Երկու նախարարներ, Քնեսեթի անդամ մը եւ 2250 բնակեցուածներ ու իսրայէլացի ծայրայեղականներ երէկ առաւօտեան «Տաճարի քանդման յիշատակ»-ին առիթով իսրայէլեան ոստիկանութեան պաշտպանութեան տակ ներխուժեցին Աքսայի մզկիթի շրջափակ:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը պաղեստինցիներուն արգիլեց նամազ կատարելու համար մզկիթ մուտք գործել: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ բնակեցուածները մզկիթին մէջ բարձրացուցած են իսրայէլեան դրօշը:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր Աքսա ներխուժելու ընթացքին յայտարարեց. «Տաճարի լերան (Աքսայի մզկիթ, «Ա.») վրայ գերիշխանութիւն ու վերահսկողութիւն հաստատելու նկատմամբ մեծ յառաջընթաց գոյութիւն ունի, եւ մեր քաղաքականութիւնը հրեաներուն այստեղ աղօթելը արտօնելն է»:
«Պէտք չէ Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ խորհրդաժողովներու (Կազայի հարցով բանակցութիւններուն, «Ա.») երթալ, այլ Համաս շարժումին վրայ յաղթանակ արձանագրել եւ զայն ծունկի բերել», ըսաւ Պեն Ղաֆիր:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այն, ինչ որ այսօր առտու Տաճարի լերան վրայ տեղի ունեցաւ, գոյութիւն ունեցող իրաւական կացութեան խախտում մըն է»:
«Տաճարի լերան վերաբերեալ քաղաքականութեան մշակումը ուղղակի կերպով ենթակայ է վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին», ընդգծեց գրասենեակը` աւելցնելով. «Ոեւէ նախարարի կամ ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիրի եւ ոեւէ այլ նախարարի Տաճարի լերան վերաբերեալ սեփական քաղաքականութիւն գոյութիւն չունի»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ ըսաւ, որ Պեն Ղաֆիրի Աքսայի մզկիթի շրջափակին մէջ ընտրական քարոզարշաւը «մեր քաղաքացիներուն եւ ուժերուն կեանքերը կը վտանգէ»:
Համաս շարժումը իսրայէլացի նախարարներ Իթամար Պեն Ղաֆիրի եւ Եիցհաք Կոլքնոփֆի բնակեցուածներու ընկերակցութեամբ Աքսայի մզկիթ ներխուժումը «մեր ժողովուրդին ու անոր սրբութիւններուն վրայ յարձակումին շարունակութիւնն է, եւ իսլամներու զգացումներու գրգռութիւն»:
Համաս շարժումը ընդգծեց, որ հրէական տօներու առիթով բնակեցուածներու Աքսայի մզկիթ իրերայաջորդ ներխուժումներն ու իսրայէլեան դրօշ բարձրացնելը պիտի չկարենան զայն հրէականացնել եւ անոր արաբական ու իսլամական ինքնութիւնը խաթարել` աւելցնելով, որ անոնց արարքները հաշուետուութեան ենթարկելու եւ զսպելու համար միջազգային ընտանիքին կողմէ լուրջ կեցուածք կը պահանջուի:
Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Բնակեցուածներուն Աքսայի մզկիթ ներխուժումները Երուսաղէմին ու անոր սրբավայրերուն վրայ ամբողջական վերահսկողութեան հաստատման ճամբան կը հարթեն»: Նախարարութիւնը զգուշացուց այդ արարքներուն «տագնապի թատերաբեմին ու ամբողջ շրջանին վրայ ունենալիք վտանգաւոր հետեւանքներէն»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց արարքը` նշելով, որ իսրայէլեան կառավարութեան ու անոր ծայրայեղական անդամներու Աքսայի մզկիթ ներխուժումները բացայայտ կերպով կը խախտեն միջազգային օրէնքը:


