Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան առաջարկած է թիրախաւորել Իրանի դրացի երկիրներուն մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Թելեկրաֆ»-ը:
«Փեզեշքիան մտավախութիւն ունի, որ Իսրայէլի վրայ որեւէ ուղղակի յարձակում լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսած է Իրանի նախագահին մօտ կանգնած աղբիւրը:
«Սեպահը (Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը) շատ յամառ է Իսրայէլը թիրախաւորելու հարցին մէջ, եւ անոնք կը կարծեն, որ ատիկա դիւրին է», «Թելեկրաֆ»-ին ըսած է իր աղբիւրը:
«Ան առաջարկած է թիրախաւորել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ կամ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ Իսրայէլի առնչուած ռազմակայանները, եւ մինչ այդ տուեալ երկիրները տեղեակ պահել եւ աւարտին հասցնել ամբողջ խնդիրը: Իրանի նախագահը նաեւ առաջարկած է Հըզպալլան աւելի ժամանակակից զէնքերով զինել եւ անոր արտօնել կռուիլ Իրանի կողմէ մեծ աջակցութեամբ», կը նշուի հրապարակման մէջ:


