Անդրադառնալով Նասրալլայի Զգուշացումին` «Հակամարտութեան Մէջ Ներգրաւուած Չենք, Որեւէ Կողմի Կողմնակից Չենք Եւ Լուծումին Մաս Կը Կազմենք, Եւ Ոչ Թէ` Խնդիրին» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը
Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես, մեկնաբանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Կիպրոսին ուղղուած զգուշացումը յայտարարեց. «Մենք հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած չենք, որեւէ կողմի կողմնակից չենք եւ լուծումին մաս կը կազմենք, եւ ոչ թէ` խնդիրին»: Խրիսթոտուլիտես Կիպրոսի համալսարանի շրջանաւարտներու ձեռնարկին ընթացքին լրագրողներուն յիշեցուց Կիպրոսի մարդասիրական օժանդակողի դերակատարութիւնը, «որ համաշխարհային գետնի վրայ, մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ ճանչցուած է»: «Մեր (դէպի Կազա) մարդասիրական միջանցքը...




















