Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Թեհրանի Ուղերձը Ազրպէյճանի Մէջ Գտնուող Իսրայէլեան Ռազմակայաններուն

August 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահին առաջարկը`  թիրախաւորելու Իրանի դրացի երկիրներուն մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները, մանրադիտակի տակ պէտք է դիտարկէ հայ քաղաքական ոսպնեակը: Առաջարկը այլ բաժին ալ ունի. բացի Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող իսրայէլեան յենակէտերէն, թիրախաւորել նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ Իսրայէլի առնչուած ռազմակայանները, եւ մինչ այդ տուեալ երկիրները տեղեակ պահել եւ աւարտին հասցնել ամբողջ խնդիրը: Իրանի նախագահը նաեւ առաջարկած է Հըզպալլան աւելի ժամանակակից զէնքերով զինել եւ անոր արտօնել կռուիլ Իրանի կողմէ մեծ աջակցութեամբ:

Նախ յայտարարութիւնը կ՛ընկալուի փոխադարձ սպառնալիքներու առաստաղներու բարձրացման այս օրերուն արձանագրուող մագլցողականութեան տրամաբանութեան մէջ: Սպառնալիք-սպառնալիքի դիմաց  իւրօրինակ «բանակցութիւններ»-ուն այս ձեւով ակնարկ կը կատարուի երկու երկիրներէն դուրս այլ ռազմական նոր տարածքներ եւս ներգրաւել իբրեւ թիրախ:

Ուշադիր ընթերցումը պիտի նկատէ, որ Իրանի նախագահը առաջարկ կը կատարէ: Այնպէս չէ, որ որոշած է եւ հրաման կը հրապարակէ: Հարցը քննելի է, ուղերձը հասցէական է եւ սպառնալիք է դիմացի կողմին. նոյնիսկ զսպումի տարր կը պարունակէ:

Բնականաբար հասցէներուն ներառուած են այն երկիրները, ուր Իսրայէլ ռազմական յենակէտեր ունի: Երրորդ երկիրները բնականաբար պիտի ուզեն զերծ մնալ հաւանական բախումներէ եւ ճնշում բանեցնեն Իսրայէլի վրայ` բռնկումի պարագային իրենց ռազմակայանները չօգտագործելու:

Ուղերձային այլ կէտ մը եւս.  առայժմ Թեհրան մտադրութիւն չունի Իսրայէլէն դուրս գտնուող նշուած ռազմակայանները հրթիռակոծելու: Այլապէս, եթէ նման զինուորական որոշում ըլլար, հարուածէն առաջ զայն հրապարակայնացնելը եւ ուղղակի թիրախներու մասին հանրայնացնելը առնուազն պատերազմական կանոններու տրամաբանութեան մէջ չ՛ընկալուիր: Աւելի համոզիչ կը դառնայ, որ ուղերձային կամ զսպիչ բնոյթ ունի Իրանի նախագահին յայտարարութիւնը:

Հետաքրքրական է, որ այս յայտարարութեան հետեւեցաւ Իսրայէլի որոշումը Վրաստանէն եւ Ազրպէյճանէն իր զինուորները Իսրայէլ կանչելու: Այս որոշումը կրնայ մեկնաբանուիլ Իսրայէլի մէջ ուժերու կեդրոնացումով, բաց պատերազմի նախապատրաստուելու տրամաբանութեամբ: Այս պարագային սակայն, համոզիչ կը հնչէ իրանեան սահմանամերձ շրջաններէն իսրայէլեան ռազմակայանները չօգտագործելու վարկածը: Չի բացառուիր անշուշտ, որ տեղ տրամադրած պետութիւնները իրենք նման յուշումներ կատարած ըլլան Թել Աւիւին. փաստօրէն Թեհրանի զգուշացումը աշխատած է համակողմանիօրէն:

Քաղաքական տրամաբանութեան մէջ կ՛ընկալուի նաեւ ա՛յն, որ Թեհրանը առիթը կ՛օգտագործէ իսրայէլական ուժերը իր սահմանային տարածքներէն հեռացնելու:

Յայտարարութեան կէտերու տարբաղադրումը մտածել կու տայ Իրանի նորընտիր նախագահի կենսագրութեան ծաւալային շրջանառութիւններուն մասին, ուր անվերջ կ՛ընդգծուէր անոր ազերիական ծագում ունենալը. ինչ որ որոշ հետեւութիւններ արձանագրել կու տար: Այս յայտարարութիւնը ստուեր կը ձգէ անոր ազերիական ծագումին եւ կենսագրութեան վրայ, եւ կը վերաշեշտէ իրանեան պետութեան արտադրութիւն ըլլալու հանգամանքը: Մանաւանդ, եթէ այս բոլորը յանգին իսրայէլեան ռազմակայաններու փակումին:

Յիշենք Թել Աւիւի յոխորտանքը Թեհրանի հրթիռակոծումին առիթով, թէ հրթիռը իրանեան տարածքներէ չէ արձակուած:

Ասոնք կանխատեսելի վարկածներ են կատարուած ուշագրաւ յայտարարութեան մը առիթով: Արձանագրենք, որ յայտարարութիւնը առաջարկի տեսք ունի, Իսրայէլ տուն կանչած է այդ երկիրներուն մէջ տեղակայուած իր զինուորները եւ ոչ թէ փակած է ռազմակայանները: Կը թուի, որ ուղերձը ընկալուած է երրորդ երկիրներուն կողմէ. առաջին հերթին` Ազրպէյճանի: Յայտարարութիւնը ինքնին կը նախանշէ, որ Թեհրան ընդհանուր համաձայնութեան իր մօտեցումներուն մէջ իր սահմանամերձ տարածքներէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման պահանջ ունի:

«Ա.»

Նախորդը

Կալանթ. «Իրանն Ու Հըզպալլան Կը Սպառնան Աննախադէպ Վնաս Պատճառել Մեզի, Եւ Գերիներու Տունդարձի Գործարքի Կնքման Ուշացման Պատճառը Իսրայէլն Է»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Օգոստոս 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Բացակայ Հայեցակարգ` Հայկական Գործօնին Հետ Առնչակից  Գործընթացներու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Բացակայ Հայեցակարգ` Հայկական Գործօնին Հետ Առնչակից Գործընթացներու

January 3, 2026
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի  Ամանորեան Պատգամը.  Տարեմուտը Հրաւէր Է Նորոգուելու  Եւ Վանելու Մեր Կեանքից Մերժելի  Իրողութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Տարեմուտը Հրաւէր Է Նորոգուելու Եւ Վանելու Մեր Կեանքից Մերժելի Իրողութիւնները

January 3, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը.  Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորեան Պատգամը. Եկէք Վերանորոգ Հաւատքով Ու Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին

January 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.