Իսրայէլեան բանակը Կազայի հիւսիսային Խան Եունես քաղաքին մէջ թռուցիկներ բաժնած է` տեղւոյն բնակիչներուն կոչ ուղղելով տեղահանուելու: Իսրայէլեան բանակի տուեալներով` իսրայէլեան ուժերը կը պատրաստուին այդ տարածքին մէջ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ» գործողութեան սկսելու:
Բնակիչները պէտք է մեկնին «մարդասիրական գօտի», որ կը գտնուի Խան Եունեսի հիւսիսը գտնուող Ալժալա շրջանին մէջ:
Իսրայէլեան կողմը կը պնդէ, որ «ճշգրիտ հետախուզական տեղեկութեան համաձայն», Համաս այդ տարածքին մէջ «ահաբեկչական ենթակառոյց» մտցուցած է:
Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու եւ վառելանիւթի փոխադրութիւնը պէտք է դադրեցնել, մինչեւ որ մեր բոլոր գերիները վերադառնան»:
«Պէտք է Կազայի բնակիչներուն Կազայէն գաղթը քաջալերենք եւ զայն մնայուն կերպով գրաւենք ու վերահսկողութեան տակ պահենք», յայտարարեց Պեն Ղաֆիր:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց իր կարգին Այսրյորդանանի բնակեցման վայրերու ղեկավարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ժենին գաղթակայանին հետ պէտք է Կազայի պէս վարուիլ»:
Իսլամական ժիհատի զինեալ թեւ Սարայա Քուտսը նախապէս հաղորդած էր, որ իր զինեալները Ժենինի Մատխալ Սիլա շրջանին մէջ բուռն կռիւներ կը մղեն իսրայէլեան ուժերուն դէմ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտին մօտ քաղաքական մակարդակի վրայ յուսաբեկութիւն չկայ, եւ մեր նպատակը յաղթանակն է»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը, սակայն, հաղորդեց, որ Կազայի մէջ ծառայած սպաներ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիին յղած են նամակ մը, որուն մէջ նշած են. «Ապշած ենք բարձրաստիճան զինուորականներու կողմէ յաղթանակի մօտալուտութեան վերաբերեալ իրերայաջորդ յայտարարութիւններէն»: Անոնք աւելցուցած են. «Մենք, որ մարտի դաշտէն եկանք, շատ լաւ գիտենք, թէ կացութիւնը տակաւին յաղթանակէն հեռու է»:
Միւս կողմէ, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու խումբ մը օգնականներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Շրջանը իր կայունութեան սպառնացող տագնապի ընդլայնման սպառնալիքին տակ պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ Կազայի մէջ պատերազմը կը շարունակուի, ինչ որ կը պահանջէ աշխուժացնել պատերազմը անմիջական ու մնայուն զինադադարի հասնելու ճամբով դադրեցնելու միջազգային ջանքերը:
Ապտալլա Բ. թագաւոր դարձեալ ընդգծեց. «Յորդանանը պատերազմի թատերաբեմ պիտի չըլլայ, եւ իր ժողովուրդին կեանքի վտանգումը պիտի չարտօնէ»:
Մինչ այդ Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճիւլի Ֆիշըր յայտնեց, որ ամերիկեան յարձակողական մարտանաւ մը նախապէս ծրագրուած քայլով մը հասած է Կիպրոս, սակայն կարելի է զայն օգտագործել քաղաքայիններու օժանդակութեան համար, եթէ Միջին Արեւելքի մէջ մարտական գործողութիւններ յառաջանան:
Մարտանաւը կղզիի հարաւը գտնուող Լիմասոլի նաւահանգիստ հասած է 8 օգոստոսին:
Կիպրոս պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու Եւրոպական եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու տարհանման օժանդակելու, եթէ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը վատթարանայ: