Յարանուանութիւններու Եւ Երեսփոխանական Կարգ Մը Պլոքներու Ղեկավարներ Հանդիպում Ունեցան Փարոլին Կարտինալի Հետ
Յարանուանութիւններու ղեկավարներ եւ երեսփոխանական կարգ մը պլոքներու ղեկավարներ երէկ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի հրաւէրով Պքերքէի մէջ հանդիպում ունեցան Վատիկանի քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին կարտինալին հետ: Հանդիպումի մասնակիցներու շարքին էին Արամ Ա. կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, Ալեւիական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատուրը, Ազգային Ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլը, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, Լիբանանեան ուժեր...




















