Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երրորդ Փուլին Ներառուած Գործընթացները

Յուլիս 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական խօսափող նկատուող իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հրապարակած լուրը ուշագրաւ է եւ կրնայ լոյս սփռել հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ:

Ուրեմն, ըստ այդ հրապարակումին, կը նախատեսուի, որ պատերազմի ներկայ ընթացքը կ՛աւարտի տասը օրէն, որմէ ետք բանակը կ՛անցնի պատերազմի երրորդ փուլին եւ կը ձեռնարկէ Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանի կացութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն:

Այս տեղեկատուութիւնը քանի մը գործընթացի նախադրեալ կը բովանդակէ: Առաջինը այն, որ Կազայի մէջ հրադադարի շուրջ համաձայնութիւնը օրերու խնդիր է: Հրադադարէն ետք,  Իսրայէլ պիտի անցնի պատերազմի երրորդ փուլին: Այս երրորդ փուլը սակայն զուգակցուած է Իսրայէլ-Լիբանան սահմանը կարգաւորելու առաջադրանքով տեղի ունենալիք բանակցութիւններով:

Կազայի հրադադարը ինքնին դուռ պիտի բանայ բանակցութիւններու: Ոչ միայն գերիներու կամ պատանդներու առումով, այլեւ ընդհանրապէս Կազայի կարգավիճակի ճշդումի օրակարգով: Աւելի հեռահար կտրուածքով` երկու պետութիւն միջազգային օրակարգով:

Պատերազմ-հրադադար-բանակցութիւններ շղթան յայտնաբար առարկայական դրսեւորումներ կ՛ունենայ: Այս տեսութիւնը կ՛աշխատի Կազայի պարագային:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանի այս հրապարակումը իր մէջ կը բովանդակէ Կազայի եւ Լիբանանի հետ սահմանի խնդիրներուն փոխկապակցուածութիւնը: Փուլային շղթային կը ներառուի լիբանանեան սահմանը, որուն համար պատերազմի երրորդ փուլ ձեւակերպումը կը տրուի:

Փոխկապակցուածութիւնը քանի մը հաւանականութեան մասին մտաբերել կու տայ:

Առաջինը այն, որ Կազայի հրադադարը ինքնաբերաբար հրադադարը կ՛առաջնորդէ նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային գօտի:

Երկրորդը այն, որ Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելէ ետք, Իսրայէլ կը սանձազերծէ ռազմական գործողութիւններ հարաւային Լիբանանի գօտիին մէջ: Այս բեմագրութիւնը կրնայ լիովին տեղադրուիլ նախահրադադարային իրավիճակի սահմաններուն մէջ: Սաստկացնել գործողութիւնները եւ յանգիլ հրադադարի:

Երրորդը փոխսպառնալիքներու առարկայացումն է, առաստաղի բարձրացման եւ գործողութիւններու ծաւալման առումներով:

Առանց բացառելու վերջին հաւանականութիւնը, պարզապէս ընդգծենք, որ սպառնալիքներու նշաձողերու աննախադէպ բարձրացումը փոխհակակշռումի եւ կողմերու միջեւ զիրար կանխազգուշացնելու տրամաբանութեամբ կրնայ բացատրուիլ: Ի վերջոյ բարձրաձայնուող սպառնալիքները հարաւային ռազմական գօտի հատելու եւ տարածաշրջանային տարողութիւն ստանալու մասին են. այլ խօսքով` ըստ էութեան Իրան-Իսրայէլ պատերազմի: Ինչ որ ներկայ պահու դրութեամբ կը թուի, որ չի բխիր երկու պետութիւններու շահերէն:

Փոխկապակցումը քաղաքական տրամաբանութեամբ աւելի համոզիչ կը հնչէ: Երրորդ փուլին ներառուած բանակցութիւնները ի վերջոյ միայն հրադադարի չեն վերաբերիր: Խօսքը ցամաքային սահմանազատումի մասին է: Այստեղ պէտք է մտաբերենք, որ երկար ձգձգումներէ ետք համաձայնեցուած ծովային սահմանազատումը կը յուշէր, որ կողմերը պիտի անցնին նաեւ ցամաքայինին: 1701-ը դարձեալ օրակարգ պիտի ըլլայ, ապա  լիբանանեան բռնագրաւուած տարածքները եւ ապա ցամաքային սահմանազատումը:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ ռազմական գործողութիւնները շատ արագ իրենց տեղը կը զիջին քաղաքական բանակցութիւններուն:

Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի փոխկապակցուածութեան մասին ընդգծում կը կատարէր Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը` յայտարարելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ մագլցումը կարելի չէ վերահսկողութեան տակ առնել, առանց Կազայի մէջ ամբողջական զինադադարի հաստատման:

Շարունակենք փոխկապակցումի տեսութեան տրամաբանութիւնը: Կազայի պատերազմին առընթեր սաստկացան հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմական բախումները, մերթ ընդ մերթ հատելով նաեւ ռազմագօտիի սահմանները: Կազայի մէջ հաւանական հրադադար մը իր արտացոլացումը կրնայ ունենալ հարաւային Լիբանանի մէջ: Նոյն հետեւողութեամբ ալ այնտեղ սկսուելիք բանակցութիւնները` այստեղ:

«Ա.»

Նախորդը

Պլինքըն. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Բացառիկ Կարելիութիւն Կայ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յուլիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?