Հըզպալլան «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակելէն 8 տարի ետք, Արաբական լիկան ետդարձ կատարեց:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտարարեց, որ լիկան Հըզպալլան այլեւս ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի նկատեր: Ան այս մասին յայտարարեց Պէյրութ իր այցելութենէն ետք «Գահիրէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին:
Զաքի բացատրեց, որ Արաբական լիկան նախապէս որոշած էր Հըզպալլան «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակել, ինչ որ պատճառ դարձած էր անոր հետ հաղորդակցութիւններու խզման, սակայն նշեց, որ լիկայի անդամ երկիրները համաձայնած են այդ որակումը չօգտագործել, ինչ որ կուսակցութեան հետ հաղորդակցութիւնը կարելի դարձուցած է:
Ան ըսաւ, որ Արաբական լիկան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու պաշտօնական ցուցակ չունի, եւ անոր ջանքերը գոյացութիւններ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակելը չեն ներառեր:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը ըսաւ, որ լիկան կը զօրակցի որեւէ ջանքի, որ նախագահական թափուր աթոռի աւարտին եւ Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կը յանգեցնէ` նշելով, որ Արաբական լիկան լիբանանեան երեսփոխանական պլոքներուն հետ քննարկած է հարաւային Լիբանանի մէջ հաւանական մագլցումի հարցը:
Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմի հարցը հաղորդակցութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է` յոյս յայտնելով, որ հարցերը չեն զարգանար, որովհետեւ «իսրայէլեան կողմէն եկող ցուցանիշները մտահոգիչ են եւ պատերազմը դէպի Լիբանան ընդլայնելու փափաքի արտայայտութիւն են, ինչ որ Արաբական լիկային կողմէ մերժելի հարց է»: