Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարաւային Լիբանան իր ստուգողական այցելութեան աւարտին յայտնեց. «Այսօր Սուր քաղաք այցելութիւնը բազմերես պատգամներ ունի, առաջին երեսը կը վերաբերի այցելութեանս բանակին մէջ Լիթանիէն հարաւի շրջանի հրամանատարութեան, որ կը վստահեցնենք, որ հայրենիքի թիկունքն ու դարպասն է: Այդտեղ սպաները ինծի կէս ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուցին բանակի պատրաստութիւնն ու կացութիւնը, եւ հաստատօրէն կարիքը կայ սպառազինութիւնն ու զինուորները աւելցնելու` ամբողջական կերպով գործադրելու համար թիւ 1701 որոշումը, որուն կառչած ու յանձնառու կը մնանք, որովհետեւ անիկա հարաւային Լիբանանի մէջ տեւական կայունութեան հաստատման առաջնորդող դուռն է»:
Ան ըսաւ, որ իր այցելութեան երկրորդ երեսը կրթական էր, որովհետեւ շաբաթ օր սկսան պրէօվէի քննութիւնները` նշելով, որ բացակայութեան համեմատութիւնը կէս առ հարիւրէն նուազ էր: Իսկ Սուրի մէջ այցելութեան երրորդ երեսը տարբեր ոլորտներու հետ «շատ կարեւոր հանդիպում»-ն էր:
«Մեզի կ՛ըսեն պատերազմ: Մենք կը տեսնենք` ունինք քանդում ու նահատակներ, եւ կը մաղթենք, որ պատերազմը չընդլայնուի, եւ Աստուծոյ կամքով պիտի չընդլայնուի, եւ մեր սիրելի հարաւին մէջ երկարատեւ կայունութեան կը սպասենք», ըսաւ Միքաթի:
«Մենք միշտ խաղաղութեան ջատագով ենք, եւ մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն ու թիւ 1701 որոշումի գործադրումն է: Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ Լիբանանի դէմ իր իրերայաջորդ յարձակումները, պէտք է դադրեցնէ Կազայի մէջ պատերազմը, եւ բոլորը գործադրեն միջազգային թիւ 2735 որոշումը», յայտնեց ան:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ յայտարարեց. «Այս այցելութեան չէինք սպասեր հարաւին ու անոնց բնակչութեան զօրակցելու համար: Մենք ամբողջովին անոնց կը զօրակցինք եւ միշտ կը հետեւինք անոնց կացութեան: Մենք մեր հարազատներուն կողքին ենք: Դիմադրութիւնը իր պարտականութիւնը կը կատարէ, եւ լիբանանեան կառավարութիւնը իր պարտականութիւնը կը կատարէ, եւ մեր նպատակը բառին բուն իմաստով երկիրը պաշտպանելն է»: