Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կացութեան սրումը կանխարգիլելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը» շեշտած է: Այս մասին հաղորդեց Էլիզէի պալատը:
Էլիզէի պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Մաքրոն «անգամ մը եւս իր մտահոգութիւնը յայտնեց Կապոյտ գիծի երկայնքին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւնը շեշտեց կանխարգիլելու կացութեան բռնկումը, որ կրնայ վնաս պատճառել թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Իսրայէլի շահերուն, եւ վտանգաւոր զարգացում մը դառնալ մասնաւորաբար շրջանային կայունութեան համար»:
Մաքրոն Նեթանիահուն յորդորած է Խան Եունեսի մօտ եւ Ռաֆահի մէջ «նոր գործողութիւն» չշղթայազերծելու` նշելով, որ ատիկա միայն «մարդկային կորուստներու եւ մարդասիրական աղէտալի կացութեան բարդացման պիտի յանգեցնէ»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան տեղեկատուութեան մը համաձայն, իսրայէլեան բանակը մտադիր է յառաջիկայ օրերուն աւարտել հարաւային Ռաֆահի մէջ երկու ամիսէ ի վեր ընթացող իր զինուորական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ աւարտել պատերազմի ներկայ ձեւը:
Նեթանիահու իսրայէլեան բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ Ռաֆահի մէջ գործողութիւնը աւարտելուն եւ Կազայի դէմ պատերազմի ձեւին արմատական փոփոխութեան շուրջ քննարկում կը կատարէ: Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, ատիկա կը նշանակէ անցնիլ օդային յարձակումներու ընկերակցութեամբ կեդրոնացած եւ որոշակի խուզարկման գործողութիւններու: