Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլեան Հետախուզութեան Գնահատականին Համաձայն, Իրանի Յարձակումը Կրնայ Հինգշաբթի Օր Բանակցութիւններէն Առաջ Տեղի Ունենալ» Կը Գրէ «Աքսիոս»

August 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան հետախուզութեան թարմացուած գնահատականը այն է, որ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում գործելու»:

Աղբիւրները կ՛աւելցնեն. «Իսրայէլեան հետախուզութեան թարմացուած գնահատականը հաւանական կը նկատէ, որ Իրան իր յարձակումը քանի մը օրէն գործէ»:

«Իսրայէլեան հետախուզութեան գնահատականը ցոյց կու տայ, որ Իրանի յարձակումը կրնայ հինգշաբթի օր նախատեսուած (Կազայի մէջ) զինադադարի բանակցութիւններէն առաջ տեղի ունենալ», նշեց «Աքսիոս»:

Յիշեցնենք, որ Քաթարի իշխանը, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Իսրայէլն ու Համասը հրաւիրած էին 15 օգոստոսին բանակցութիւնները Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ շարունակելու:

«Տը Նեշընըլ» իր կարգին հաղորդած էր, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը 11 օգոստոսին Իրանի արեւմուտքին մէջ ռազմափորձերու սկսած է:

Ըստ աղբիւրին, ռազմափորձերը տեղի կ՛ունենան Իրաքի սահմանին մօտ գտնուող Քերմանշահ նահանգին մէջ եւ պէտք է տեւեն մինչեւ այսօր:

Զինուորականները ռազմափորձերու իբրեւ նպատակ նշած են զօրքերու մարտունակութեան եւ զգօնութեան բարձրացումը:

Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը` իսրայէլեան աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց, որ Իրան հինգշաբթի օր նախատեսուած ժողովէն առաջ կրնայ Իսրայէլի վրայ յարձակում գործել:

«Իրանի վրայ միջազգային ճնշումները արգելք կը հանդիսանան, որ ան Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում գործէ», նշած են աղբիւրները:

Կայքը աւելցուց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինին յայտնած է, թէ «իրանեան պատրաստութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլի վրայ մեծ յարձակում կը ծրագրուի»:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը իրանեան վրէժէն վախնալով հրապարակեց նոր հրամանագիր մը, որ բոլոր կանոնաւոր զինուորներուն կ՛արգիլէ Իրանի մերձակայ Վրաստան եւ Ազրպէյճան մնալ»:

Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Իրանի յարձակումը ապրիլի անոր յարձակումէն աւելի լայնածաւալ պիտի ըլլայ»:

Յիշեցնենք, որ բրիտանական «Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան առաջարկած է թիրախաւորել Իրանի դրացի Ազրպէյճանի կամ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները:

Նախորդը

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.