Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Կազայէն Շուրջ 50 Գերիներ Ազատ Արձակեց

Յուլիս 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու ազատ արձակեց Կազայէն շուրջ 50 գերիներ, որոնց շարքին էր «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէն տոքթ. Մոհամետ Ապու Սլմիէն, որ անցեալ նոյեմբերէն ի վեր կալանաւորուած էր:

Իսրայէլեան բանակը բժշկական համալիրին մէջ զինեալներու եւ Համասի ենթակառոյցի գոյութեան պնդումով զայն պաշարելէ, ռմբակոծելէ, ապա այդտեղ ներխուժելէ ետք ձերբակալած էին տոքթ. Սլմիէն ու շարք մը բժիշկներ եւ հիւանդապահներ:

Տոքթ. Սլմիէ ազատ արձակուելէ ետք կատարած իր առաջին յայտարարութեան մէջ նշեց, որ իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող հին ու նոր գերիներուն վիճակը ողբերգական է` կերակուրի եւ ջուրի սակաւութիւն գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ անոնք ֆիզիքական վարկաբեկման կ՛ենթարկուին:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը յղում կատարելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի գրասենեակին յայտնեց, որ ան տեղեակ չէր «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէնը ազատ արձակելու որոշումէն, որ իսրայէլեան բուռն քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Պենի Կանց իր կարգին յայտնեց. «Ան որ «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէն Մոհամետ Ապու Սլմիէն ազատ արձակելու որոշումը տուաւ անմիջապէս պէտք է պաշտօնազրկուի»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն չի կրնար պատերազմը այսպէս ղեկավարել շարունակել, եւ ժամանակն է ընտրութիւններու թուական ճշդելու», նշեց Կանց:

«Այս կառավարութիւնը անարժան է պատերազմը ղեկավարելու եւ պէտք է հրաժարի», ըսաւ ան:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, մէջբերելով Նեթանիահուի գրասենեակին մէկ յայտարարութիւնը, հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետը յայտնած է, թէ բանտարկեալներու ազատ արձակման որոշումը տրուած է «Ստի Եամին» արգելափակման ճամբարին մէջ բանտարկեալներու կալանաւորման դէմ բողոքարկման վերաբերեալ գերագոյն դատարանին մէջ քննարկումներէ ետք` աւելցնելով, որ ազատ արձակուած բանտարկեալներուն ինքնութիւնը անկախ կերպով կը ճշդուի անվտանգութեան պատասխանատուներուն կողմէ` հիմնուելով անոնց արհեստավարժ նկատառումներուն վրայ:

«Իսրայէլ Հայոմ» հաղոդրեց, որ Նեթանիահու հրամայած է այդ հարցին շուրջ «անմիջապէս հետաքննութիւն կատարել»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանն ալ, յղում կատարելով Նեթանիահուի մօտիկ շրջանակներու, հաղորդեց, որ վերջիններս կ՛ըսեն, թէ ան զայրացած է, որ Ապու Սլմիէի ազատ արձակման մասին լրատուամիջոցներէն տեղեակ դարձած է եւ կարելի եղածին չափ շուտ պատասխաններ պահանջած է:

Իսրայէլի ընդհանուր ապահովութեան ծառայութիւնը` Շապաքը յայտարարեց, որ «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէնը ազատ արձակուած է բանտերու խճողուածութեան պատճառով, «եւ ատկէ երկար ատեն զգուշացուցինք»:

Իսրայէլեան բանտերու վարիչ ծառայութիւնը, սակայն, յայտարարեց, որ Սլմիէն «ազատ արձակելու որոշումը տրուեցաւ բանակին եւ Շապաքին կողմէ, եւ բանտերու խճողուածութեան պատճառով չտրուեցաւ»:

Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 13-րդ Կայան.
«
Պատերազմը Իր Ներկայ Պատկերով 10 Օրէն Պիտի Աւարտի»

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ գնահատականներ ցոյց կու տան, թէ ներկայ պատկերով պատերազմին աւարտը 10 օրէն պիտի յայտարարուի, որմէ ետք իսրայէլեան բանակը պիտի անցնի պատերազմի 3-րդ փուլին, եւ Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանին վրայ կարգաւորման համար բանակցութիւններ պիտի սկսին:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը կայանին յայտնած է. «Պատերազմը պիտի չաւարտի: Պիտի գործենք հոն, ուր Համասի գործունէութեան մասին հետախուզական տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին»:

Ան նշեց, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ Կազայի մէջ գործել` օդային յարձակումներու եւ հարուածներու ճամբով:

Իսրայէլեան Բանակէն Աղբիւր Մը. «Համաս Կրցաւ
Զինուորական Եւ Ելեւմտական Գետնի Վրայ Ինքզինք Վերականգնել»

Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է. «Շուժահիայի մէջ գործողութեան ընթացքին գտանք, որ Համաս շարժումը կրցած է զինուորական եւ ելեւմտական գետնի վրայ ինքզինք վերականգնել»:

«Համաս Շուժահիայի մէջ հաստատեց տասնեակներով մարտական դիրքեր, ուր 6 ամիս առաջ գործողութիւններ տեղի ունեցած էին», նշած է աղբիւրը:

 

Նախորդը

«Պաղեստինեան Հողերու Վրայ Որեւէ Օտար Ներկայութիւն Անօրինական Է» Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Ծայրայեղ Աջը Առաջին Անգամ Ըլլալով Առաջին Դիրքի Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?