Ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միաւորումը Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գրաւեց առաջին դիրքը, ինչ որ վատ կացութիւն կը ստեղծէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի համար, որ 9 յունիսին Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան բերած վատ արդիւնքին լոյսին տակ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու հրաւիրած էր:
Նախնական տուեալներուն համաձայն, Մարին Լը Փենի ղեկավարած Ազգային միաւորումը ապահոված է քուէներուն 33,1 առ հարիւրը, ձախակողմեան Նոր ժողովրդային ճակատը` 28 առ հարիւրը, իսկ Մաքրոնի ղեկավարած Միասինը` 20 առ հարիւրը:
Առաջին փուլին ընտրուած են 76 երեսփոխաններ:
Կիրակի օրուան քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 66,7 առ հարիւր էր: Քանի մը հարիւր շրջանի մէջ երկրորդ փուլին մասնակցութեան իրաւունք ստացած է երեքական թեկնածու, ինչ որ տակաւին չ՛ապահովեր նոր խորհրդարանին մէջ ուժերու վերջնական պատկերը:
Կուսակցութիւնները այժմ կը քննարկեն Մարին Լը Փենի իշխանութեան հասնիլը կանխարգիլելու կարելիութիւնները:
Մինչ Մաքրոն քուէարկողներուն կոչ ուղղեց` խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին ծայրայեղ աջին դէմ կազմելու «մեծ դաշինք մը, որ յստակօրէն ժողովրդավարական ու հանրապետական է», Լը Փեն ըսաւ. «Մաքրոնի ճամբարը գործնականապէս բնաջնջուեցաւ»:
Գործող վարչապետ Կապրիել Աթալ քուէարկողներուն կոչ ուղղեց` «խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին ծայրայեղ աջակողմեաններուն ոչ իսկ մէկ քուէ տալու»: «Ծայրայեղ աջը իշխանութեան հասնելու շեմին է եւ կրնար բացարձակ մեծամասնութիւն կազմել: Մեր նպատակը յստակ է` երկրորդ փուլին Ազգային միաւորումը յաղթանակ արձանագրելէ արգիլել»:
Ֆրանսայի մէջ ընտրելու իրաւունք ունի 49,5 միլիոն բնակիչ: Ֆրանսական խորհրդարանը կը բաղկանայ 577 երեսփոխաններէ, որոնք կ՛ընտրուին 5 տարուան ժամկէտով: Քաղաքական կուսակցութիւն մը խորհրդարանին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմելու համար պէտք է ապահովէ 289 աթոռ:
7 յուլիսին նշանակուած երկրորդ փուլին կրնան մասնակցիլ առաջին փուլին քուէներու առնուազն 12,5 առ հարիւրը ստացած թեկնածուները: