Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի. «Թել Աւիւ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ, Եթէ Յարձակում Կատարելու Սխալը Գործէ, Որովհետեւ Լիբանանեան Դիմադրութեան Ուժերը Կատարելապէս Պատրաստ Են Հակադարձելու»

July 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց, որ  Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործելիք որեւէ սխալ անոր շահերուն պիտի չծառայէ եւ շրջանային մակարդակի վրայ նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը հակադարձելով բռնագրաւումին շատ սուղ գին վճարել պիտի տայ:

Քանի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ «լիբանանեան Դիմադրութեան ուժերը կատարելապէս պատրաստ են հակադարձելու:

Ան զգուշացուց, որ թշնամական որեւէ արարք սուղ պիտի արժէ` «նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան անօրինակ ուժը»:

«Իսրայէլացիները Կազայի դէմ 9 ամիս տեւած վայրագ յարձակումէն ետք պիտի չկարենան կացութիւնը 7 հոկտեմբեր 2023-էն առաջուան վերադարձնել», նշեց Քանի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատած է «Իրանին Պաղեստինով հետաքրքրուիլը» եւ դատապարտած Իսրայէլի արարքները:

Ան ցաւ յայտնած է, որ միջազգային ընտանիքը անկարող է Կազայի մէջ իսրայէլեան ցեղասպանական ոճիրները դադրեցնել:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Կազայի մէջ վերջին զարգացումներն ու շրջանին մէջ լարուածութեան ընդլայնման վտանգը:

Ֆիտան ըսած է, որ Լիբանանի մէջ լարուածութեան աճը Իրաքի եւ Սուրիոյ համար հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Նախորդը

Օլմերթ. «Հըզպալլայի Հետ Համապարփակ Պատերազմը Վատ Գաղափար Է` Իսրայէլ Աննախադէպ Կերպով Պիտի Ցաւի, Իսկ Լիբանանը Պիտի Չքանայ»

Յաջորդը

Ըստ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներու Հանդիպման Պայմանաւորուածութիւն Ձեռք Բերելէ Ետք Պիտի Ըլլայ Իրազեկում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.