Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան 10 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

July 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Աղէտներ հակազդելու «Սալման թագաւոր»-ի կեդրոնին եւ Լիբանանի մէջ Աղէտներու շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդին միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիան Լիբանանի մէջ «Սալման թագաւոր»-ի կեդրոնին ճամբով 10 միլիոն տոլարի նիւթական նպաստ պիտի տրամադրէ»:

Պուխարի ըսաւ, որ այս աջակցութիւնը բնական արդիւնքն է մարդասիրական եւ աղէտներու շտապ հակազդման աջակցելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ կայունութեան ու բարգաւաճման իրագործման նպաստելու Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան նախանձախնդրութեան:

«Սէուտական Արաբիոյ տրամադրած այս աջակցութիւնը շարունակութիւն է թագաւորութեան եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցութեան երթին` մեկնելով արաբական վաւերական եղբայրութեան թելադրած պարտականութենէն», նշեց Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան «էր եւ պիտի մնայ Լիբանանի մեծ եղբայրը, որ արաբական ու միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ կը փորձէ պահպանել անոր անվտանգութիւնը, կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու զաւակներուն միասնականութիւնը»:

Միքաթի նշեց, որ այս առիթը իրաւամբ Սէուտական Արաբիոյ, յանձինս Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին, Լիբանանի, անոր կայունութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ անոր աջակցութեան յանձնառութեան արտայայտութիւնն է:

«Լիբանանն ու Սէուտական Արաբիան զիրար կապող եղբայրական ամուր յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն աւելի խոր դարձան ու արմատացան, եւ այդ ընթացքին թագաւորութիւնը Լիբանանի կողքին էր ու լիբանանցիներու միասնականութեան պահպանման հսկիչն էր», ըսաւ ան:

«Կառչած կը մնանք ամբողջական գործադրութեանը Թաէֆի համաձայնագիրին, որ կը շարունակէ երկրին հարցերը կառավարելու եւ սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքին յարմար շրջագիծը մնալ», յայտնեց Միքաթի` աւելցնելով, որ իրեն հետ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին պըն Սալման իշխանը զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանի իր տագնապէն դուրս բերման, պայմանով, որ անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարուին եւ լիբանանեան կառոյցները իրենց դերը ամբողջական կերպով կատարեն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի նախագահի ընտրութեան:

«Այս պատասխանատուութիւնը մեր` լիբանանցիներուս ուսերուն վրայ է, եւ մեզմէ պահանջուածը այն է, որ մեր պարտաւորութիւնը կատարենք` աջակցութեամբը բարեկամ պետութիւններու, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ», աւելցուց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Նախորդը

Արաբական Լիկան Զաքիի Յայտարարութենէն Ետդարձ Կատարեց

Յաջորդը

Խարազի. «Եթէ Իսրայէլ Լայնածաւալ Պատերազմ Շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային Աջակցելու Համար Բոլոր Միջոցները Պիտի Օգտագործէ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.