Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

August 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումի սկիզբէն ի վեր նախանձախնդիր եղած է յաջողցնելու «Եգիպտոսի եւ Քաթարի մէջ եղբայրական միջնորդներու զինադադարի համաձայնութեան հասնելու եւ մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական պատերազմին վերջ տալու ջանքերը»:

Շարժումը ընդգծեց, որ կ՛աջակցի որեւէ ջանքի, որ յարձակումի դադրեցումը կ՛իրագործէ:

Համաս նշեց, թէ Քաթար-Եգիպտոս-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ հաղորդագրութեան յայտարարութենէն ետք «թշնամին սարսափելի ոճիր գործեց, ան ջարդ գործեց Կազայի Տարաժ թաղամասին Թապիին դպրոցին մէջ տեղահանուածներու դէմ, որոնք շաբաթ, 8 օգոստոս 2024-ի արշալոյսի նամազը կը կատարէին, այդ պատճառով ալ աւելի քան հարիւր քաղաքայիններ նահատակուեցան եւ աւելի քան 250 ուրիշներ վիրաւորուեցան»:

«Ատոր լոյսին տակ, եւ մեկնելով մեր ժողովուրդին ու անոր շահերուն նկատմամբ նախանձախնդրութենէն ու պատասխանատուութենէն, շարժումը միջնորդներուն կոչ կ՛ուղղէ` փոխանակ բռնագրաւումի յարձակումին ծածկոյթ ապահովող եւ անոր մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական պատերազմի ժամանակը երկարաձգելու յաւելեալ ժամանակ տուող բանակցութիւններու յաւելեալ փուլեր կամ նոր առաջարկներու դիմելու, ներկայացնելու ծրագիր մը գործադրելու այն, ինչ որ հիմնուելով Պայտընի պատկերացումին եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին վրայ առաջարկեցին շարժումին, եւ որուն շարժումը համաձայն գտնուեցաւ 2 յուլիս 2024-ին, եւ բռնագրաւումը պարտաւորեցնել զայն կատարելու», յայտնեց Համաս շարժումը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնած է, թէ կառավարութենէն պիտի հեռանայ, եթէ Համասի հետ առաջարկուած գործարքը որդեգրուի:

Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին ըսած է. «Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման գործարքը կարելի է յառաջիկայ օրերուն գործադրել»` ընդգծելով. «Ասիկա վերջին առիթն է»:

«Միջնորդները մօտեցան յանձնուելու», նշեց աղբիւրը` աւելցնելով. «Հետագային ամերիկեան հետաքրքրութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութեան վրայ պիտի կեդրոնանայ»:

Բանակցութիւններէն լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնած է. «Համաս շարժումի յառաջիկայ հինգշաբթի օր նախատեսուած բանակցութիւններէն բացակայութիւնը մարտավարութիւն է` ճնշում բանեցնելու միջնորդներուն եւ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հրաժարի հիմնական պահանջներէն»:

Աղբիւրը նշած է. «Ժողովը պիտի գումարուի»:

«Ոչ ամէն բան կախեալ է Իսրայէլի եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ փոխզիջում կատարելու փափաքէն եւ պատրաստակամութենէն», ըսած է լաւատեղեակ աղբիւրը` նշելով. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարը հետաքրքրուած չէ գործարքով, սակայն հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, եւ շարք մը կէտերու մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:

 

Նախորդը

Փութին. «Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պէտք Է Հակառակորդը Քուրսքի Շրջանէն Դուրս Մղէ»

Յաջորդը

«Իսրայէլեան Հետախուզութեան Գնահատականին Համաձայն, Իրանի Յարձակումը Կրնայ Հինգշաբթի Օր Բանակցութիւններէն Առաջ Տեղի Ունենալ» Կը Գրէ «Աքսիոս»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.