Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթ. «Իրանն Ու Հըզպալլան Կը Սպառնան Աննախադէպ Վնաս Պատճառել Մեզի, Եւ Գերիներու Տունդարձի Գործարքի Կնքման Ուշացման Պատճառը Իսրայէլն Է»

August 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ կը պատրաստուի մագլցումի յաջորդ փուլին: «Իսրայէլ Հայոմ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ:

«Մեր թշնամիները` Իրանը եւ Հըզպալլան կը սպառնան մեզի վնասել այնպէս, ինչպէս նախապէս չեն փորձած: Սակայն անոնք, որոնք պիտի փորձեն, պիտի բախին մեր կողմէ պատասխան հարուածի, որ նախապէս չեն տեսած:

«Մենք զգալի կարելիութիւններ ունինք, եւ յոյսով եմ, որ անոնք վերատեսութեան կ՛ենթարկեն իրենց որոշումը եւ լրացուցիչ ճակատներով պատերազմ չեն հրահրեր:

«Յոյսով եմ, որ անոնք լաւ կը կշռեն իրենց գործողութիւնները եւ մեզի չեն ստիպեր ընել բան մը, որ լրջօրէն պիտի վնասէ իրենց եւ պիտի յանգեցնէ լրացուցիչ ճակատներու վրայ պատերազմի կարելիութեան», ըսած է Կալանթ:

Ան աւելցուցած է, որ իրենք ատիկա չեն ուզեր, սակայն պէտք է պատրաստ ըլլան, որովհետեւ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց. «Գերիներու տունդարձի գործարքի կնքման ուշացման պատճառը Իսրայէլն է, եւ բացարձակ յաղթանակի մասին խօսիլը կատարեալ անհեթեթութիւն է»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնաբանեց Կալանթի այս յայտարարութիւնը եւ նշեց. «Երբ Կալանթ Իսրայէլի դէմ եղող հռետորաբանութիւնը կ՛որդեգրէ, կը վնասէ գործարքի հասնելու առիթներուն»:

«Կալանթ պէտք էր յարձակում գործէր Սընուարի վրայ, որ կը մերժէ բանակցութիւններուն պատուիրակութիւն ուղարկել, եւ կը շարունակէ գործարքին դիմաց խոչընդոտը մնալ», ըսաւ ան:

«Իսրայէլի առջեւ մէկ ընտրանք կայ` յաղթանակ արձանագրելը, եւ վարչապետի ցուցմունքները պարտադիր են բոլորին, ներառեալ Կալանթը», աւելցուց Նեթանիահու:

 

Նախորդը

Միքաթի. «Իսրայէլեան Սպառնալիքները Դադրեցնելու Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Աշխուժ Են, Եւ Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան»

Յաջորդը

Ակնարկ. Թեհրանի Ուղերձը Ազրպէյճանի Մէջ Գտնուող Իսրայէլեան Ռազմակայաններուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.