Գլխաւոր լուրեր

Բաղրամեան Պողոտան Այսօրուընէ Պիտի Բացուի

Բաղրամեան Պողոտան Այսօրուընէ Պիտի Բացուի

Այսօրուընէ` 14 յունիսէն Բաղրամեան պողոտան պիտի բացուի, երէկ երեկոյեան յայտարարեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան: Ան նշեց, որ «իրենք սպառած են 4 օրերու շրջանը»: Երեւանի գլխաւոր պողոտաներէն մէկը` Բաղրամեանը փակ էր 9 յունիսէն: Այդ օրը կայացած հանրահաւաքին Տաւուշէն մէկ ամիս առաջ Երեւան հասած շարժման ղեկավար Բագրատ սրբազանը յայտարարած էր, որ իրենք կը մտնեն վճռորոշ փուլ եւ չորս...

Յայտարարութիւն

ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԳԻՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի վերջին նիստերուն ընթացքին իշխող մեծամասնութեան ներկայացուցիչներու հակասահմանադրական, հակապետական նոյնինքն գործող կառավարութեան ուղղութեամբ հակածրագրային ելոյթներն ու այդ յայտարարութիւններուն հիման վրայ առնուած քայլերը երկիրը հասցուցած են անկանխատեսելի հետեւանքներով վտանգուած անորոշ ճակատագիրի եզրին։ Ելքային ուղիներ ցոյց տուող, անցումային կառավարութեան ձեւաւորման համար սահմանադրական միջոցներ առաջարկող եւ միակողմանի զիջումներով ընթացող սահմանազատման գործընթացը կասեցնելու միտուած այլընտրանք առաջարկող բոլոր առողջ ձայները կը խեղդուին...

Լարուած Վիճակ Եւ Բախումներ`  Ազգային Ժողովի Շէնքին Դիմաց

Լարուած Վիճակ Եւ Բախումներ` Ազգային Ժողովի Շէնքին Դիմաց

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման կոչով երէկ կէսօրուան ժամը 15:00-էն սկսեալ ժողովրդային հաւաք տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց: «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն պահանջեց հանդիպիլ` քննարկելու անոր «խաղաղ եւ անցնցում ճամբով հեռացման» պայմանները: Այս մասին սրբազանը յայտարարեց հաւաքին ընթացքին, այն պահուն, երբ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի նիստ կ՛ընթանար: «Այս կառավարութեան ղեկավարը իր իշխանութեան ամբողջ կազմով պէտք է հեռանայ:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Չորեքշաբթի, 12 յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ  Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպման ընթացքին տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին կողմէ առաջարկուած հետեւեալ կէտերուն շուրջ. ա) Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու առաւել ծաւալումը եւ յարաբերութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը: բ) Սուրբ Յարութեան տօնը բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ միասնաբար նոյն թուականին նշելու հարցը: գ) Երրորդ Վատիկանի ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը` գործօն ներկայութեամբ ոչ...

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Թէյմուր Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, երեսփոխաններ Հատի Ապուլ Հըսն, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Զաֆեր Հասան եւ Հուսամ Հարպ: Երեսփոխան Ապուլ Հըսն խորհրդակցութիւններէն ետք վերահաստատեց, որ նախագահական թղթածրարի լուծումը կ՛ենթադրէ...

Քանի. «Սիոնականներուն Կը Յորդորեմ Կազայի Փոսէն Լիբանանի Ջրհոր Չփոխադրուիլ»

Քանի. «Սիոնականներուն Կը Յորդորեմ Կազայի Փոսէն Լիբանանի Ջրհոր Չփոխադրուիլ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց. «Սիոնականներուն կը յորդորենք Կազայի փոսէն Լիբանանի ջրհոր չփոխադրուիլ»: Քանի «Ռաշա Թուտէյ»-ի եւ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Դիմադրութիւնը, ըլլայ ան Պաղեստինի կամ Լիբանանի մէջ, բաւարար ուժ ունի սիոնականներուն չարտօնելու իրենց նպատակները իրագործել»: «Մենք սիոնականներուն երբեք չենք խրատեր վերադառնալ 2000 եւ 2006 թուականներու ձախողութիւններուն, զորս անոնք կրեցին Լիբանանի մէջ: Անոնք լիբանանցի ժողովուրդին...

Համաս Պատասխանեց Գործարքի Առաջարկին

Համաս Պատասխանեց Գործարքի Առաջարկին

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իզաթ Ռաշք յայտնեց, որ Համաս պատասխանած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման գործարքի առաջարկին, եւ այդ պատասխանը «լայն կերպով ճամբայ կը բանայ համաձայնութեան հասնելու»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան աւելցուց, որ Համասի պատասխանը «պատասխանատու, լուրջ եւ դրական» է: Աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ եւ Իսլամական...

Ակնարկ.  Սահմաններ Եւ Ժողովրդագրութիւն

Ակնարկ. Սահմաններ Եւ Ժողովրդագրութիւն

Իրանի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատարին յայտարարութիւնը Հայաստանի հետ իր երկրի սահմանամերձ շրջաններուն մասին քանի մը հետեւութիւն արձանագրել կու տայ: Նախ նշենք, որ նախարարի գործակատարի մակարդակով կատարուած յայտարարութիւն է, հետեւաբար ակնկալելի չէ բեկումնային որեւէ նորութիւն: Երկրորդ, նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին է, հետեւաբար դարձեալ շրջադարձային որեւէ նոր հունաւորում պէտք չէ որոնել: Ի վերջոյ պարզ է, որ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ...

Բագրատ Սրբազան. «12 Յունիսին, Ժամը 15:00-ին,  Շատ Մեծ Թիւերով Պէտք Է Հաւաքուինք, Ընելիք Ունինք»

Բագրատ Սրբազան. «12 Յունիսին, Ժամը 15:00-ին, Շատ Մեծ Թիւերով Պէտք Է Հաւաքուինք, Ընելիք Ունինք»

«Վաղը ժամը 3:00-էն սկսեալ մենք պէտք է հաւաքուինք այստեղ` Ազգային ժողովի դիմաց, քանի որ ըսելիք ու փաստելիք ունինք: Մենք ունինք պահանջ եւ այդ պահանջը իրականացնելու կամք ու վճռականութիւն... Վաղը մեր հերոսի` Մոնթէ Մելքոնեանի նահատակութեան օրն է: Խորհրդանշական է նաեւ այդ օրը, քանի որ մեր նահատակներու մեկնումը հաւասար է անոնց ծնունդին: Նահատակութիւնը կարելի չէ շփոթել մեռնելուն հետ: Նահատակութեան փառքի պսակը քիչերուն...

Օ՛Պրայըն. «Պիտի Շարունակենք Պաշտպանութեան  Եւ Անվտանգութեան Հարցերուն Մէջ  Աշխատիլ Հայաստանի Հետ»

Օ՛Պրայըն. «Պիտի Շարունակենք Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Հարցերուն Մէջ Աշխատիլ Հայաստանի Հետ»

Հայաստանի քաղաքական զարգացումները կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդի ժողովրդավարական յաւակնութիւնները: Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ժամանակ արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն: «Մեզի համար ոգեւորիչ է տեսնել այն մեծ քայլերը, որոնք կառավարութիւնը կատարած է, անոնցմէ ոմանք նաեւ մեր աջակցութեամբ` օրէնքի գերակայութիւնը դարձնելով հիմնարար, պայքարելով փտածութեան դէմ, կարելիութիւն...

«Իսրայէլ Պիտի Չտատամսի Հիւսիսի Մէջ Վճռական  Կերպով Գործելու, Եթէ Միջազգային Ընտանիքը Ձախողի Հըզպալլայի Սպառնալիքը Չքացնել»  Պլինքընին Կ՛ըսէ Կանց

«Իսրայէլ Պիտի Չտատամսի Հիւսիսի Մէջ Վճռական Կերպով Գործելու, Եթէ Միջազգային Ընտանիքը Ձախողի Հըզպալլայի Սպառնալիքը Չքացնել» Պլինքընին Կ՛ըսէ Կանց

Իսրայէլի նախկին պաշտպանութեան նախարար եւ վերջերս նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդէն հրաժարած Պենի Կանց նշեց. «Հանդիպում ունեցայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ եւ շեշտեցի միջնորդներուն վրայ առաւելագոյն ճնշում բանեցնելու կարեւորութիւնը` Համասը համոզելու համար, որ համաձայնի Իսրայէլի առաջարկած գերիներու փոխանակման առաջարկին: Աւելցուցի, որ պիտի զօրակցինք որեւէ լուրջ ծրագիրի, որ գերիներու տունդարձին կը յանգեցնէ, նոյնիսկ եթէ ատիկա ըլլայ կառավարութեան ծրագիրէն...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Ընդունած Է Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եռափուլ Բանաձեւ Մը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Ընդունած Է Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եռափուլ Բանաձեւ Մը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է Միացեալ Նահանգներու` Կազայի մէջ զինադադարի փուլային հաստատման ծրագիրի բանաձեւը: Այս ծրագիրը նախապէս ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Բանաձեւին թեր քուէարկած են Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը: Ռուսիան ձեռնպահ մնացած է: Այս մասին հաղորդեց «Քոմերսանթ»-ը: Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումի միջեւ զինադադարի ծրագիրը կը ներառէ երեք փուլ. առաջինը կ՛ենթադրէ երկու կողմէ անյապաղ կրակոցի դադրեցում,...

«12 Յունիսը Կարեւոր Փուլ Է, Չափազանց  Կարեւոր Է Շատ Մարդոց Ներկայութիւնը»  Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

«12 Յունիսը Կարեւոր Փուլ Է, Չափազանց Կարեւոր Է Շատ Մարդոց Ներկայութիւնը» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

Բագրատ արք. Գալստանեանի ղեկավարած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը նախանցեալ գիշերէն փակ կը պահէ Բաղրամեան պողոտան, որպէսզի իշխանութեան պարտադրէ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հրաժարականի օրակարգով արտահերթ նիստ կայացնել: «Վրանային աւանը պիտի մնայ այստեղ, բայց, բնականաբար, ոչ ամիսներով», երէկ երեկոյեան հարթակէն յայտարարեց Բագրատ սրբազանը: «Մեր ըսած 96 ժամուան մէջ պիտի սահմանափակուինք», նշեց ան` աւելցնելով, որ 12 յունիսը կարեւոր փուլ պիտի ըլլայ, չափազանց...

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Երկուշաբթի, 10 յունիս 2024-ին, Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ռայի պատրիարքին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ եւ յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց մարոնիներու պատրիարքը, որ յաջորդ օրը` երեքշաբթի, պիտի մեկնի Վատիկան` Արեւելեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տալու, նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ...

Քենաանի. «Դիմադրութիւնը Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Սիոնական Գոյացութիւնը Լիբանանի Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Դիմէ»

Քենաանի. «Դիմադրութիւնը Ձեռնածալ Պիտի Չմնայ, Եթէ Սիոնական Գոյացութիւնը Լիբանանի Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Դիմէ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Դիմադրութիւնը ձեռնածալ պիտի չմնայ, եթէ սիոնական գոյացութիւնը Լիբանանի մէջ որեւէ արկածախնդրութեան դիմէ»: «Սիոնական գոյացութեան կառավարութեան մէջ իրերայաջորդ հրաժարականները անոր ներսէն քայքայումը ցոյց կու տան», նշեց Քենաանի: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Չկայ որեւէ ապացոյց, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու առնչութեամբ լուրջ է կամ...

Պլինքըն. «Համաձայնութեան  Միակ Խոչընդոտը Համասն Է»

Պլինքըն. «Համաձայնութեան Միակ Խոչընդոտը Համասն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Յորդանանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը ներառող իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի ծիրին մէջ հասաւ Գահիրէ, ուր հանդիպում ունեցաւ եգիպտացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Պլինքըն ահիրէի մէջ յայտնեց. «Համասը զինադադարի հաստատման համաձայնութեան առջեւ միակ խոչընդոտն է»: Ան իր խօսքը շրջանի ղեկավարներուն ուղղելով ըսաւ. «Եթէ զինադադար կ՛ուզէք, ապա Համասի վրայ ճնշում բանեցուցէք, որպէսզի զայն ընդունի»: «Մենք...

Եւրոպական Ընտրութիւններուն Մէջ Իր Կուսակցութեան Կրած Ծանր Պարտութենէն Ետք.  Մաքրոն Խորհրդարանը Լուծարեց Եւ Նոր Ընտրութիւններ Նշանակեց

Եւրոպական Ընտրութիւններուն Մէջ Իր Կուսակցութեան Կրած Ծանր Պարտութենէն Ետք. Մաքրոն Խորհրդարանը Լուծարեց Եւ Նոր Ընտրութիւններ Նշանակեց

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կիրակի գիշեր լուծարեց իր երկրի Ազգային ժողովը` Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային միաւորում»-էն իր կուսակցութեան` «Վերածնունդ»-ի կրած ջախջախիչ պարտութենէն ետք: Ֆրանսայի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ 30 յունիսին, իսկ երկրորդը` 7 յուլիսին: «Ֆրանսան խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ ակնյայտ մեծամասնութեան կարիք ունի: Հոգիի խորքին մէջ ֆրանսացի ըլլալը կը նշանակէ ընտրութիւն կատարել յօգուտ...

«Մենք Կրնանք Խնդիրը Լուծել, Եթէ Վաղուընէ Սկսեալ  Ընդամէնը 96 Ժամ Առանց Դադարի Մնանք Փողոցը  Եւ Մեր Կամքը Պարտադրենք»  Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

«Մենք Կրնանք Խնդիրը Լուծել, Եթէ Վաղուընէ Սկսեալ Ընդամէնը 96 Ժամ Առանց Դադարի Մնանք Փողոցը Եւ Մեր Կամքը Պարտադրենք» Շեշտեց Բագրատ Արք. Գալստանեան

Երէկ` կիրակի, 9 յունիսին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեանի հրաւիրած համազգային հանրահաւաքը: Մինչեւ հանրահաւաքի սկսիլը երիտասարդները Սասունցի Դաւիթ կայարանի, Հրազդան մարզադաշտի եւ Մատենադարանի յարակից տարածքներէն երթով միացան հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազար քաղաքացիներուն: Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով եւ Տէրունական աղօթքով: Մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ ոստիկանական վայրագութիւնները յիշեցնող տեսանիւթ: «Այս ժամանակաշրջանին իշխանութիւնները բազմաթիւ...

ԸԵՄՄ-ը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Կառավարութեան Գործած Ոստիկանական Բռնութիւնը Եւ Ճնշումները

ԸԵՄՄ-ը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Կառավարութեան Գործած Ոստիկանական Բռնութիւնը Եւ Ճնշումները

28 մայիս 2024-ին Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը, որուն լիիրաւ անդամներէն է ՀՅԴ Երիտասարդականը, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը` դատապարտելով Հայաստանի մէջ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման նկատմամբ ոստիկանական բռնութիւնները: Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ) կը յայտնէ լրջագոյն մտահոգութիւն ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին, մասնաւորապէս Տաւուշի մարզին մէջ: Ազրպէյճանը այս գործընթացը կ՛իրականացնէ ուժի սպառնալիքի պայմաններու մէջ,...

Լը Տրիան Այցելեց Վատիկան` Քննարկելու Համար Լիբանանի Հարցը

Լը Տրիան Այցելեց Վատիկան` Քննարկելու Համար Լիբանանի Հարցը

Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան 8 յունիսին յայտարարեց. «Երէկ Վատիկան էի` իբրեւ Ֆրանսայի նախագահի անձնական պատուիրակ` Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Կարտինալ Փարոլինի եւ Վատիկանի` պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ընդհանուր քարտուղար Փոլ Ռիչըրտ եպս. Կալակըրի հետ քննարկելու համար Լիբանանի հարցը»: Նշենք, որ Լը Տրիան Վատիկան այցելելէ առաջ այցելած էր Լիբանան եւ քննարկած նախագահի ընտրութեան թղթածրարը:

Page 164 of 796 1 … 163 164 165 … 796

Արխիւներ