Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Բոլորի Ցանկութիւնն Է, Որ Այս Դարպասները Երբեք Թշնամի Չտեսնեն» Սիւնիքի Մէջ Ընդգծեց Բագրատ Սրբազան

July 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող «Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան անցեալ շաբաթավերջին շարժումին աջակիցներուն հետ այցելեց Սիւնիք: Սրբազանը նախ կանգ առաւ Վայքի մէջ, Ս. Տրդատ եկեղեցիին մէջ աղօթեց եւ խօսեցաւ «Սրբազան պայքար»-ի նպատակներուն մասին:

«Սա միայն իշխանափոխութեան մասին չէ: Իշխանափոխութիւնը պարզապէս փոքրիկ բաղադրիչ մըն է, ով որ չ՛ընկալեր ատիկա, կապ չունի շարժումին հետ: Ինչի մէջ որ մենք կը գտնուինք` իբրեւ «Սրբազան պայքար», մեզի համար արժէքներու եւ քաղաքակրթական փոփոխութիւններու մասին է, մեր ակունքին, ինքնութեանը վերադառնալու մասին է», նշեց Բագրատ սրբազանը:

Բագրատ սրբազանին խումբ մը բնակիչներ դիմաւորեցին Սիւնիքի դարպասներուն մօտ: Ան այցելեց Մեղրի, ինչպէս նաեւ Ներքին Հանդ, Դաւիթ Բէկ եւ Շուռնուխ գիւղերը, Կապանի, Քաջարանի եւ Գորիսի բնակիչներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ: Բագրատ արքեպիսկոպոսը նորէն խօսեցաւ շարժման մարելու պնդումներուն մասին: Յորդորեց, որ շարժումը իւրաքանչիւրին անձնականը դառնայ, որպէսզի կարենան չարիքին դէմ պայքարիլ:

«Մեր բոլորին ցանկութիւնն է, աղօթքն է, պայքարն է, որ այս դարպասները երբեք թշնամի չտեսնեն», ընդգծեց նա:

Ազգային ժողովին մօտ 12 յունիսին ոստիկաններու եւ ցուցարարներու բախումներէն ետք Բագրատ սրբազանը դադրեցուց զանգուածային հաւաքները, անհնազանդութեան շարժումները, վերադարձաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակ` պայքարը վերաձեւակերպելու եւ հետագայ քայլերը քննարկելու համար:

Իշխանութեան ներկայացուցիչները Բագրատ սրբազանի պայքարին սկիզբէն կը յայտարարէին, թէ կեղծ օրակարգ է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը եւ այս պայքարը պիտի մարի: Սրբազանը յայտարարած էր, թէ պիտի չնահանջէ, կ՛երթայ պայքարը վերաձեւակերպելու:

«Տարաբնոյթ խօսակցութիւններ կան` կասկածներ արթնցնելու, կասկածներ ներդնելու, այդ բոլորը շատ լաւ են, այսպէս կոչուած, այս հանդարտութեան օրերուն ամէն ինչ շատ պարզ կը բացայայտուի, ամէն ինչ շատ տեսանելի կ՛ըլլայ, մենք մեր ուղին աւելի կը կարողանանք բիւրեղացնել, մեր կեդրոնացումը աւելի ճիշդ պահել, որպէսզի մեր հարուածն ալ, մեր չարիքի հեռացումն ալ ճիշդ ժամանակին ու ճիշդ ճանապարհով տեղի ունենայ», նշեց Բագրատ սրբազանը:

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Պորել Շրջանային Ու Միջազգային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցերու Շուրջ Միտքեր Փոխանակած Են

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (1 Յուլիս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.