՛աշխուժանան: «Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծեց Ռաֆահի հարցին նկատմամբ...

Ակնարկ. Հայելային Վերահսկողութիւններու Առաջարկներ

Ակնարկ. Հայելային Վերահսկողութիւններու Առաջարկներ

ՔՈՓ29 եւ կանաչ տեսլականը միջազգային ֆորումի ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնները քանի մը ուշագրաւ առանցքներ ներառած էին: Հայկական կողմը խաչմերուկի իր առաջադրանքը կ՛ուզէ իրականացնել տարածաշրջանէն շատ հեռու գտնուող երկիրներու հետ: Առանց Ազրպէյճանի հետ այս նախագիծերը համաձայնեցնելու, անկարելի է խաչմերուկի առարկայացումը: Այստեղ կը թուի, որ ուղերձը այն է, որ Երեւանը պէտք է Պաքուի կողմէ ճշդուած կանոններու հիման վրայ յանգի խաղաղութեան համաձայնագիրին:  Հանգոյցը...

«Ոճիրին Նկատմամբ Լուռ Մնալը Ոճիրին  Մեղսակցիլ Է. Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանցիներուն  Մասնակցելու Ջահերթին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Պէտք Է Զգուշանալ Շրջուն Ոճիրներէն Եւ Ի Վերջոյ Նստիլ Միջլիբանանեան Խորհրդակցութեան Սեղան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան հըր» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին, նախագահական ընտրութեան անելին, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն: Լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապին մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէին նպատակն է քաղաքական ուժերուն միջեւ...

Պէյրութի Մէջ.   «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Լիբանան  Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չհրաւիրուի»  Հաստատեց Սեժուրնէ

Պէյրութի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Լիբանան Բանակցութեան Սեղան Պիտի Չհրաւիրուի» Հաստատեց Սեժուրնէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէ, որ նախանցեալ գիշեր միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ առաւօտեան այցելեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոնը: Նաքուրայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Սեժուրնէ յայտնեց, որ այսօր եթէ պահ մը ենթադրենք, որ Կազայի մէջ պատերազմ չկայ, ապա անկարելի է ըսել հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ չկայ` վկայելով հարաւային Լիբանանի ստացած բոլոր հարուածները: Ֆրանսայի...

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն  14 Քաղաքային Վիրաւորներ, Իսկ Հըզպալլա Բուռն  Կերպով Կը Ռմբակոծէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 14 Քաղաքային Վիրաւորներ, Իսկ Հըզպալլա Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Իսրայէլեան Մայրուն Խարիսխը

Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Թել Աւիւ կատարած իր այցելութենէն ետք պիտի այցելէ Լիբանան` փորձելով դիւանագիտական լուծումի մը յանգելով վերջ տալ հարաւային սահմանագիծի բախումներուն, Հոքշթայն չայցելեց Պէյրութ, եւ այդ ճիգերուն մասին լուրերը մնացին պակասաւոր: Միւս կողմէ, գետնի վրայ ընթացող բախումները աւելի բուռն բնոյթ ստացան անցեալ շաբաթավերջին, երբ իսրայէլեան կործանիչներ...

Ակնարկ.   Անգարայի Ուղերձները Պատուհանի Եւ Խաւարի Մասին

Ակնարկ. Անգարայի Ուղերձները Պատուհանի Եւ Խաւարի Մասին

Ապրիլ 24-ի հերթական նշումի օրերուն Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները երեք բաժին ունին: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը պաշտօնապէս ուղղուած Երեւանին, ցաւակցութիւնը` Պոլսոյ պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին: Ուղերձները պաշտօնական հասցէներ ունին, այդուհանդերձ հրապարակային ըլլալով բազմաթիրախային են: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձին մէջ առանցքը դասական մարտավարութիւնն է: Սփիւռքը հակադրել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ պատգամել, որ Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է ձերբազատին այդ...

Չիլիի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Չիլիի Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Չիլիի խորհրդարանի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան 25 ապրիլին բողոքած է Հարաւային ամերիկեան երկրի խորհրդարանին կողմէ 24 ապրիլին որդեգրուած որոշումին դէմ` յայտարարելով, որ անիկա «ուժ չունի»: «Խորհրդարանները իրաւասու չեն մեկնաբանելու պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ դատողութիւններ կատարելու», «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` պնդելով, որ բանաձեւը նաեւ կը հակասէ...

Խորհրդարանը Մինչեւ 31 Մայիս 2025 Երկարաձգեց  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Խորհուրդներուն Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը

Խորհրդարանը Մինչեւ 31 Մայիս 2025 Երկարաձգեց Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Խորհուրդներուն Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախանցեալ օր խորհրդարանը գումարեց իր օրէնսդրական լիագումար նիստը` ներկայութեամբ կառավարութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին խորհրդարանը քննարկեց երեսփոխան Ժիհատ Սամատի կողմէ առաջարկուած օրինագիծը, որուն հիման վրայ կ՛առաջարկուի քաղաքապետական եւ թաղապետական խորհուրդներուն պաշտօնավարութեան նստաշրջանը երկարաձգել մինչեւ 31 մայիս 2025, եւ վաւերացուց զայն` ներկայ երեսփոխաններուն մեծամասնութեան քուէներով: Վարչապետարանին Մէջ Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումը եղաւ նաեւ առիթ մը` քննարկելու հարաւային Լիբանանի զարգացումներն ու Լիբանանի ապահովական իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն` Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան հերթական տարելիցի նախօրեակին, կանգնած ենք նոր գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Մեր անժամանցելի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը այսօր, աւելի քան երբեք, վերանորոգելու անհրաժեշտութիւն կայ: Վերջին քանի մը տարիներուն նոր թափ ստացեր են թուրք-ազրպէյճանական դաշինքի թշնամական ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ հայութեան դէմ: Ակնյայտ է, որ հետեւողականօրէն թելադրուող շարք մը նախապայմաններէն է նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդելէն հրաժարելու պահանջը: Հայաստանի իշխանութեան...

Ընդառաջելով Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Կոչին` Լիբանանահայութիւնը Համաժողովրդային Քայլարշաւ-Ջահերթով Վերահաստատեց Իր Պահանջատիրութիւնը

Ընդառաջելով Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Կոչին` Լիբանանահայութիւնը Համաժողովրդային Քայլարշաւ-Ջահերթով Վերահաստատեց Իր Պահանջատիրութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Պարո՛ն Էրտողան, Մի՛ Փորձեր Սփիւռքը Հակադրել Հայաստանին. Հայաստան Եւ Սփիւռք Մէ՛կ Ամբողջութիւն Են, Մենք Մէ՛կ Ազգ Ենք, Մէ՛կ Պահանջատիրութեամբ» 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի կոչին` խուռներամ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւ-ջահերթին եւ ապա Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, որուն ընթացքին երեք քաղաքական...

Page 172 of 796 1 … 171 172 173 … 796

Արխիւներ