Ակնարկ. Յենակէտ Յենակէտի Դիմաց` ՄԱԿ-ի 51-րդ Յօդուածի Սահմաններուն Մէջ
Իրանեան հրթիռային յարձակումը Իսրայէլի տարածքին մէջ գտնուող ռազմական յենակէտերուն վրայ մագլցումի նոր աստիճանաչափ արձանագրեց: Առաջին անգամը չէ, որ արտատարածքայինէն տարածքայինի, այլ խօսքով` փրոքսիէն ուղիղի անցում կը կատարուի: Ապրիլին իսրայէլական անօդաչուներու խմբաքանակի ուղարկումը իրանեան տարածքներ եւ անոնց համարժէք պատասխանը փոխեցին ռազմախաղի կանոնները: Այս անգամուանը սակայն ի տարբերութիւն ապրիլեան բախումներուն, աւելի տարողունակ է եւ հեռահար հրթիռներու տեսքով է, փոխան անօդաչուներու: Իրանի յեղափոխական...




















