Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Մօտենայ Համասի Զինուորական Կարողականութեան Ոչնչացման»

July 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ կը մօտենայ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական կարողականութեան վերջնական ոչնչացման:

Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կը յառաջանանք դէպի Համասի բանակի ոչնչացման փուլի աւարտը, եւ պիտի շարունակենք անոնց մնացորդները հարուածել»:

Նեթանիահու նշեց, որ «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէնի ազատ արձակումը մեծ սխալ եւ բարոյական ձախողութիւն է` աւելցնելով, որ այդ որոշումը տրուած է առանց քաղաքական ղեկավարութեան իմացութեան:

Իսրայէլի վարչապետը այդ դէպքի կրկնութիւնը արգիլելու համար ցուցմունք տուած է հետաքննութիւն կատարելու եւ կազմելու խումբ մը` կալանաւորուածներու ինքնութիւնը ստուգելու եւ հարցաքննութեան աւարտէն ետք անոնց ազատ արձակումը վաւերացնելու համար:

Պաշտօնատարներ, սակայն, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Իսրայէլի բարձրաստիճան զօրավարները կ՛ուզեն Կազայի մէջ զինադադար հաստատել, նոյնիսկ եթէ ատիկա Համասի գոյատեւման յանգեցնէ»:

«Զօրավարները կը կարծեն, թէ զինադադարը տակաւին կալանաւորուած 120 իսրայէլացիները ազատելու լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ», նշած են աղբիւրները:

«Իսրայէլի զօրավարները կը կարծեն, որ իրենց ուժերը հանգչելու ժամանակի կը կարօտին, եթէ Հըզպալլայի դէմ ցամաքային պատերազմ պիտի ըլլայ», ըսած են աղբիւրները:

«Նիւ Եորք Թայմզ» նաեւ կը հաղորդէ, որ պաշտօնատարները յայտնած են. «Համասի հետ զինադադարը կրնայ նաեւ Հըզպալլայի հետ համաձայնութեան գոյացումը դիւրացնել, ինչպէս նաեւ մեր կարգ մը ուժերը հիւսիս տեղափոխելը կրնայ հանգչեցնել բանակը, եթէ Հըզպալլայի հետ աւելի լայնածաւալ պատերազմ ծագի»:

Մեկնաբանելով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի լուրը` Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Պատերազմը պիտի չդադրեցնենք, մինչեւ որ յայտարարուած բոլոր նպատակները իրագործենք»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Իրանի Մէջ «Խորքային Փոփոխութիւն Մը» Չի Նախատեսեր, Անկախ Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքէն

Յաջորդը

24 Յուլիսին Լիբանանի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Խորհրդակցական Նիստ

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.