Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Քուրսք, Պրիանսք Եւ Պելկորոտ Շրջաններուն Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութեան Դրութիւն Հաստատուեցաւ

August 12, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրիանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ հաստատուած է հակաահաբեկչական գործողութեան դրութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէին:

«Քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ թշնամիի ներթափանցման ու հետախուզական ուժերու կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքները ճնշելու համար Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէի նախագահ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով որոշած է 9 օգոստոս 2024-էն հակաահաբեկչական գործողութիւններու գործադրութիւնը կազմակերպել Պելկորոտի, Պրիանսքի եւ Քուրսքի շրջաններուն մէջ», յայտնած են կոմիտէէն:

Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէին մէջ նշած են, որ Քիեւի վարչակարգը աննախադէպ փորձի ձեռնարկած է` Ռուսիոյ քանի մը շրջաններուն մէջ ապակայունացնելու կացութիւնը:

Կոմիտէին մէջ ընդգծած են, որ ուքրանացի զինեալներու Քուրսքի շրջանին վրայ կատարած յարձակումը յանգեցուցած է քաղաքային զոհերու, ինչպէս նաեւ բնակելի շէնքերու եւ այլ քաղաքային կառոյցներու աւերման:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ «պատերազմը մղուած է նախայարձակի տարածք»: «Ուքրանիան կ՛ապացուցէ, որ իրօք գիտէ ինչպէս վերականգնել արդարութիւնը եւ ճնշում կը գործադրէ նախայարձակին վրայ», ըսաւ ան:

Զելենսքիի համաձայն, Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքի բազմիցս զեկուցած է ռազմաճակատի վրայ գործողութիւններու եւ «պատերազմը նախայարձակին տարածք մղելու մասին»:

Ուքրանացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան  յայտնեց, որ հազարաւոր ուքրանացի զինուորներ կը մասնակցին Ռուսիոյ Քուրսք շրջան ներխուժման: «Մենք յարձակողական դիրքի վրայ ենք, եւ նպատակը թշնամիի դիրքերը ցրուել, առաւելագոյն վնասներ պատճառելը, Ռուսիոյ մէջ կացութիւնը քայքայելը եւ պատերազմը ռուսական հողեր տեղափոխելն է», ըսաւ ուքրանացի պաշտօնատարը` նշելով, որ այս գործողութիւնը բարձրացուցած է ուքրանացիներու բարոյականը:

Ան նշեց, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ բանակի կացութիւնը չէ փոխուած, «անոնք կը շարունակեն արեւելքի մէջ իրենց ճնշումը, անոնք իրենց ուժերը այս շրջանէն չեն հեռացներ», թէեւ «արեւելքի մէջ ռուսական յարձակումներու կշռոյթը որոշ չափով նուազեցաւ»:

Վերջին տուեալներով` Քուրսքի մարզէն արդէն հեռացուած է 76 հազար մարդ: Ռուսիոյ Քուրսքի մարզի մարզպետի պաշտօնակատար Ալեքսէյ Սմիրնով հաստատեց, որ ուքրանական ուժերը 10 օգոստոսին մուտք գործած են մարզի Պելովսքի շրջանի տարածք:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա շեշտեց. «Ռուսական բանակին Քիեւի ռուսական շրջաններու վրայ յարձակումին հակադարձութիւնը երկար պիտի չսպասուի»:

«Այս ոճիրները կազմակերպողներն ու գործադրողները, ներառեալ արտասահմանի մէջ անոնց հովանաւորները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին», նշեց Զախարովա` նշելով. «Քիեւի վարչակարգը կը գիտակցի, որ ռուսական մարզերու վրայ յարձակումները զինուորական գետնի վրայ ռազմավարական արժէք չեն ներկայացներ»:

Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Պիելոռուսիոյ զինեալ ուժերու մեքենայացուած զօրամասերէն մէկուն հրասայլերը կը վերաբաշխուին Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ` սահմանապահ զօրքերու խումբերը զօրացնելու որոշումի ծիրին մէջ:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ մէկ օր առաջ յանձնարարած էր ուժեղացնել զօրքերը Կոմելի եւ Մոզիր մարտավարական ուղղութիւններուն վրայ` «հաւանական սադրանքներուն արձագանգելու համար»: Յատուկ գործողութիւններու ուժերու, ցամաքային զօրքերու եւ հրթիռային ուժերու ստորաբաժանումները, ներառեալ «Փոլոնեզ» հրթիռային համակարգերը եւ «Իսքանտեր» համակարգերը, նոյնպէս կ՛ուղարկուին դէպի նշեալ տարածքներ:

Նախորդը

«Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Ունինք, Եւ Ատիկա Կազայի Մէջ Զինադադարին Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ ՄԱԿԻ-ի Մէջ Իրանի Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Նոր Յարձակումի Կը Պատրաստուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.