Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Ներկայ Փուլին Լիբանանցիները Միաւորող Միակ Մտահոգութիւնը Իսրայէլեան Սպառնալիքներն Ու Շարունակուող Յարձակումը Դիմակայելն Է»

August 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շարունակեց վարչապետարանին մէջ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան պատրաստած արտակարգ կացութեան ծրագիրի հետապնդման ծիրին մէջ ժողովներու շարքը:

Միքաթի ժողովներուն ընթացքին շեշտեց. «Ներկայ փուլին լիբանանցիները միաւորող միակ մտահոգութիւնը իսրայէլեան նոր սպառնալիքներն ու ամիսներէ ի վեր Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումը դիմակայելն է»:

Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքն ու միջազգային մարմիններն ու կազմակերպութիւնները պէտք է Լիբանանի նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն եւ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ անոր աջակցին, մանաւանդ որ սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով երկիրը ծանր բեռի տակ կը գտնուի:

«Իսրայէլեան յարձակումն ու սպառնալիքները պէտք են յաւելեալ ու հիմնական խթան հանդիսանան լիբանանցիներու միասնականութեան եւ չարծարծելու կողմնակի վէճեր, որոնց ատենը չէ հիմա», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը` ողջունելով «լիբանանցի գաղթականները ընդունելու քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները»:

«Նախարարաց խորհուրդը վաղը մանրամասն կերպով պիտի քննարկէ ազգային արտակարգ իրավիճակի եւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առնչուող միջոցառումները», ըսաւ ան:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ժողով գումարեց Սննդեղէնի համաշխարհային գործակալութեան շրջանային տնօրէն Մեթիու Հոլենկորթի հետ եւ ծանօթացաւ գործակալութեան ծրագիրին ու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ տեղահանուածներու համար տրամադրած օգնութեան:

Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատարի խորհրդական Զիատ Միքաթի:

Միքաթի հանդիպում ունեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որ հանդիպումէն ետք գովաբանեց Միքաթիի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ «ամբողջական գործընկերութեամբ» կատարած` պատերազմէն խուսափելու համար դիւանագիտական ու միջազգային հաղորդակցութիւնները եւ ըսաւ. «Վերջնական լուծումը Կազայի մէջ զինադադարն է, եւ եթէ այդտեղ զինադադար հաստատուի, ապա ատիկա շրջանին մէջ հարցերը ընդհանուր առմամբ կ՛առաջնորդէ դէպի լարուածութեան մեղմացում եւ դէպի պատերազմ իսրայէլեան մղումի զսպում»:

Միքաթի նաեւ ընդունեց նախկին նախարար Պութրոս Հարպը:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Միքաթիի Եւ Պու Հապիպի Հետ

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան. Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին Յայտարարուեցան Կարտինալ Աղաճանեանի Աճիւններուն Լիբանան Ժամանումի Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.