Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներ` Լիբանանի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Նախագիծին Եւ Բանակցութիւններուն Մասին

November 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հրապարակեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարի հաստատման հաւանական համաձայնութեան նախագիծէն սպրդած հատուածներ, որոնք կը ներառեն համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք իսրայէլեան բանակին 60 օր տեւողութեամբ պայմանաժամ` ամբողջացնելու հարաւային Լիբանանէն իր հեռացումը, եւ երկու կողմերէն յանձնառութիւն գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ 1701 որոշումները:

Ըստ տեղեկութեան, համաձայնութիւնը նաեւ կը ներառէ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յաւելուած մը, որ կը վերաբերի «անմիջական սպառնալիքներու» կամ «համաձայնութեան ոտնահարման» հակադարձելու համար իսրայէլեան բանակին գործելու ազատութեան աջակցութեան նկատմամբ ամերիկեան երաշխիքներու:

Համաձայնութիւնը, ըստ սպրդած նախագիծին, ճամբայ կը հարթէ ցամաքային սահմաններու սահմանագծման վերաբերեալ ապագայ ոչ ուղղակի բանակցութիւններու: Երկու կողմերը Միացեալ Նահանգներուն եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեն աջակցելու ցամաքային սահմանագծման վերաբերեալ անուղղակի բանակցութիւններուն` «հասնելու համար Կապոյտ գիծին վրայ հիմնուած տեւական կարգաւորման»:

Համաձայնութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք, «Հըզպալլան ու Լիբանանի մէջ բոլոր զինեալ խմբաւորումները Իսրայէլի դէմ պիտի չգործեն», որուն դիմաց Իսրայէլ կը խոստանայ «Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող թիրախներու դէմ գործողութիւններ չկատարել, ներառեալ քաղաքային եւ կառավարական թիրախները»:

Նախագիծին մէջ կը նշուի. «Լիբանանեան բանակը պիտի տեղակայուի բոլոր ցամաքային ու ծովային սահմանային անցակէտերուն վրայ, ըլլան անոնք պաշտօնական կամ ոչ պաշտօնական», եւ պիտի ստեղծուի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը` «հսկելու համար համաձայնութեան հաւանական ոտնահարումներուն», եւ յանձնախումբին առաքելութիւնը պիտի ներառէ «ահաբեկչական դիրքերու, գետնի երեսին կամ տակ ահաբեկչական ենթակառոյցներու կազմաքանդման վերահսկում»:

Թել Աւիւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ «Ամերիկեան երաշխիքներու յաւելուած»-ը կը նշէ. «Իսրայէլ իրաւունք ունի Լիբանանէն եկող անմիջական սպառնալիքներուն դէմ գործելու: Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու եւ հիւսիսային սահմաններուն վրայ իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու: Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը դառնան իր անվտանգութիւնը պաշտպանելուն մէջ Իսրայէլին օգնելու»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը կը նշէ, որ համաձայութեան մէջ գոյութիւն ունին տարակարծութեան նիւթ եղող կէտեր, որոնց գլխաւորը այն կէտն է, որ Իսրայէլին Լիբանանի մէջ «անմիջական սպառնալիքներու դէմ գործելու իրաւունք» կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ «Ուաշինկթընի` ոտնահարումներուն հսկողութեան յատուկ յանձնախումբին վերահսկողութեան», կէտ մը, որ Լիբանան կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու Իսրայէլի նկատմամբ բացարձակ կողմնակալութեան ու աջակցութեան լոյսին տակ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան պիտի նախագահեն համաձայնութեան վերահսկողութեան խումբին` առանց որեւէ կողմի առարկութեան»:

Ձայնասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան բանակցութիւններուն մէջ հիմնական տարակարծութիւնը համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութեան անդամակցութեան շուրջ է»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն. «Լիբանանի հետ զինադադարի առաջարկին մանրամասնութիւններուն մեծամասնութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի: Կը մնան կարգ մը առկախ կէտեր, որոնք կրնան համաձայնութիւնը ձախողցնել»:

«Գնահատականները ցոյց կու տան, թէ յառաջիկայ շաբաթը Լիբանանի հետ համաձայնութեան հասնելու համար վճռորոշ պիտի ըլլայ», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:

Կայանը նաեւ հաղորդեց. «Իսրայէլ որեւէ խախտումի հակադարձելու իրաւունքի պահանջին վրայ կը պնդէ, Ուաշինկթընէն համաձայնութեան կից խոստումի նամակ եւ արեւմտեան պետութիւններու աջակցութիւնը կը պահանջէ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ գտնուող իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ գլխաւոր տարակարծութիւնը Հըզպալլայի կողմէ համաձայնութեան որեւէ խախտումի դէմ իսրայէլեան բանակի ազատօրէն գործելու իրաւունքին շուրջ է:

Քաղաքական պաշտօնատար մը կայանին յայտնած է, թէ անհաւանական է, որ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի Իսրայէլ այցելութեան ընթացքին որեւէ համաձայնութեան յայտարարութիւն կատարէ, սակայն մօտաւորապէս մէկ շաբաթէն պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ համաձայնութեան մը գոյացման նկատմամբ «զգուշաւոր լաւատեսութիւն» գոյութիւն ունի:

Պատկերասփիւռի կայանի 14-րդ կայանին համաձայն, երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութեան կէտերու 80-էն 90 առ հարիւրին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, սակայն գլխաւոր կէտը, որուն շուրջ համաձայնութիւն չկայ, իսրայէլեան բանակի գործելու ազատութիւնն է:

Ըստ կայանին, կրնայ ի վերջոյ զինադադարի պաշտօնական դադրեցում չըլլալ, սակայն Իսրայէլ պիտի յայտարարէ, որ պիտի հակազդէ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ խախտումի, իսկ Հըզպալլան պիտի յայտարարէ, թէ այդ իրաւունքը չի ճանչնար, սակայն գործնական գետնի վրայ Լիբանանի մէջ կռիւը պիտի դադրի:

Նախորդը

Պըրրի. «Մեր Պարտականութիւնը Կատարեցինք. Կը Գտնուինք Վճռորոշ Օրերու Դիմաց, Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բարեփոխում Չկայ»

Յաջորդը

Հոքշթայն Թել Աւիւի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Նեթանիահուի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.