Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պէտք Է Հակառակորդը Քուրսքի Շրջանէն Դուրս Մղէ»

August 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Նովօ-Օրայեւոյի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է հակառակորդը դուրս մղէ Քուրսքի շրջանի տարածքէն:

Քրեմլին հաղորդեց, որ նիստին կը մասնակցէին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի, կառավարութեան անդամները, Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Պելկորոտի, Պրիանսքի եւ Քուրսքի շրջաններու ղեկավարները:

Անոր կարծիքով` Քիեւ պիտի շարունակէ Ռուսիոյ սահմանամերձ շրջանները, ներառեալ Պրիանսքի շրջանը, ապակայունացնելու փորձերը:

«Ի՞նչ բանակցութիւններու մասին կարելի է նոյնիսկ խօսիլ այն մարդոց հետ, որոնք անխտիր կը յարձակին քաղաքային մարդոց, քաղաքային ենթակառոյցներու վրայ կամ կը փորձեն վտանգներ ստեղծել հիւլէական ուժանիւթի կառոյցներու համար», նշեց ան:

Փութին աւելցուց, որ ռուսական զինեալ ուժերը յատուկ գործողութեան գօտիի մարտական գիծի ամբողջ երկայնքին յառաջ կը շարժին:

«Ռուսիոյ զինեալ ուժերու ամբողջ ճակատին վրայ յառաջխաղացման կշռոյթները աճած են 1,5 անգամ: Քիեւ փորձեց քանդել ռուսական հասարակութեան համախմբուածութիւնը, սակայ ձախողեցաւ», ընդգծեց ան:

Ան վստահեցուց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ պայմանագիր կնքելու ցանկութիւն ունեցող կամաւորներուն թիւը աւելցած է:

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Քիեւ Քուրսքի շրջանին մէջ իր գործողութիւններով կը փորձէ ապագային բարելաւել իր բանակցային դիրքերը:

«Շրջանին մէջ կացութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Քիեւի վարչակարգը ինչո՛ւ մերժեց Մոսկուայի եւ միջնորդներու խաղաղութեան առաջարկները:

«Քուրսքի շրջանին մէջ Քիեւի գործողութիւնները կը հետապնդեն զինուորական նպատակ` կասեցնել ռուսական զօրքերու յառաջխաղացումը», նշեց Փութին:

Ան վստահեցուց, որ Ռուսիոյ թշնամին արժանի պատասխան պիտի ստանայ:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներ. «Բոլորին Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Մագլցումը Կանխարգիլելու»

Յաջորդը

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.