Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Ուքրանական Ուժերու Քուրսք Ներխուժումը Փութինի Համար «Իսկական Երկընտրանք» Կը Նկատէ

Օգոստոս 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանած է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու Ռուսիոյ Քուրսքի մարզ ներխուժումը` կացութիւնը կոչելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար «իսկական երկընտրանք»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Ասիկա իսկական երկընտրանք կը ստեղծէ Փութինի համար», Նիւ Օրլինզի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Պայտըն:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զօրքերու յառաջխաղացման հարցով մնայուն կապի մէջ են ուքրանական կողմին հետ:

Սպիտակ տան բանբեր Քարըն Ժան-Փիեռ լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ուքրանական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին նախապէս չեն տեղեկացուցած Քուրսքի մարզ ներխուժելու մասին:

«Մենք ատոր հետ կապ չունինք: Ուքրանիան ինք պէտք է խօսի իր զինուորական գործողութիւններուն մասին: Այս հարցին մէջ մեր քաղաքականութիւնը չէ փոխուած», ըսած է Սպիտակ տան բանբերը:

Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Փաթրիք Ռայտըր իր կարգին յայտնեց, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները նախապէս չեն զգուշացուցած Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Քուրսքի շրջանին վրայ ուքրանական ուժերու յարձակումին մասին` աւելցնելով, որ իրենք խորհրդակցութիւններ կը կատարեն:

Փենթակոնի պաշտօնատարին համաձայն, Քուրսքի շրջանին մէջ ամերիկեան զէնքի կիրարկումով հարուածներ հասցնելը կը համապատասխանէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան:

«Առայժմ ես կ՛ըսեմ, որ, ըստ մեր գնահատականներուն, ատոնք մեր հաստատած քաղաքականութեան ծիրին մէջ են, այդ քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, մասնաւորաբար, ամերիկեան զէնքի կիրարկումի մասով», ըսած է Ռայտըր:

Պայտըն մայիսին Քիեւին արտօնած էր ամերիկեան զէնքերը օգտագործել Ռուսիոյ տարածքին մէջ թիրախներ հարուածելու համար` Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ ռուսական յարձակումը ետ մղելու համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճէյմս Օ՛Պրայըն չորեքշաբթի հասած է Քիեւ: Ուքրանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Պրիճիթ Պրինքս ողջունած է Օ՛Պրայընի այցելութիւնը` շեշտելով. «Այս այցելութիւնը մեծ ուղերձ ունի»:

«Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիոյ աջակցութիւնը անսասան է», «Էքս»-ի վրայ գրած է դեսպանը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, թէ Փութին չկրցաւ կտրել ուքրանական բանակի դիմադրութիւնը եւ այժմ ստիպուած է նահանջել Ռուսիոյ տարածք:

«Ես վերահաստատեցի Եւրոպական Միութեան լիակատար աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդի պայքարին», գրած է ան:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Ռուսիա իր զօրքերուն մէկ մասը դուրս կը բերէ Ուքրանիոյ տարածքէն` Քուրսքի մէջ Ուքրանիոյ բանակի յարձակումին պատասխանելու համար:

Անոնք ընդգծած են, թէ Ուքրանիա ներխուժելէ ի վեր առաջին անգամն է, որ Մոսկուա իր ստորաբաժանումները դուրս կը բերէ Ուքրանիոյ տարածքէն:

Ամերիկացի վերլուծաբանները տակաւին չեն յստակացներ, թէ որքա՛ն ուժ կը տեղափոխուի Ռուսիա եւ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն վրայ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ հակառակ բարդ ու բուռն մարտերուն, ուքրանական ուժերը կը շարունակեն Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ յառաջ շարժիլ, եւ այժմ շրջանի 74 բնակավայրեր կը գտնուին Ուքրանիոյ վերահսկողութեան տակ:

Զելենսքի նաեւ ըսած է, որ մնայուն կապի մէջ է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքիի հետ, որ կը զեկուցէ ճակատին վրայ տիրող կացութեան եւ Քուրսքի շրջանին մէջ գործողութեան յառաջընթացին մասին:

Ուքրանական ուժերը արդէն 9-րդ օրն է, որ կը շարունակեն Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ իրենց լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնը:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի նախապէս յայտնած էր, թէ Փութին կրնայ դադրեցնել Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը, եթէ այդքան մտահոգուած է Քուրսքի շրջանին մէջ տիրող կացութեամբ:

«Ասիկա Ուքրանիոյ դէմ Փութինի պատերազմն է, եւ եթէ բան մը անոր հաճելի չէ, եթէ բան մը զինք չի բաւարարեր, կայ շատ պարզ լուծում մը` թող դուրս գայ Ուքրանիայէն եւ դադրեցնէ պատերազմը», ըսած էր Քըրպի:

 

Նախորդը

Իրանի Ծովուժը Ռազմափորձեր Կատարեց Կասպից Ծովուն Մէջ` Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Մօտ

Յաջորդը

Պայտըն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Իրան Իսրայէլին Հակադարձելէն Ետդարձ Կատարէ, Եթէ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյանայ»

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?