Իրանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման համաձայնութեան գոյացումը կրնայ յետաձգել Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահի սպանութեան վրէժը լուծելու համար Իսրայէլին ուղղուելիք Իրանի պատասխանը»:
Իրանցի պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ միասին Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում մը պիտի շղթայազերծենք, եթէ Կազայի բանակցութիւնները ձախողին կամ եթէ զգանք, թէ Իսրայէլ կը ձգձգէ բանակցութիւնները»:
Նշենք, որ Քաթարի իշխանը, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իսրայէլն ու Համասը հրաւիրած են 15 օգոստոսին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւնները Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ շարունակելու:
Իրանեան երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին. «Թեհրան առաջին անգամ ըլլալով Կազայի շուրջ բանակցութիւններուն ներկայացուցիչներ ուղարկելու հարցը կը քննարկէ»:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց. «Թեհրան Կազայի բանակցութիւններուն ուղղակի կերպով պիտի չմասնակցի, սակայն անոր ներկայացուցիչները քուլիսներուն մէջ պիտի ըլլան»:
Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր կարգին մէջբերելով Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի խորհրդականին յայտարարութիւնները հաղորդեց. «Հանիէի ահաբեկումը հետախուզական գործողութիւն էր, եւ անոր պատասխանը նոյն բնոյթի պիտի ըլլայ»:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Սպիտակ տունը կ՛ենթադրէ, որ Իրան այս շաբաթ կրնայ Իսրայէլի վրայ մեծ յարձակում գործել: Ատիկա կրնայ յարձակումներու զգալի շարք ըլլալ»:


