Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Մէջ Դպրոցի Մը Վրայ Իսրայէլի Յարձակումին Բուռն Դատապարտանք

August 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ շաբաթ օր արշալոյսի նամազի ընթացքին յարձակում գործեց Կազայի մէջ Թապիին դպրոցին վրայ, որուն պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան 100 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց, թէ իր օդուժը հետախուզական ցուցմունքով Թապիին դպրոցին մէջ հարուածած է Համաս շարժումին կողմէ իբրեւ հրամանատարական կեդրոն օգտագործուող վայր մը:

«Յարձակում գործեցինք զինեալներու վրայ, որոնք կը գործէին քաղաքայիններու իբրեւ պատսպարան օգտագործուող դպրոցի մը մէջ», աւելցուց իսրայէլեան բանակը` պնդելով. «Շարք մը քայլեր որդեգրեցինք  քաղաքայիններուն հասնելիք վնասը նուազեցնելու համար, եւ յարձակումին ընթացքին խելացի զէնքեր օգտագործուեցան»:

Համաս շարժումը Թապիին դպրոցի ջարդը նկատեց «ահաւոր ոճիր մը եւ Կազայի մէջ նոր նացիականներու կողմէ գործուող ոճիրներու շարքին մէջ վտանգաւոր մագլցում մը, որ կը հաստատէ, որ սիոնական կառավարութիւնը կը շարունակէ մեր պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական պատերազմը»:

Շարժումը նշեց, որ իսրայէլեան բանակը անհեթեթ պատրուակներ ու բացայայտ սուտեր կը ստեղծէ քաղաքայինները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները թիրախաւորելու համար:

«Կազայի մէջ սիոնական գոյացութեան ոճրագործութեան մագլցումը պիտի չշարունակուէր առանց ամերիկեան աջակցութեան, ինչ որ Ուաշինկթընը անոր մեղսակից կը դարձնէ», աւելցուց Համաս շարժումը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա դատապարտեց Իսրայէլի գործած ջարդը` զայն նկատելով «նոր ոճիր մը, որուն համար պատասխանատուութիւն կը կրէ ամերիկեան վարչակազմը` բռնագրաւումին իր ելեւմտական, զինուորական եւ քաղաքական աջակցութեան համար»:

«Այն պահուն, երբ ամերիկեան վարչակազմը կը յայտարարէ Իսրայէլի 3,5 միլիառ տոլարի յատկացումը, որպէսզի զայն ծախսէ ամերիկեան զէնքերու եւ սպառազինութեան վրայ, անմիջապէս Կազայի մեր հարազատներուն, Կազա քաղաքի դպրոցին մէջ տեղահանուածներու դէմ ստոր ոճիր եւ ջարդ կը գործէ: Ամերիկեան վարչակազմը այս ոճիրին եւ Կազայի վրայ իսրայէլեան անարգ յարձակումին շարունակման համար ուղղակի պատասխանատուութիւն կը կրէ», նշեց Ապու Ռուտէյնա:

«Ամերիկեան վարչակազմը պէտք է անմիջապէս բռնագրաւումի պետութեան ստիպէ մեր անզէն ժողովուրդին դէմ իր յարձակումն ու ջարդերը դադրեցնելու, յարգելու միջազգային օրինականութեան որոշումները, ինչպէս նաեւ դադրեցնէ իր կոյր աջակցութիւնը, որ հազարաւոր անզէն մանուկներ, կիներ եւ տարեցներ կը սպաննէ», ըսաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան բանբերը:

Հըզպալլա յայտնեց. «Թշնամիի կառավարութեան կատարածը կը հաստատէ, որ ան կը շարունակէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր շղթայազերծած ցեղասպանական պատերազմը, եւ անոր իսկական ընտրանքը սպաննելն ու ջարդեր գործելն է, եւ զինադադարի մասին խօսիլն ու բանակցութիւններու նոր ժամկէտներ նշանակելը միայն սուտ եւ խաբէութիւն են, որոնցմէ պիտի չտարուին պաղեստինցի ժողովուրդն ու անոր դիմադրութեան խմբաւորումները եւ թիկունք կանգնելու ճակատները, որոնք հետզհետէ աւելի կը համոզուին դիմադրելու իրենց վճռականութեան եւ ամբողջ ուժով գործելու` դադրեցնելու համար ջարդը, եւ թշնամիին արգիլելու իր յայտարարուած եւ թաքուն նպատակներու իրագործումը»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իսրայէլի կողմէ Թապիին դպրոցի ռմբակոծումը միջազգային օրէնքի կանոններուն բացայայտ խախտում մըն է եւ քաղաքայիններու ծրագրաւորուած թիրախաւորում մը»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Անզէն քաղաքայինները թիրախաւորելն ու այսքան հսկայական թիւերով անզէն քաղաքայիններու դիտաւորեալ սպանութիւնը իսրայէլեան կողմի քաղաքական ղեկավարութեան մօտ այդ պատերազմին վերջ տալու կամքի բացակայութեան կտրուկ փաստ է»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Կը դատապարտենք Իսրայէլը հաշուետուութեան ենթարկելու անգործութիւնը»:

«Կազան իսրայէլեան ոտնձգութիւններու պատճառով աննախադէպ մարդկային աղէտ կ՛ապրի», նշեց նախարարութիւնը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Կազայի մէջ դպրոցին իսրայէլեան ռմբակոծումը: Նախարարութիւնը պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն, որ կը ներառէ միջազգային հետաքննիչներ` դպրոցի թիրախաւորման նպատակներու բացայայտման համար:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «բռնագրաւումին արգիլելու Կազայի բնակիչները  բռնի տեղահանման մղելու ծրագիրները գործադրելու»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի յայտնեց. «Սիոնական գոյացութեան Կազայի մէջ Թապիին դպրոցի մէջ նամազ կատարողները սպաննելը պատերազմի հրահրում եւ զինադադարի բանակցութիւնները ձախողեցնել է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտարարեց. «Թապիին դպրոցի ջարդը միջազգային անվտանգութեան ու խաղաղութեան սպառնալիքի յստակ եւ բացայայտ բնորդ է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ բուռն կերպով կը դատապարտենք դպրոցի թիրախաւորումը` նշելով, որ կտրուկ կերպով կը մերժէ քաղաքայիններու թիրախաւորումը:

«Իսրայէլը մարդկութեան դէմ նոր ոճիր եւ Կազայի Տարաժ թաղին դպրոցին մէջ քաղաքայիններուն դէմ ջարդ գործեց», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել նշեց. «Անցեալ շաբաթներուն աւելի քան 10 դպրոցներ թիրախաւորուեցան, եւ այս ջարդերը արդարացում չունին»:

Թապիին դպրոցին վրայ իսրայէլեան յարձակումը դատապարտեցին նաեւ Ֆրանսան, Բրիտանիան, Ռուսիան, Պելճիքան, Օմանը, Սուրիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

Իսրայէլացի գերիներու ընտանիքները իրենց կարգին յայտարարեցին. «Ամէն անգամ, որ գործարքի գոյացման մօտենանք, Նեթանիահուն գործողութեան մը ճամբով զայն կը ձախողեցնէ արիւնի ծարաւ Սմոթրիչին ու Պեն Ղաֆիրին գոհունակութիւն պատճառելու համար»:

ՄԱԿ-ի յանձնակատար Ֆրանչեսքա Ալպանեզի յայտնեց. «Իսրայէլ Կազայի մէջ իրերայաջորդ կերպով դպրոցներու մէջ պաղեստինցիներուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործէ»` աւելցնելով.«Իսրայէլ Կազայի մէջ պաղեստինցիները կը բնաջնջէ ամերիկեան եւ եւրոպական զէնքերով, մինչ բոլոր քաղաքակիրթ պետութիւնները անհոգ են»:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի օր Ալճերիոյ պահանջով Տարաժ թաղամասին մէջ ջարդի հարցով շտապ ժողով մը պիտի գումարէ:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Նոր Յարձակումի Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.