Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սպառնալիքներ Եւ Համաձայնութիւններու Ուրուագիծեր

August 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան, արաբական եւ իսրայէլեան մամուլի երէկուան հրապարակումները տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող լարուած մթնոլորտի լիցքաթափման նախադրեալներ կը պարփակէին:

Այսպէս. ամերիկեան նիւթերը կը վերաբերէին Իրանի որոշումի վերատեսութեան ենթարկման: Ըստ այդ կանխատեսումներուն, Թեհրանը ականջալուր կ՛ըլլայ ամերիկեան յիշեցումին, որ Հանիէի սպանութեան գործողութիւնը չէ խլած իրանցի զոհեր, ինչ որ պատասխան հարուածին  սահմանափակ բնոյթ պէտք է ապահովէ:

Այլ լրատուամիջոցներ ամերիկեան աղբիւրներ կը վկայակոչէին ընդգծելու համար, որ Իրանը ընկալած է Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու իրեն փոխանցուած ուղերձները:

Քուէյթեան լրատուամիջոցներու փոխանցածը ուշագրաւ էր: Այն առումով, որ կը խօսէր գոյացած համաձայնութեան մասին, ըստ որուն` պատասխանները պիտի ըլլան սահմանափակ, եւ կողմերը պիտի խուսափին լայն պատերազմէ:

Իսրայէլեան լրատուադաշտի արձագանգները նոյնիսկ համահունչ էին ամերիկեանին եւ արաբականին: Անոնց համաձայն,  Իսրայէլի քաղաքական ղեկավարութեան կարծիքով` գործարքի կնքման հաւանականութիւնը բարձր է:

Երեք տարբեր միջավայրերու մէջ  թողարկուած այս լրատուութիւնները կը խօսին հաւանական համաձայնութեան մը կայացման մասին:

Մինչեւ վերջերս միջազգային, շրջանային թէ առնչուած երկիրներու տեղական լրատուամիջոցները կեդրոնացած էին փոխսպառնալիքներու, ուժգին հակահարուածներու եւ բաց պատերազմի հաւանականութիւններուն վրայ:

Հիմա գործարքներու նախադրեալներ կը շրջանառուին` սահմանափակ պատասխաններու, պատանդներու ազատ արձակման, զինադուլի հաստատման եւ երկխօսութեան ձեռնարկման կէտերով:

Հակադարձութիւններու ժամկէտներ կը ճշդուէին ամէնէն պատասխանատու դիրքերէ: Հակադարձութիւններու ուշացումը կ՛ենթադրէ կա՛մ նախապատրաստութիւն եւ յանկարծակիութեան գործօնի կիրարկում, կա՛մ ալ քուլիսային բանակցութիւններ, որոնց մասին հրապարակումներ կը կատարուին:

Այն լրատուամիջոցները, որոնք վտանգի ահաւորութեան եւ պատերազմի լայնածաւալման մասին մթնոլորտ ձեւաւորելու գործառոյթներ կ՛իրականացնէին, հիմա հաւաքական համաձայնութիւններու մասին լուրեր կը տարածեն:

Միայն լրատուամիջոցները չէ սակայն, որ մթնոլորտի թէժացման կը նպաստեն: Պետութիւններու պատուէրներով թռիչքներու ընկերութիւնները, դեսպանութիւնները, իրենց հրապարակած հաղորդագրութիւններով եւ յորդորներով կամ դիւանագիտական անձնակազմերու տարհանման գործողութիւններով:

Պայթունավտանգութիւնը անհրաժեշտ է բարձրակէտի հասցնել, որպէսզի մտածուի գործարքի առաջնորդուելու մասին` խուսափելու համար համընդհանուր կործանումի տանող ընտրանքներէ:

Այս բոլորով հանդերձ չեն բացառուիր, որ գործողութիւնները շարունակուին, գուցէ նաեւ նոր թէժացումներով եւ նոր կանոններով ու տարողութիւններով:

Անկախ մամուլէն եւ անուղղակի փոխանցումներէն կայ պաշտօնական մէկ լրահոս, որուն վրայ կ՛արժէ կեդրոնանալ: Խօսքը կը վերաբերի Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի յայտարարութեան, որ կ՛ըսէ, թէ Պաղեստինը պատրաստ է Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաժողովի շրջանակներուն մէջ բանակցելու վերջնական կարգավիճակի շուրջ:

Անշուշտ այս պատրաստակամութիւնը յստակացուած է որոշ պայմաններով` Պաղեստինի ազգային վարչակազմը պատրաստ է իրականացնելու իր գործառոյթները Կազայի հատուածի տարածքին մէջ եւ կը պահանջէ  դադրեցնել Իսրայէլի կողմէ բոլոր միակողմանի թշնամական գործողութիւնները Յորդանան գետի արեւմտեան ափին եւ  Երուսաղէմի մէջ:

Պաղեստինի նախագահը յիշած է, որ 149 պետութիւն ճանչցած են Պաղեստինը, եւ թէ պաղեստինեան տեսլականի մասին իրենց պատրաստած ճանապարհային քարտէսը ուղարկած են Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդին:

Այս բոլորին մէջ պէտք է յիշել, որ Չինաստանի միջնորդութեամբ հանդիպումներ կայացած էին Ռամալլայի եւ Կազայի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Պաղեստինի նախագահը կ՛ակնարկէ, որ ազգային վարչակազմը պատրաստ է իրականացնել իր գործառոյթները Կազայի հատուածին մէջ:

Մինչեւ այս բոլորը սակայն, նախ` զինադուլը Կազայի մէջ: Զինադուլի համաձայնագիրին կէտերը մշակած են միջնորդներ` Ուաշինկթընը, Գահիրէն եւ Տոհան: Իսկ զինադուլի բանակցութիւններուն համար Համասը պաշտօնապէս յայտարարեց իր կողմէ բանակցողին անունը:

«Ա.»

Նախորդը

«Իրան Կողմնակից Է Ապաշրջափակման, Սակայն Ատիկա Պէտք Է Տեղի Ունենայ Հայաստանի Գերիշխանութեան Տակ» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 166-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.